ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ՄԱՔՐՈՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի հետ: Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան Երեւան-Փարիզ ռազմավարական գործընկերութեան վերաբերեալ հարցեր: Փաշինեան եւ Մաքրոն վերահաստատեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու հետեւողական զարգացման եւ համագործակցութեան ընդլայնման փոխադարձ պատրաստակամութիւնը:

Փաշինեան Մաքրոնին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ Ֆրասնայի կողմէ Հայաստանի ժողովրդավարական բարեփոխումներու օրակարգին շարունակական աջակցութեան համար: Վարչապետը ընդգծեց նաեւ երկկողմանի առեւտրատնտեսական համագործակցութեան խորացման եւ Հայաստանի արտածման հնարաւորութիւններու ընդլայնման կարեւորութիւնը: 

Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան խորացման ընթացքին, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի հարցերուն:

Երկու ղեկավարները քննարկեցին Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացը: Անոնք ընդգծեցին Հարաւային Կովկասէ ներս կայուն եւ տեւական խաղաղութեան հաստատման կարեւորութիւնը:

Երկուշաբթի, Յուլիս 27, 2026