ՓՈԽԱԴԱՐՁ ԱՆՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին: Միթէ Մոսկուայէն զգուշացումնե՞ր հնչեցին, թէ նուրբ հաւասարակշռութեան նոր փուլ մը կը սկսի: Առ հասարակ, հաւասարակշռութիւնը վտանգաւոր խաղ կը համարուի:

Ներկայ ամսուայ սկիզբին, Քրեմլինի մէջ տեղի ունեցաւ Փաշինեանի եւ Փութինի հանդիպումը, որու ընթացքին անոնք հանգամանօրէն քննարկեցին հայ-ռուսական յարաբերութիւններու վիճակը, տարածաշրջանային իրադարձութիւնները եւ Հայաստանի ներքին քաղաքական գործընթացները։ Փութին ընդգծեց, որ Հայաստանի քաղաքական գործընթացները եւ մօտալուտ ընտրութիւնները, բնականաբար, կը սրեն երկրի ներքին մթնոլորտը, սակայն, անոնք պէտք չէ ազդեն՝ երկու երկիրներու պատմական եւ ռազմավարական նշանակութեամբ յարաբերութիւններուն վրայ, որոնք ձեւաւորուած են դարերու ընթացքին եւ հիմնուած են ընդհանուր պատմութեան, համատեղ պայքարի եւ քաղաքակրթական ընդհանրութիւններու վրայ։ Ան նաեւ շեշտեց, որ Ռուսաստան կը շարունակէ առաջնորդուիլ հայ ժողովուրդի շահերով եւ ընդունելի կը համարէ այն բոլոր քայլերը, որոնք կը բխին այդ շահերէն։ Տնտեսական ոլորտին մէջ Փութին անդրադարձաւ առեւտրաշրջանառութեան զգալի աճին եւ Հայաստանի արտահանումներու ընդլայնման՝ յատկապէս գիւղատնտեսական արտադրանքներու գծով, ինչպէս նաեւ կարեւոր նկատեց ուժանիւթի ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը՝ ընդգծելով, որ ռուսական կազը Հայաստան կը մատակարարուի զգալիօրէն աւելի մատչելի գիներով Եւրոպայի բաղդատմամբ։ Ան նշեց նաեւ, որ Հայաստանը չի կրնար միաժամանակ լիարժէք կերպով ներգրաւուիլ թէ՛ Եւրոպական Միութեան եւ թէ ԵԱՏՄ-ի մէջ՝ տնտեսական կանոնակարգերու եւ շուկայի պահանջներու տարբերութեան պատճառով։ 

Անվտանգութեան հարցերուն անդրադառնալով Փութին նշեց, որ Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակը էականօրէն փոխուած է 2022-ի իրադարձութիւններէն ետք: Ան ակնարկեց, որ այդ հարցը այլեւս պէտք չէ դառնայ ներքին քաղաքական շահարկումներու առարկայ։ Իր խօսքին մէջ ան նաեւ յիշատակեց Ռուսաստանի մէջ բնակիչ բազմահազար հայ համայնքը եւ ընդգծեց, որ բոլոր քաղաքական ուժերը պէտք է մասնակցին Հայաստանի ներքին քաղաքական գործընթացներուն, միաժամանակ, շեշտելով՝ որ Ռուսաստան չի միջամտեր Հայաստանի ներքին գործերուն։

Իր հերթին, Փաշինեան նշեց, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւններու յագեցած օրակարգը կը պահանջէ շարունակական շփումներ։ Ան ընդգծեց, որ Ռուսաստան կը մնայ Հայաստանի կարեւոր գործընկերը եւ նոր աշխարհաքաղաքական իրողութիւններու պայմաններուն մէջ այդ յարաբերութիւնները կը շարունակեն զարգանալ։ Փաշինեան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն՝ նշելով, որ հաստատուած խաղաղութիւնը արդէն դրական ազդեցութիւն ունի տնտեսական կապերուն վրայ՝ ներառեալ երկաթուղային հաղորդակցութեան վերականգնումը, որ կը միացնէ Հայաստանը Ռուսաստանին՝ Ատրպէյճանի տարածքով։ Եւրոպական ուղղութեան մասին խօսելով՝ վարչապետը ընդունեց, որ ԵՄ-ի եւ ԵԱՏՄ-ի համակարգերը ամբողջովին համատեղելի չեն, սակայն, ընդգծեց, որ ներկայ փուլին կարելի է որոշակի հաւասարակշռութիւն պահել, իսկ վերջնական որոշումը կը պատկանի Հայաստանի քաղաքացիներուն։ Ուժանիւթի ոլորտի պարագային ան նշեց համագործակցութեան խորացումը՝ ներառեալ նորարարական ուղղութիւնները եւ արեւային ուժանիւթը: Ան յայտնեց, որ քննարկման մէջ է նոր աթոմակայանի կառուցման հարցը՝ զանազան միջազգային գործընկերներու մասնակցութեամբ։ Ան անդրադարձաւ նաեւ Ղարաբաղի հարցին՝ յայտարարելով, որ Հայաստանը ընդունած է տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը եւ հարցը այլեւս պէտք չէ շարունակուի՝ որպէս շարժում։ Միեւնոյն ժամանակ, Փաշինեան նշեց ՀԱՊԿ-ի հետ առկայ խնդիրները՝ յիշեցնելով, որ 2022-ի իրադարձութիւններուն համապատասխան արձագանգը բացակայ էր, ինչ որ ազդեց յարաբերութիւններուն վրայ։ Խօսքի աւարտին ան վերահաստատեց, որ Հայաստանը ժողովրդավարական երկիր մըն է, ուր քաղաքական գործընթացները բաց ու մրցակցային են: Ան վստահութիւն յայտնեց, թէ ընտրութիւններէն ետք պիտի ամրապնդուին ինչպէս ժողովրդավարութիւնը, այնպէս ալ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները: 

