ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ԲԵՐԿՐԱՆՔ

«Արդ եթէ Քրիստոսին հետ յարութիւն առիք, ուրեմն վերի բաները փնտռեցէ՛ք՝ ուր Քրիստոս կը նստի Աստուծոյ աջ կողմը». (ԿՈՂՈՍ. Գ 1)։

Յարութիւն առնելու մասին մեր տեղեկութիւնները աւելի մեր մարմնաւոր կեանքին կը վերաբերուին։ Մարդու բարոյական-հոգեւոր կեանքի փոփոխման համար ալ՝ յարութիւն առնելը իր նշանակութիւնը ունի, զոր օրինակ, երբ տգէտ մարդ մը իր անգիտութենէն գիտութեան հասնի, կը նշանակէ, որ ան «յարութիւն առաւ», այսինքն՝ մէկ վիճակէ ուրիշ վիճակի փոխուեցաւ, կամ՝ խաւարի մէջէն լո՛յսի մէջ։ Բարոյական կեանքէ դուրս ինկած մէկը, եթէ իր այնպիսի ընթացքէն յանկարծ ետ մնայ եւ բարւոք կենցաղավարութեան դառնայ, կը նշանակէ՝ որ ան «մեռած տեղէն կենդանացաւ», այսինքն՝ մեռած գործերուն մէջէն յարութիւն առաւ եւ նոր կեանք ստացաւ։ Թէպէտ լաւ եւ բարի կեանքէն դէպի վատը անցնիլն ալ փոփոխութիւն է, սակայն, այս անկում եւ կորուստ է եւ այս կորստեան եւ անկման փոփոխութիւնը «յարութիւն առնել» չ՚անուանուիր, այլ՝ սոսկալի անկում, կամ բարոյական մեռելութի՛ւն։ Արդարեւ, քրիստոնեաներու համար երկու տեսակ «յարութիւն առնել» գոյութիւն ունի. մէկը՝ բարոյական եւ կրօնական յարութիւնը, որով «քրիստոնեայ» անուանումը կը ստացուի, իսկ միւսը՝ մարմնապէս մեռնելէն յետոյ առնուած յարութիւնը։

«Մարմին» բառը կը բնորոշէ մարդը իր տկարութեան, թերութիւններու եւ մահկանացու հանգամանքով։ Իսկ «մարմինին յարութիւնը» կը նշանակէ, թէ մահէն ետք ո՛չ միայն անմահ հոգին իր կեանքը պիտի ունենայ, այլ նաեւ «մահկանացու մարմիններ»ն ալ պիտի վերակենդանանան։ Մեռելներէն յարութիւն առնելու՝ յարութեան դաւանանքը սկիզբէն իսկ քրիստոնեայ հաւատքին բաղկացուցիչ տարրը եղած է։ Ուստի, մեռելներուն յարութիւնը քրիստոնեաներուն մօտ անխախտ համոզում է, եւ այս հաւատքը կեա՛նք կու տայ։

Մեռեալներուն յարութիւնը Աստուծոյ կողմէ Իր Ժողովուրդին հետզհետէ յայտնուեցաւ։ Մեռեալներուն իրենց մարմինո՛վ յարութեան յոյսը ինքզինք պարտադրեց իբրեւ ներհուն հետեւանք Աստուծոյ հաւատքին. այն հաւատքին, ըստ որուն՝ Աստուած արարիչ է հոգիով եւ մարմինով ամբողջական մարդ։ Եւ ոչինչէն ստեղծող Աստուած, անշուշտ, կարող է արդէն ստեղծածը վերաստեղծել՝ ան ինչ վիճակի մէջ ալ ըլլայ։ Այս պարագային երբեք պէտք չէ՛ մոռնալ՝ Աստուծոյ ամենակարողութիւնը եւ պէտք չէ՛ համեմատել զԱյն մարդուս հետ։

Փարիսեցիներ եւ Տիրոջ ժամանակակից շատ մարդիկ յարութեան յոյսը ունէին արդէն։ Յիսուս ալ զայն կ՚ուսուցանէ հաստատ կերպով։ Իսկ յարութիւնը մերժող սադուկեցիներուն Յիսուս կը պատասխանէ. «Դուք ամէնքդ ալ մոլորած էք, դուք ո՛չ Սուրբ Գիրքը գիտէք, ոչ ալ Աստուծոյ զօրութիւնը». (ՄԱՐԿ. ԺԲ 24)։

