ԱՆԹՈՆԻՕ ԿՈՒԹԵՐԵՍ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ԿԻՊՐՈՍԻ ԹՈՒՐՔ ԵՒ ՅՈՅՆ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Երէկ, Կիպրոսի հիմնախնդրի կարգաւորման տեսակէտէ տեղի ունեցաւ շատ կարեւոր իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես մէկտեղուեցաւ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան նախագահ Թուֆան Էրհիւրմանի եւ Յունական Կիպրոսի ղեկավար Նիքոս Խրիստոտուլիսի հետ։ Կղզիի միջանկեալ հատուածէն ներս, ՄԱԿ-ի բարիկամեցողութեան առաքելութեան գրասենեակի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որ տեւեց աւելի քան ժամ մը։

Եռակողմանի հանդիպման աւարտին մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Թուֆան Էրհիւրման, որ ընդգծեց, թէ ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի կղզի այցելութիւնը ի յայտ կը բերէ, թէ ՄԱԿ որքան մեծ կարեւորութիւն կը ցուցաբերէ այս խնդրին նկատմամբ։

Անգարայէն ալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակուեցաւ երէկուան հանդիպման կապակցութեամբ։ Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ Կութերեսի կողմէ անցեալ տարի սկիզբ տրուած գործընթացի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցած է հանդիպումը եւ թրքական կողմը յոյս ունի, թէ այդ մէկը պիտի նպաստէ վստահութեան կառուցման։ Միեւնոյն ժամանակ, նախարարութիւնը յիշեցուց, որ տասնամեակներէ ի վեր փորձուած եւ սպառած լուծման եզրերը այլեւս մնացած են անցեալի մէջ։

Իր կարգին, Թուֆան Էրհիւրման նշեց, որ Կութերեսի այցելութիւնը յոյս կը ներշնչէ եւ իրենք ալ պատրաստակամ են այս գործընթացին նպաստ բերելու։ «Այս անգամ տարբեր պիտի ըլլայ»ի մօտեցումը երէկուան հանդիպումով արդէն իրացուած է։ Թուֆան Էրհիւրման նշեց, որ երէկուան տեսակցութեան զուգահեռ՝ կողմերու ներկայացուցիչները պիտի շարունակեն շփման մէջ մնալ, իսկ ինքն ալ պատրաստակամ է անհրաժեշտութեան պարագային շաբաթը անգամ մը տեսակցելու Խրիստոտուլիսի հետ։

«Մենք լուծում կը փափաքինք եւ համոզուած ենք, թէ այդ լուծման հասնելու համար այս անգամ տարբեր բան մը պէտք է ընել», նշեց Էրհիւրման։

Հարկ է նշել, որ վերջին անգամ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար մը տասնվեց տարի առաջ այցելած էր Կիպրոս։

Հինգշաբթի, Յուլիս 30, 2026