ՏԱՆԸԼՏ ԹՐԱՄՓԻ ՎԻՃԱԿԸ ԴԺՈՒԱՐԱՑԱՒ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած մասնակի ընտրութեան արդիւնքները այս օրերուն կը բնորոշեն միջազգային քաղաքական օրակարգը։ Այսպէս, ԱՄՆ-է ներս մասնակի ընտրութիւնները մեծ յուսախաբութեան մը համազօր եղան Հանրապետական կուսակցութեան տեսակէտէ, որ կրեց ծանր պարտութիւն մը։ Մասնակի ընտրութեան արդիւնքը բարդ վիճակ մը ստեղծած է նաեւ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի տեսակէտէ՝ քանի ան Հանրապետական մըն է։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, ԱՄՆ-ի թէ՛ Ներկայացուցչութեան տան եւ թէ Ծերակոյտի մէջ մեծամասնութեան հասաւ Դեմոկրատ կուսակցութիւնը։
Այս արդիւնքը դժուար կացութեան մը դէմ յանդիման թողած է նախագահ Տանըլտ Թրամփը՝ քանի ան Քոնկրէսէ ներս մեծամասնութիւնը կորսնցուցած է։ Յամենայնդէպս, Սպիտակ տան ղեկավարը պաղարիւն կ՚արձագանգէ իրադարձութիւններուն։ Ան տեղեկացուց, որ պատրաստ է մասնակի ընտրութեան արդիւնքը ընդունելու եւ աշխատելու դեմոկրատականներուն հետ։ Միեւնոյն ժամանակ, Թրամփ յայտնեց, որ չի ծրագրեր կառավարութեան կազմը փոփոխութեան ենթարկել։
Ընտրութեան արդիւնքով պայմանաւորուած համայնապատկերին վրայ Թրամփ տեղեկացուց նաեւ, որ յառաջիկային Իրանին դէմ նոր հարուածներ հասցնելու վերաբերեալ ծրագիր մը չկայ։
Միւս կողմէ, Փեքինի ղեկավարութիւնն ալ վերաբերմունք արտայայտեց՝ Ուաշինկթընի մէջ ստեղծուած նոր քաղաքական հաւասարակշռութիւններու լոյսին տակ։ Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ երկիրը պատրաստ է ԱՄՆ-ի մասնակի ընտրութենէն վերջ եւս շարունակել համագործակցութիւնը ԱՄՆ-ի հետ։
Միջազգային բեմահարթակի վրայ թէ՛ քաղաքական գործիչներ եւ թէ վերլուծաբաններ առաջնահերթօրէն կը մեկնաբանեն ԱՄՆ-ի մասնակի ընտրութեան արդիւնքը։ Այս ամբողջին մէջ կ՚ընդգծուի, որ մասնակի ընտրութեան արդիւնքը հզօր քաղաքական ազդանշան մըն է եւ նոր դարաշրջանի սկիզբ մը կը համարուի։ Այլ վերլուծութիւններու մէջ կան նաեւ ենթադրութիւններ, ըստ որոնց՝ աշխարհի վրայ ծայրայեղ աջակողմեան իշխանութիւններու անկման շրջանը կը սկսի։