Արդարեւ, յարութեան հաւատքը կը հիմնուի հաւատքին վրայ այն Աստուծոյ. «որ Աստուածն է ո՛չ թէ մեռեալներուն, այլ՝ կենդանիներո՛ւն». (ՄԱՐԿ. ԺԲ 27)։

Բայց աւելին կայ. Յիսուս յարութեան հաւատքը Իր իսկ անձին կը զօդէ. «Ե՛ս եմ Յարութիւն եւ կեանք». (ՅՈՎՀ. ԺԱ 25)։ Եւ Յիսուս Ի՛նք կենդանի օրինակը եղաւ Յարութեան, եւ այն՝ ի՛նչ որ Յիսուս ցոյց տուաւ մարդկութեան, ճշմարտութի՛ւն է։ Յիսո՛ւս է որ «վերջին օրը» պիտի յարուցանէ անոնք՝ որ հաւատացին Իրեն, քանի որ Ի՛նքն է Յարութիւնը։ Այս բանին նախանշանը եւ գրաւականն է որ Յիսուս այժմէն իսկ կու տայ՝ վերստին կեանք պարգեւելով կարգ մը ննջեցեալներու. (ՄԱՐԿ. Ե 21-49), (ՂՈՒԿ. Է 11-17), (ՅՈՎՀ. ԺԱ), միանգամայն աւետելով Իր իսկ Յարութիւնը, որ սակայն տարբեր կարգի պիտի պատկանի։ Արդարեւ, իր տեսակին մէջ միակը եղող այս եղելութեան մասին Յիսուս կը խօսի իբր «նշանը Յովնանի». (ՄԱՏԹ. ԺԲ 39), «նշանը Տաճարին». (ՅՈՎՀ. Բ 19-22)։ Յիսուս Ի՛նք կ՚աւետէ թէ Իր մահուան երրորդ օրը Յարութիւն պիտի առնէ. (ՄԱՐԿ Ժ 34)։

Քրիստոսի վկայ ըլլալ՝ կը նշանակէ. «վկայ ըլլալ Անոր Յարութեան». (ԳՈՐԾ. Ա 22, Դ 33)։ Յարութեան վրայ քրիստոնեայի յոյսը՝ յարուցեալ Քրիստոսի հետ հանդիպումներուն ամբողջ դրոշմը կը կրէ։ Ուստի, մենք յարութիւն պիտի առնենք Իրեն պէս, Իրեն հետ եւ Իրմո՛վ, եւ ահա՛, այս է Յարութեան ուրախութիւնը։ Բայց թերեւս ոմանք հարցնեն. մեռեալները ինչպէ՞ս պիտի յառնեն, ի՞նչ մարմինով վերստին պիտի գան։ Ի՛նչ որ կը սերմանես, չի վերակենդանանար, եթէ նախ չմեռնի։ Եւ քու սերմանածդ վաղուան հասկը չէ, այլ մերկ հատիկը…։ Կը սերմանուի ապականացու, կը յառնէ անապական, որովհետեւ հարկ է որ ապականացու էակը ստանայ անապականութիւնը եւ մահկանացուն՝ կը ստանայ անմահութիւնը… (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԵ 35-37, 42, 52-53)։ Արդարեւ, այս «ինչպէս»ը կը գերազանցէ մեր երեւակայութիւնը եւ մեր հասկացողութիւնը. ան մեզի մատչելի կը դառնայ միա՛յն հաւատքով։ Սակայն Ս. Պատարագի խորհուրդին մեր մասնակցութիւնը մեր մարմինին կերպարանափոխութեան նախաճաշակը կու տայ մեզի Քրիստոսով։ Եւ այս ուղղութեամբ, բարոյա-կրօնական յարութիւնը անմիջական կապ ունի մեռելներու վերջին յարութեան հետ, քանի որ այս առաջին յարութիւնը մարդուս «ճանապարհ»ն է՝ որով մարդ իբր ճանապարհորդ երթալով կը մտնէ գերեզման, մարմինը կը մնայ այն տեղ Աստուծոյ վճռին համաձայն, թէ՝ «Հող էիր եւ հող դառնաս». իսկ հոգին կը վերանայ դէպի Աստուած։ Աստուծմէ մեռեալներու համար որոշուած կայաններու մէջ՝ մինչեւ համօրէն յարութեան ժամանակ, երբ մարմիններն ալ՝ Աստուծոյ ամենակարող զօրութիւնով կը յառնեն եւ հոգիներուն հետ միանալով՝ կը ստանան իրենց վճիռը։ «Արդարներու կեանք յաւիտենական, եւ մեղաւորներու տանջանք յաւիտենական». (ՄԱՏԹ. ԻԵ 46)։

