ԱՆԳԱՐԱ ԵՒ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻՆ ՆՇԵԼ ԻՐԵՆՑ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ 100-ԱՄԵԱԿԸ
Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Երկու ղեկավարները շօշափեցին երկկողմանի յարաբերութիւններուն ընթացքը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային իրադարձութիւնները։ Էրտողան դիտել տուաւ, որ յառաջիկայ տարի պիտի նշուի Անգարա-Ուաշիկնթըն դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 100-ամեայ յոբելեանը։ Թրքական կողմը պատրաստակամ է շարունակել աշխատանքը, որպէսզի յարաբերութիւնները զարգանան եւ համագործակցութիւնը բոլոր ուղղութիւններով նոր թափ ստանայ։
Նախագահ Էրտողան զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ Մեքքէի համատեղ պաշտպանութեան նորաստեղծ դաշինքին, Հիւրմիւզի ջրանցքի կացութեան եւ Եմէնի իրադարձութիւններուն։ Իր խօսքով՝ այս բոլորը կը գտնուին Թուրքիոյ ուշադրութեան կիզակէտին։ Առկայ խնդիրներու դիւանագիտական միջոցներով լուծման համար թրքական կողմը ջանք կը գործադրէ։
Ըստ Էրտողանի, Թուրքիա պատրաստակամ է խրախուսելու այն աշխատանքները, որոնք յառաջ կը տարուին Ռուսաստան-Ուքրայնա դիւանագիտական գործընթացը վերակենդանացնելու եւ պատերազմը ժամ առաջ կասեցնելու համար։
Իր կարգին, Տանըլտ Թրամփ Էրտողանին եւ թուրք ժողովուրդին շնորհաւորութիւններ յղեց Հանրապետութեան տօնին առթիւ։ Ան մաղթեց, որ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան գագաթաժողովը, որ յառաջիկային նախատեսուած է Թուրքիոյ մէջ, անցնի բարեյաջող։