ՀԱՄԱՏԵՂ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ՝ Անիի պատմական կամուրջի վերականգնման օրակարգով Թուրքիա-Հայաստան աշխատանքային խումբի երկրորդ հանդիպումը։ Պատմական Մետաքսի ճանապարհին մաս կազմած այս կամուրջի վերանորոգութեան ուղղութեամբ կողմերը արձանագրութիւն մը ստորագրած են՝ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս։ Սոյն համատեղ նախաձեռնութիւնը արդէն հայ-թրքական յարաբերութիւններու օրակարգի ամենաուշագրաւ գլուխներէն մին դարձած է՝ թէ՛ պատմական եւ թէ խորհրդանշական նշանակութեան առումով։
Աշխատանքային խումբի երկրորդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս։ Պաշտօնական աղբիւրները կը յիշեցնեն, որ Անիի պատմական կամուրջի համատեղ վերականգնման մասին 4 մայիս 2026 թուականին Երեւանի մէջ ստորագրուած էր արձանագրութիւն մը։ Կողմերը երէկուան ժողովին ընթացքին վերահաստատեցին այս արձանագրութեան կարեւորութիւնը եւ պայմանաւորուեցան՝ շարունակել ստորագրուած փաստաթուղթի շուտափոյթ իրագործման ուղղեալ քայլեր առնելու նպատակով։
Երեւանի մէջ կազմակերպուած Եւրոպական քաղաքական համայնքի ութերորդ գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս,անցեալ մայիսի 4-ին, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ստորագրուած էր սոյն փոխըմբռնման յուշագիրը, որու տակ ստորագրութիւն դրած էին գործընթացէն ներս երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչները՝ դեսպան Սերտար Քըլըչ եւ Ռուբէն Ռուբինեան, որ ներկայիս դարձած է Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ եւ այդ առաքելութեան մէջ յաջորդ մը պիտի նշանակուի իրեն համար։