ԴԷՊԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱՊԱԳԱՅ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-

Երեւանէ ներս արդէն ընթացքի մէջ է Համաշխարհային հայկական գագաթաժողով ՚26-ը, որու պաշտօնական բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան, իսկ այս առաւօտ սկիզբ առաւ գործնական աշխատանքը։ Աշխարհի յիսունհինգ երկիրներէ ութ հարիւր մասնակիցներով կ՚ընթանայ այս համահայկական հաւաքը, որու ընթացքին բազմակողմանի քննարկումներ կը ծաւալուին՝ դէպի հայութեան ընդհանուր ապագան։ Այս գագաթաժողովը հերթական առիթ մըն է՝ արժեւորելու համար հայութեան բազմազանութեան մեծ ներուժը։ Հայաստանի ղեկավարութիւնը, որ կը ջանայ սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու որակը ենթարկել փոփոխութեան ու դնել նոր հարթութեան մը վրայ, ծրագրած է այս հաւաքը վերածել նոր հնարաւորութիւններու եւ բովանդակալից քննարկումներու հարթակի մը։

Գագաթաժողովը տեղի կ՚ունենայ Երեւանի «Մերիտիան» կեդրոնէն ներս։ Ընթացիկ համալիրը երէկ հիւրընկալեց հաւաքի հոծ թիւով մասնակիցները, որոնք բացման պաշտօնական ընդունելութեան ընթացքին ունկնդրեցին Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ Սփիւռքի գործերու յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի ելոյթներուն։

Այս պատգամներուն մէջ ընդհանրապէս շեշտուեցաւ սփիւռքի կուտակած հարստութիւնը ապագային փոխանցելու անհրաժեշտութիւնը։ Արդարեւ, սփիւռքի պարագային Հայաստանը պէտք չէ սահմանափակել միայն յիշողութեամբ։ Երկիրը պէտք է դարձնել ազգային ներուժի խմորման եւ համախմբման կեդրոնի մը։ Համապատասխան միջավայրի մը ստեղծման պարագային, սփիւռքն ալ կրնայ մասնակցիլ երկրի ապագայի պատրաստութեան։

Ռուբէն Ռուբինեան երէկուան ելոյթին մէջ մէջբերեց մեծն Յովհաննէս Թումանեանի կոչը, թէ «Պէտք է լսել հայրենիքի ձայնը»։ Խորհրդարանի նախագահը համոզուած է, թէ այսօր նոր բովանդակութիւն մը պէտք է տալ այդ կոչին։ Ընդհանրապէս, Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան պէտք է տալ նոր բովանդակութիւն մը։ Արդարեւ, հայութեան մեծ ներուժը պէտք է համախմբել ընդհանուր ապագայի գաղափարին ու տեսլականին շուրջ։

Ռուբէն Ռուբինեան անդրադարձաւ նաեւ Երեւանի ղեկավարութեան «իրական Հայաստան» յղացքին, որ միանշանակ ընկալում չէ գտած։ Ան շեշտեց, որ «իրական Հայաստան»ը չի նշանակեր հրաժարիլ պատմութենէն, այլեւ խօսքը կը վերաբերի պետութիւնը կիզակէտ դարձնելու։

Համաշխարհային հայկական գագաթաժողովի բացման պաշտօնական երեկոյթի ընթացքին փառաշուք համերգով մը հանդէս եկան՝ Հայաստանի Պետական սենեկային նուագախումբն ու երգչախումբը՝ Ռուբէն Մլքէեանի մականին ներքեւ։ Հարկ է նշել, որ սոյն հաւաքը արդէն երրորդն է իր նմաններու շարքին։

 

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6, 2026