ՎՐԱՍՏԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՋԱՆՔԵՐ

Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէ յայտարարեց, որ իր երկիրը նպատակ ունի Ռուսաստանի հետ ամրապնդելու հաղորդակցութեան ուղիները: Ըստ իրեն՝ Թիֆլիզ եւ Մոսկուա զանազան ուղղութիւններով աշխատանք կը տանին՝ ներառեալ առեւտրատնտեսական եւ մարդասիրական բնագաւառներէ ներս համագործակցութեան զարգացումը: 

Իրակլի Քոպախիծէ նշեց նաեւ, որ իր երկիրը միշտ կը ձգտի Եւրոմիութեան անդամակցելու, սակայն, առանց իր ինքնիշխանութիւնը զիջելու: Թիֆլիզէն հնչած այս յայտարարութիւններուն անմիջապէս արձագանգեց նաեւ Պրիւքսէլ: Եւրոմիութեան կողմէ տեղեկացուեցաւ, որ Վրաստանի անդամակցութեան գործընթացը փաստացիօրէն կասեցուած է: 

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2026