ՏՊԱՒՈՐԻՉ ԵՒ ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ
Երեւանի մէջ կազմակերպուած «COP-17» կենսաբազմազանութեան գագաթաժողովը կը մօտենայ իր աւարտին։ Վաղը համաժողովը պաշտօնապէս պիտի եզրափակուի։ «COP-17» համաժողովը վերջին շուրջ տասն օրերու ընթացքին անմիջական ուշադրութեան արժանացաւ՝ բազմաբովանդակ քննարկումներու հարթակ մը դառնալով երկրագունդի ընդհանուր կացութեան մտահոգիչ հեռանկարներուն կապակցութեամբ։
Մինչ այդ, «COP-17» առիթ հանդիսացաւ նաեւ գեղարուեստական ճոխ յայտագրի մը գործադրութեան։ Իսկապէս անմոռանալի դրուագներ պարզուեցան՝ համաժողովի շրջանակներէն ներս կազմակերպուած զանազան բարձրորակ ձեռնարկներու ժամանակ։ Այդ վար պահերը քանդակուեցան մասնակիցներու յիշողութեան մէջ։ Համաժողովի սկզբնական փուլէն մինչեւ վերջին օրը գեղարուեստը պակաս չէր ընդհանուր մթնոլորտէն։ Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին ներկայացուած՝ հայկական աւանդական ոճով ու ձեւերով հիւսուած պարերուն առընթեր, երէկ ալ Երեւանի մէջ ելոյթ մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն «Moveius Contemporary Ballet» խումբը։ Հայաստանի կառավարութեան հրաւէրով Երեւան մեկնած էր այս խումբը, որու ելոյթը տեղի ունեցաւ «Յակոբ Պարոնեան» երաժշտական երգիծական պետական թատրոնի բեմին վրայ։