ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԸՆՏՐԱՆՔՆԵՐԸ
Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը գտնուի հիմնական երկու ջրբաժանի առջեւ: Առաջինը կը վերաբերի Սահմանադրութեան փոփոխութեան, երկրորդը՝ ԵԱՏՄ-Եւրոմիութիւն ընտրանքին: Առաջինը՝ հանրաքուէով որոշելի: Երկրորդին համար Մոսկուայէն կը պահանջուի հանրաքուէ կազմակերպել:
Սահմանադրութիւն փոխելու համար պարզ է, որ գործող իշխանութիւնը անհրաժեշտ քուէները չունի Ազգային ժողովին մէջ: Ըստ վարչապետին՝ կը քննարկուին բոլոր միջոցները փոփոխութեան հանրաքուէն իրականացնելու համար: Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը, ըստ տրուած պարզաբանումներուն՝ Ատրպէյճանի պահանջը չէ. իբրեւ թէ անոնք հաստատած են, որ Սահմանադրութիւնը Հայաստանի ներքին խնդիրն է: Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը Պաքուի դիրքորոշումն է, սակայն, ո՛չ պահանջը: Այս բառախաղերը, անշուշտ, համոզիչ չեն: Ըստ էութեան, Պաքուն նախապայման դրած է խաղաղութեան պայմանագրի կնքումը Սահմանադրութեան փոփոխութեամբ, ինչ որ, ի դէպ, միակ նախապայմանը չէ:
Փորձ կը կատարուի համոզելու, թէ Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը գործող իշխանութիւններու քաղաքականութեան առանցքային ելակէտային խնդիրն է: Վարչապետին բառերով՝ պետականութեան յարատեւութիւնը ապահովող անշրջանցելի քայլ: Ասկէ կը հասկցուի, որ եթէ ժողովուրդը մերժէ Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը, ապա կասեցուցած կ՚ըլլայ մեր պետականութեան յարատեւութեան ընթացքը: Ուստի, Սահմանադրութեան փոփոխութեան դէմ քուէարկողները կը դառնան հակապետականներ եւ այսպէս շարունակ, նախկին վերագրումներով եւ մեղադրանքներով կը սպասուի ընտրարշաւային մշակոյթի նոր դրսեւորումներու շարքի մը:
Ըստ յայտարարութիւններուն՝ չէ բացառուած, որ տեղի ունենան խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններ: Կայ, սակայն, այլ տարբերակ մը: Ըստ Սահմանադրութեան յօդուած 204-ին՝ քաղաքացիական նախաձեռնութեան կարգով ներկայացուած օրէնքի նախագիծի վերաբերեալ հանրաքուէն:
1.- Եթէ Ազգային ժողովը կը մերժէ Սահմանադրութեան 109-րդ յօդուածի 6-րդ մասով սահմանուած կարգով ներկայացուած օրէնքի նախագծի ընդունումը, ապա մերժումէ յետոյ՝ վաթսուն օրուան ընթացքին, օրէնքի նախագծի ընդունման նախաձեռնութեան ընտրական իրաւունք ունեցող եւս երեք հարիւր հազար քաղաքացիի միանալու պարագային նախագիծը կը դրուի հանրաքուէի, եթէ Սահմանադրական ատեանը նախագիծը կը ճանչնայ Սահմանադրութեանը համապատասխանող:
Պարզ չէ տակաւին, թէ, ո՛ր ընտրանքին կը դիմէ ի վերջոյ իշխանութիւնը: Այս բոլորը ժամանակ կ՚ենթադրեն, անշուշտ, խաղաղութեան պայմանագրին ուղղութեամբ՝ մինչ այդ կրնան բազմանալ Պաքուի նախապայմանները: Հիմա արդէն Պաքուն կը պահանջէ ամբողջական տեղեկանք անհետ կորսուած իր զինուորներուն մասին: Այս ամբողջականը ժամանակի երկարաձգումի համազօր պահանջ է:
Ի տարբերութիւն առաջին ջրբաժանին՝ երկրորդը ըստ Մոսկուայի յայտարարութիւններուն՝ շատ սպասելու դիրքին մէջ չէ: Բայց մինչ այդ նայինք Սահմանադրութեան համապատասխան յօդուածին:
