ԹՈՒՐՔԻԱ ՄԻՇՏ ԿԸ ՊԱՇՏՊԱՆԷ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԻՆՔՆԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա կը ձգտի Մերձաւոր Արեւելքէ ներս կայունութեան, խաղաղութեան եւ համագործակցութեան մթնոլորտի։ Ան համոզուած է, թէ Անգարայի այս ձգտումէն առաւել չափով կրնայ օգտուիլ Պէյրութը։
Երէկ, Էրտողան Պեշթեփէի համալիրէն ներս հիւրընկալեց Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աունը։ Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ հիւր ղեկավարը դիմաւորուեցաւ եւ ընդունուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Երկու նախագահներու մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Էրտողան յստակ ձեւակերպումներով խօսեցաւ Թուրքիա-Լիբանան յարաբերութիւններուն եւ տարածաշրջանի իրադարձութիւններուն շուրջ։ «Լիբանան եղբայրական երկիր մըն է, որ երկար տարիներէ ի վեր տարածաշրջանի կարգ մը ուժերու մրցակցութեան եւ բախման դաշտին վերածուելով տուժած է ամենալուրջ ձեւով», համոզուած է նախագահը։
Ժոզէֆ Աուն, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թուրքիա, Էրտողանի դրուատալից արտայայտութիւններուն առարկայ դարձաւ։ Այսպէս, ան յայտնեց, որ Թուրքիոյ տեսակէտէ շատ հաճելի է Աունը հիւրընկալել՝ մանաւանդ, որ Լիբանանի նախագահ մը 17 տարուայ ընդհատումէ մը վերջ առաջին անգամ կ՚այցելէ Թուրքիա։ Էրտողան նշեց, որ Միշէլ Աուն միեւնոյն ժամանակ շատ փորձառու զինուորական մըն է։ Ուստի, իր նման անձնաւորութեան մը Լիբանանի պետութեան ղեկը ստանձնած ըլլալը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ՝ երկրէ ներս անվտանգութեան երաշխաւորման տեսակէտէ։ Էրտողան այս առումով յաջողութիւն մաղթեց Աունին։
Անգարայի մէջ հանրապետութեան նախագահը շեշտեց, որ Թուրքիա կը շարունակէ պաշտպանել Լիբանանի ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը։
Համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Էրտողան տեղեկացուց, որ Աունի հետ մասնաւորապէս անդրադարձած են Լիբանանի հարաւէն ներս առկայ Իսրայէլի բռնագրաւումին եւ տարածաշրջանային իրադարձութիւններու։ Էրտողան դիտել տուաւ, որ թրքական կողմը ուշադրութեամբ կը հետեւի՝ Միշէլ Աունի վերջին շրջանի դիւանագիտական նախաձեռնութիւններուն։ «Մենք արժեւորեցինք, որ այդ նախաձեռնութիւնները ինչպիսի նպաստ մը կրնան ապահովել իրենց համար։ Արծարծեցինք նաեւ, որ երկկողմանի մեր յարաբերութիւնները զանազան ոլորտներէ ներս ինչպէս կրնանք զարգացնել։ Այս առումով պիտի շարունակենք մեր աջակցութիւնը, որպէսզի Լիբանանի հաստատութենական ներուժը բարձրանայ։ Պիտի շարունակենք Լիբանանի ի նպաստ մարդասիրական եւ թեքնիք մեր օժանդակութիւնները։ Բաց աստի, համոզուած ենք, թէ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ զարգացող երկխօսութեան տեւականացումը երկու երկիրներուն տեսակէտէ ալ նպաստաւոր պիտի ըլլայ։ Բարդ անցեալով այս երկու երկիրներուն յարաբերութիւններուն ամրապնդման համար պիտի շարունակենք մեր նպաստը բերել», ըսաւ Էրտողան։
Աունի հետ սարքած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ Էրտողան նշեց, որ Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ յարձակումներու պարագային ամենահզօր հակազդեցութիւն ցոյց տուած երկիրը առաջին իսկ օրէն եղած է Թուրքիան։ Իր կարգին, Միշէլ Աունն ալ Անգարայի մէջ յայտնեց, որ ձեւաւորուած է ամուր քաղաքական կամք մը՝ ի նպաստ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն եւ տարածաշրջանի կայունութեան։ Ան համոզուած է, թէ Թուրքիա-Լիբանան եղբայրութիւնը շատ կարեւոր է եւ յառաջիկայ շրջանին ապագայի կառուցման ուղղութեամբ մեծ դեր կրնայ խաղալ։