ՏԱՐՐԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐԱՑՈՒՄ
Սպանիոյ Սոֆիա թագուհին այսօր կ՚աւարտէ դէպի Հայաստան իր այցելութիւնը։ Երէկ, ան այցելեց Գառնիի հեթանոսական տաճարն ու յարակից «Քարերու համանուագ» բնական յուշարձանը։ Իրեն ընկերացաւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեան։
Շրջայցի ընթացքին թագուհին ծանօթացաւ Գառնիի մեհեանի տարածքին, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններ ստացաւ Հայաստանի հելլենական ժամանակաշրջանի ճարտարապետութեան բացառիկ այս յուշարձանի պատմութեան ու նշանակութեան կապակցութեամբ։ Իր տեսակէտէ ուշագրաւ էր նաեւ «Քարերու համանուագ» բնական յուշարձանի տարածքը, որ ընդգրկուած է Հայաստանի բնութեան յատուկ պահպանուող տարածքներու ցանկին վրայ։
Բաց աստի, Սպանիոյ Սոֆիա թագուհին երէկ այցելեց նաեւ Գեղարդի վանական համալիր։ Իրեն միշտ կ՚ընկերանար նախարար Ժաննա Անդրէասեան։ Ան շրջայց մը կատարեց վանական համալիրէն ներս, ուր ծանօթացաւ միջնադարեան հայկական ճարտարապետութեան այս բացառիկ յուշարձանի պատմութեան եւ առանձնայատկութիւններուն։ Թագուհին ունկնդրեց հոգեւոր երաժշտութիւն՝ հաղորդակից դառնալով հայ ժողովուրդի հոգեւոր եւ մշակութային հարուստ ժառանգութեան։
«Գեղարդի վանք եւ Ազատ գետի վերին հովիտ» վայրին՝ որպէս մարդկութեան համար բացառիկ կարեւորութեամբ արժէք, ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կողմէ ուժեղացուած պաշտպանութեան կարգավիճակ շնորհուած է։ Գեղարդի վանքը եւ Ազատ գետի վերին հովիտը ներառուած են ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին՝ հանդիսանալով մարդկութեան համար առաւել մեծ արժէք ներկայացնող յուշարձան։
Այս բոլորէն վերջ, Սպանիոյ Սոֆիա թագուհին երէկ մասնակցեցաւ Երեւանի մէջ կազմակերպուած՝ «Արքայազն Թալալ» մարդկային զարգացման միջազգային մրցանակի յանձնման հանդիսաւոր արարողութեան, որուն ներկայ էր նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ Այս վերջինը հանդէս եկաւ նաեւ ելոյթով մը։
Սոֆիա թագուհիի այցելութեան ծրագրի եզրափակիչ փուլին նախատեսուած են նաեւ այլ շարք մը միջոցառումներ՝ Հայաստան-Սպանիա բարեկամական կապերու ամրապնդման հետամուտ։