ՍՐՏԵՐԷ ՆԵՐՍ ԱՐՄԱՏՆԵՐ
Այսօր, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի կ՚ունենայ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան 13-րդ գագաթաժողովը, որու տանտէրն է Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան։ Պեշթեփէի համալիրի երդիքին տակ նախատեսուած է այս գագաթաժողովը, որու մասնակից ղեկավարները երէկ ներկայ գտնուեցան նաեւ Հանրապետութեան տօնին առթիւ կազմակերպուած հանդիսաւոր արարողութեան։ Մինչ թրքախօս աշխարհի սիրտը կը տրոփէ Անգարայի մէջ, նախագահ Էրտողան ուշադրութիւն հրաւիրեց, որ այս հարթութեան վրայ արդէն արմատներ խորացած են սրտերէն ներս։ Սոյն գագաթաժողովը կը զուգադիպի կառոյցի անդամ երկիրներու անկախութեան 35-ամեակի յոբելենական շրջանին եւ այս փուլին անոնք հետամուտ են թրքական դարու իտէալին։ Հարկ է նշել, որ գագաթաժողովէն կը բացակայի Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ։ Այս հանգամանքը կը համարուի ուշագրաւ՝ քանի վերջին շրջանին Անգարա-Պաքու առանցքին վրայ որոշ տարակարծութիւններ յառաջացած են։ Այս օրուան գագաթաժողովի աւարտին Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան շրջանային նախագահի պաշտօնը կը փոխանցուի Թուրքիոյ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփն ալ այս գագաթաժողովին առթիւ երէկ շնորհաւորական զանգ մը տուաւ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանին։ Այսպէսով, երկու ղեկավարները վերջին երկու օրերու ընթացքին արդէն երկրորդ անգամ հեռախօսազրոյց ունեցան։
Միւս կողմէ, այս օրուան գագաթաժողովի սկիզբէն առաջ, ըստ ընկալեալ սովորութեան՝ կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը տեղի ունեցաւ Անգարայի մէջ։ Այս առթիւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան նշեց, որ թրքական պետութիւններու միջեւ քաղաքական երկխօսութիւնն ու համատեղ վարուելու ընդունակութիւնը ամրապնդուած է։ Ան ընդգծեց, որ համատեղ պատմութեան, մշակոյթի եւ եղբայրութեան կապերու հիման վրայ շօշափելի համագործակցութիւն մը ստեղծուած է։