Ուրբաթ 31, Յուլիս 2026
ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Երէկ, Անգարայի մէջ, ԱՔ կուսակցութեան Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու ընդունուեցաւ Թուրքիոյ կրօնից տեսուչ փրոֆ. Սաֆի Արփակուշի կողմէ։ Ջերմ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որու ընթացքին ծաւալուեցաւ անկեղծ զրոյց։
Կրօնից տեսուչը մեծ ուրախութիւն համարեց՝ Թուրքիոյ զանազան փոքրամասնական հաւաքականութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ մէկտեղուելու առիթներուն համար։ Ան ողջունելի նկատեց նաեւ երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլուի այցելութիւնը՝ մաղթելով, որ շփումները ըլլան յարատեւ։
Հինգշաբթի, Յուլիս 30, 2026