ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՀՌՉԱԿԱԳԻՐԸ ՀԱԿԱՊԵՏԱԿԱՆ Է»

Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին յայտնեց, թէ ո՛ր պարագային կ՚աւարտէ իր գործունէութիւնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով՝ կառավարութեան հերթական նիստէն վերջ, վարչապետը զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Այս առթիւ ան ըսաւ.

«Իմ նպատակն է, որ ես վարչապետի իմ գործունէութիւնը աւարտեմ այն պարագային, երբ խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրուած եւ վաւերացուած ըլլայ։ Եթէ սա չըլլայ, ես կը համարեմ այդ բանը ձախողում անձամբ ինձ համար»։

Բաց աստի, Նիկոլ Փաշինեան դարձեալ ընդգծեց, որ Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու պարագային անհրաժեշտ կը համարէ Անկախութեան հռչակագիրը դուրս թողել երկրի մայր օրէնքէն։ «Անկախութեան հռչակագրի թեքստը հակապետական է», համոզուած է վարչապետը։

Փաշինեան, որ նախօրէին, յարաբերաբար աւելի դրական կ՚արտայայտուէր խորհրդարանէ ներս Սահմանադրութեան փոփոխութեան օրակարգով ընդդիմութեան հետ համագործակցութեան հաւանականութեան շուրջ, երէկ, խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս տեղի ունեցած ահաւոր լարուածութեան եւ երեսփոխաններու միջեւ ծեծկռտուքին շուրջ։ Վարչապետը դիտել տուաւ, որ այս բոլոր դէպքերուն եւ ծեծկռտուքի պատասխանատուն ընդդիմութիւնն է։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 30, 2026