Քրիստոսի հետ յարութիւն առնել երանութիւն է. բերկրանք, ուրախութի՛ւն։ Յարութիւնը երկնաւոր կեանքի արժանանալ կը նշանակէ՝ ուր Քրիստոս կը նստի Աստուծոյ աջ կողմը, այսինքն՝ որպէս Աստուած ճշմարիտ եւ Հօր եւ Սուրբ Հոգւոյ էակից, որ մարմնացաւ, մարդացաւ մեր փրկութեան համար, ուսուցանեց մեզի փրկութեան ճանապարհներ եւ աստուածգիտութեան ճշմարիտ եւ փրկարար խորհուրդներ, եւ Իրեն անարատ արիւնը հեղլով՝ ջնջեց մարդկային փառաւորեալ մարմնով Հօր աջ կողմը նստած կը բարեխօսէ իր հաւատացեալ եւ զինուորեալ Եկեղեցւոյ համար։ Ո՜րքան երջանկութիւն, ո՜րքան ուրախութիւն է Յիսուս Քրիստոսի շնորհիւ հասնիլ այսպիսի լուսաւոր եւ փառաւորեալ վիճակի, ո՜րքան ապահով է մեր հոգիներու փրկութեան ճանապարհը, ո՜րքան մեծ է հաւատոյ հիմնադիրը Յիսուս մեր Տէրը, ո՜րքան անբաւելի է անոր անսահման սէրը՝ Իրեն հետեւողներու վրայ եւ անճառելի եւ անմերժելի անոր բարեխօսութիւնը. բարեխօսութի՛ւն, որու մէջ կը պարունակուի Աստուծոյ անքննելի, անիմանալի մարդասիրութեան խորհուրդը։

Եւ ահա այս երանութեան, բերկրանքի հաղորդակից է ամէն հաւատացեալ, որ կը դաւանի Փրկիչը՝ Աստուծոյ Որդի եւ անոր խօսքերուն կը հետեւի որպէս Աստուծոյ բերնով խօսուած անսուտ պատուէրներ։

Ամէն մէկս յարութիւն պիտի առնենք Քրիստոսի տիպարով՝ Անոր հետ եւ միշտ պիտի խնդրենք վերինները, ինչպէս կ՚ըսէ առաքեալը, եւ այս յարութիւնը որ պիտի առնենք, մեր բարոյական եւ կրօնական կեանքի մէջ վերածնելու առաջին յարութի՛ւնն է, որ յաւիտենական կեանքի առհաւատչեան է։ Այս յարութիւնով մահացածներ կը բաժնուին մարմնական բոլոր արտակարգ ցանկութիւններէ եւ կը սրբուին հին աշխարհի ամէն աստուածընդդէմ մեղքերէ եւ նորոգուելով տաճար կը կազմուին ամենասուրբ Երրորդութեան։

Եկեղեցին հիմնուելով Քրիստոսի Յարութեան օրին հետ կապուած առաքելական աւանդութեան մը վրայ, Զատկական խորհուրդը կը հանդիսակատարէ շրջանին ութներորդ օրը՝ որ իրաւամբ կոչուած է «Տիրոջ օր» կամ կիրակի։ Քրիստոսի Յարութեան օրը «շաբաթուան առաջի օրը կը հանդիսանայ»՝ ի յիշատակ արարչագործութեան առաջին օրուան։ Կիրակին գերազանցօրէն ծիսական համախմբումին օրն է՝ ուր հաւատացեալները կը համախմբուին, որպէսզի յիշատակեն Յիսուսի ամբողջ կեանքը եւ Յարութիւնը։ Յարութիւնը ուրախութիւն է՝ շանորհաւո՜ր ըլլայ բոլորին ուրախութիւնը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Շաբաթ, Ապրիլ 4, 2026