Հինգշաբթի 30, Յուլիս 2026
ՔՈ՞ՒՆԸ, ԹԷ ԱՆԿՈՂԻՆԸ
Ազդեցութիւններու բաց ըլլալը կամ ազդեցութիւններու ենթարկուիլը կեանքի էական նրբութիւններու շարքին են: Ազդեցութիւններուն բաց ըլլալը մարդուն կրնայ ապահովել ճկունութիւն մը, որ կէտ նպատակի ճանապարհին կրնայ վերանորոգել եռանդը, ինքնակատարելագործման խթան կրնայ դառնալ: Նոյնը չէ ազդեցութիւններու ենթարկուելու պարագան: Այստեղ չկայ ներշնչանք, այլ կայ յանձնուիլ: Ազդեցութիւններու ենթարկուիլը կ՚ենթադրէ չհարցաքննել, ինչ որ յղի է փլուզման վտանգի: Ինքնուրոյնութիւնը նախապայմանն է մոլորութիւնը կանխելու:
«Ես կը սիրեմ լաւ քուն մը՝ քան լաւ անկողին մը», կը շեշտէ Վիքթոր Հիւկօ:
Հինգշաբթի, Յուլիս 30, 2026