Յօդուած 205. Վերպետական միջազգային կազմակերպութիւններուն Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութեան եւ տարածքի փոփոխութեան հարցերով հանրաքուէները: Վերպետական միջազգային կազմակերպութիւններուն Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի փոփոխութեան վերաբերեալ հարցերը կը լուծուին հանրաքուէներու միջոցով:
Այս բաժինը կրնայ հարցական ստեղծել, թէ օրինակ՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան համար Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդը պէ՞տք է հանրաքուէով իր համաձայնութիւնը տայ: Իրաւականօրէն այդպէս չէ, սակայն: Սահմանադրութիւնը կ՚ըսէ վերպետական միութեան անդամակցութեան եւ տարածքի փոփոխութեան պարագային: «Եւ»ին տեղ եթէ «կամ» ըլլար, այդ պարագային հանրաքուէն անհրաժեշտ կ՚ըլլար: «Եւ»ը այստեղ կը պայմանաւորէ, որ երկու առաջադրանքը համատեղ ըլլալու պարագային է, որ հանրաքուէն անհրաժեշտ կ՚ըլլայ: Այլապէսով, Երեւանը որոշեց ԵԱՏՄ-ին անդամակցիլ առանց հանրաքուէի՝ գործադիրի որոշումով եւ օրէնսդիրի վաւերացումով: Մոսկուայի կողմէ ԵԱՏՄ-Եւրոմիութիւն ընտրանքին համար հանրաքուէի պահանջքը՝ ամենէն բարձր մակարդակով իրաւական հիմք չունի. խնդիրը քաղաքական է եւ ճնշումի միջոց պարզապէս:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը կարեւոր ընտրանքներու առջեւ կանգնած է: Քաղաքականօրէն կայ առնչութիւն երկու ընտրանքներուն միջեւ: Այս երկրորդի պարագային, սակայն, ճնշումի եւ նոյնիսկ պահանջուած ժամկէտի նեղութեան մէջ կրնայ պատահիլ միակողմանի որոշումը կամ Երեւանի արտաքսումը ԵԱՏՄ-էն: ԵԱՏՄ-էն դուրս եւ Եւրոմիութենէն տակաւին շատ հեռու գտնուող Հայաստանին նախընտրութեան կարելիութիւն չի մնար: Ընտրանքը պարտադրելու հարցը կը դրուի տնտեսական հսկայական առաւելութիւններէ զրկելով երկիրը՝ առանց երկրորդային կարելիութիւնները ապահոված ըլլալու:
Վերադառնանք առաջին ջրբաժանին եւ ըսենք, որ բացի քաղաքացիական ստորագրահաւաքէն, հանրաքուէին անհրաժեշտ քուէներ ապահովելու սահմանադրական պայմանական թիւը բաւական մեծ է (հանրաքուէի մասնակիցներու կէսէն աւելին, բայց ո՛չ պակաս, քան հանրաքուէներուն մասնակցելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներուն մէկ քառորդը): Բայց ատիկա պարտադիր է, նոյնիսկ եթէ հանրաքուէն որոշուի Ազգային ժողովով:
Սահմանադրական այս արգելքներն ու խոչընդոտները սկզբունքով Երեւանը պէտք էր օգտագործէր արտաքին ճնշումներուն եւ այս պարագային Պաքուէն փոխանցուող պահանջքներուն չենթարկուելու համար: Այդպէս չէ իրականութիւնը: Երեւան իր քաղաքականութիւնը վերածած է Պաքուի պահանջքները՝ պետականութեան յարատեւութեան կարգախօսին տակ: Այս շրջածիրին մէջ ալ չի բացառուիր, որ իշխանութիւնները ձեռնարկեն արտահերթ ընտրութիւններու: Անոնք խորհրդարանի կազմութեան օրէն իսկ արդէն կը խօսին օտար պետութեան հիպրիտային յարձակումներու հետեւանքով խորհրդարան հասած ընդդիմութեան մասին:
Պետականութեան յարատեւութեան կարգախօսը պէտք է ընկալել այս բոլոր կեղծ օրակարգերով եւ ժողովուրդը պետականամէտ-հակապետական նոր բաժանարար գիծերու յառաջացման փորձերով:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի