ՓՈՒԹԻՆ-ԱԼԻԵՒ ԶՐՈՅՑ

Երէկ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ տեղի ունեցաւ հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին անոնք անդրադարձան միջազգային օրակարգի արդի հարցերուն: Նախագահները քննարկեցին նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքը: Կողմերը ընդգծեցին Ռուսաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու շինիչ բնոյթը, ինչպէս նաեւ կառավարութիւններու եւ այլ ոլորտային պետական մարմիններու մակարդակով երկխօսութեան աշխուժացումը: 

Փութին-Ալիեւ զրոյցի ընթացքին նաեւ վերահաստատուեցաւ Մոսկուա-Պաքու փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութեան ապագայ ընդլայնման ուղղութեամբ յանձնառութիւնը:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2026