Հինգշաբթի 30, Յուլիս 2026
ՏԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ
Էմիլ Զոլա համոզուած է, թէ ոչինչ միտքը կրնայ զարգացնել՝ քան ճամբորդութիւնը:
Անզէն աչքով վկայութիւնը, ուղիղ շփումը անփոխարինելի եղած են մարդու հորիզոններու ընդլայնամ առումով: Ծանօթութիւնն ու անոր ապահոված տեղեկութիւնը կը պայմանաւորեն ամէն տեսակ գիւտ: Պատմութիւնը լի է համապատասխան վկայութիւններով: Տեղափոխութիւնները, ըստ էութեան, մարդը սեփական միջավայրէն դուրս բերելէ աւելի՝ կը ծառայեն իր կաղապարներէն, պատեանէն դուրս բերելու:
«Այսօր ամէն ինչի ձեւաչափը փոխուած է՝ ներառեալ ընթերցելը, ճամբորդելը, ծանօթանալը, շփուլիը…»:
Արդեօք Զոլան ի՞նչ պիտի մտածէր՝ քաղաքներու առցանց շրջագայութիւններուն մասին: ՀԱՐՍՏԱՑՈՒՑԻ՞Չ…
Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2026