ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԱՆԹԱԼԻԱ ՊԻՏԻ ԳԱՅ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը պատրաստուի հերթական անգամ այցելել Թուրքիա։ Երէկ, կառավարութեան ժողովէն վերջ, զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ, Նիկոլ Փաշինեան տեղեկացուց, որ կը ծրագրէ մասնակցիլ «COP-31» համաժողովին, որ 9-20 նոյեմբերին նախատեսուած է Անթալիոյ մէջ, Թուրքիոյ հիւրընկալմամբ։ 

«COP-31» համաժողովը ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան հերթական համաժողովն է։ Իր տեսակին մէջ 31-րդ այս համաժողովը պիտի համախմբէ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէն ղեկավարներ՝ մանաւանդ, որ կլիմայի փոփոխութեան խնդրին հետեւանքները հետզհետէ աւելի ծանրակշիռ նշանակութիւն կ՚ունենան համայն աշխարհի տեսակէտէ։ 

«COP-31-ին մասնակցելու համար Անթալիա մեկնելու ծրագիր ունիմ», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6, 2026