ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ
29 հոկտեմբեր 2026թ.
«ԺԱՄԱՆԱԿ» ՕՐԱԹԵՐԹԻ
ԳԼԽԱՒՈՐ ԽՄԲԱԳԻՐ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Յարգելի՛ պարոն Գօչունեան,
Իմ եւ «Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութեան անունով ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հիմնադրման 119-րդ տարեդարձին առթիւ։
Յիրաւի մեծ ու անուրանալի է ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի դերը հայ մամլոյ պատմութեան մէջ։ Աւելի քան մէկ դար օրաթերթի մէջ աշխատած գործի նուիրեալները անտրտունջ կարեւոր առաքելութիւն կ՚իրականացնեն՝ պահպանելով հայերէն խօսքը, ազգային ինքնութեան եւ մշակութային ժառանգութեան արժէքները, ներկայացնելով Իսթանպուլի հայ համայնքի կեանքն ու մտահոգութիւնները։
Անգնահատելի է օրաթերթի ներդրումը հայ լրագրութեան շարունակականութեան, հայապահպանութեան եւ հանրային խօսքի զարգացման գործին մէջ։ Տասնամեակներու ընթացքին այն դարձած է ո՛չ միայն իրադարձութիւններու հաւատարիմ տարեգիր, այլեւ հայութեան տարբեր սերունդներն ու համայնքները կապող կարեւոր հարթակ։
Այս նշանականալի տարեդարձին առթիւ կը մաղթենք Ձեզի եւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ողջ անձնակազմին նորանոր յաջողութիւններ, ստեղծագործական եռանդ, մասնագիտական ձեռքբերումներ եւ երկար տարիներու արդիւնաւէտ գործունէութիւն՝ ի նպաստ հայ մամլոյ զարգացման եւ հայ խօսքի յարատեւման։
Թող ԺԱՄԱՆԱԿ-ը շարունակէ իր հարուստ պատմութիւնը՝ նոր էջեր աւելցնելով հայ լրագրութեան տարեգրութեան։
Սիրով՝
ՆԱՐԻՆԷ ՆԱԶԱՐԵԱՆ
ՏՆՕՐԷՆ