ՏՈԼՄԱՊԱՀՉԷԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին ընդունեց Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի եւ BlackRock-ի նախագահ Լաուրընս Ֆինքը։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Իսթանպուլի մէջ, Հանրապետութեան նախագահութեան Տոլմապահչէի գրասենեակի համալիրէն ներս։ Լաուրընս Ֆինք համաշխարհային տնտեսութեան, գործարար կեանքի յառաջատար դէմքերէն մին է։ 

Պաշտօնական աղբիւրները զրոյցի բովանդակութեան շուրջ որեւէ մանրամասնութիւն չեն հրապարակած։

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2026