Այս հանդիպումը, իրականութեան մէջ, սովորական դիւանագիտական հանդիպում մը չէր, այլ կը բացայայտէր հայ-ռուսական յարաբերութիւններու նոր փուլը, ուր անոնք կը փորձեն պահպանել կապերը՝ փոխադարձ անվստահութեան աճող տարրերու պայմաններուն մէջ։ 

Առաջին կարեւոր հանգամանքը այն է, որ Վլատիմիր Փութինի շեշտադրումները ուղղակի կերպով կը նպատակադրեն ազդել Հայաստանի ներքին քաղաքական դաշտին վրայ։ Երբ ան կը խօսի ընտրութիւններու մասին եւ կը նշէ, որ անոնք պէտք չէ վնասեն երկկողմանի յարաբերութիւններուն, իրականութեան մէջ, ուղերձ կը յղէ հայկական քաղաքական ուժերուն, որպէսզի չշեղին ռուսական ուղղութենէն։ Այսինքն, Մոսկուա կը փորձէ կանխարգիլել աշխարհաքաղաքական շեղումը։ 

Երկրորդ՝ ԵՄ-ԵԱՏՄ անհամատեղելիութեան նիւթը պատահական չէ։ Սա ուղիղ նախազգուշացում մըն է Երեւանին, թէ «երկու աթոռի վրայ նստելու» քաղաքականութիւնը ունի սահմաններ։ Ռուսաստան կը հասկնայ, որ Հայաստան կը փորձէ բազմաբեւեռ քաղաքականութիւն մը վարել, բայց, կը ձգտի գծել կարմիր գիծ մը՝ յատկապէս տնտեսական եւ ուժանիւթի կախուածութեան միջոցով։ 

Երրորդ կարեւոր շեշտադրումը Ղարաբաղի հարցն է։ Փութինի մեկնաբանութիւնը փաստացի կը հաստատէ, որ Մոսկուա այլեւս չի դիտարկեր այդ հարցը որպէս բաց հակամարտութիւն, այլ՝ փակուած փուլ, ինչ որ կը համընկնի Նիկոլ Փաշինեանի հռետորաբանութեան հետ։ Սա կը նշանակէ, որ երկու կողմերը, թէեւ տարբեր պատճառներով, բայց, նոյն եզրակացութեան եկած են՝ նիւթը հանել քաղաքական օրակարգէն։

Չորրորդ՝ Փաշինեանի դիրքաւորումը աւելի նուրբ է։ Ան միաժամանակ կը փորձէ՝

չխզել կապերը Ռուսաստանի հետ, 

եւ բաց պահել դռները Եւրոպայի եւ Արեւմուտքի համար: 

Սա, անշուշտ, դասական հաւասարակշռութեան քաղաքականութիւն մըն է, բայց, ներկայ պայմաններուն մէջ ասիկա կը դառնայ աւելի վտանգաւոր, որովհետեւ մեծ ուժերը (Ռուսաստան, Արեւմուտք) քիչ մը աւելի արմատական դիրքեր որդեգրած են իրարու դէմ: 

Հինգերորդ՝ ՀԱՊԿ-ի նիւթը կը մնայ հիմնական ճեղքը։ Փաշինեան բաց խօսոյթով կը յիշեցնէ ՀԱՊԿ-ի 2022 թուականի Հայաստանի կողմէ հնչած «միջամտութեան» կամ նեցուկին չարձագանգելը։ Սա կը նշանակէ, որ Հայաստան դանդաղօրէն կը շարժի դէպի անվտանգային հաւասարակշռութիւն։

Վերջապէս, ամբողջ հանդիպումը կարելի է ամփոփել այսպէս. Ռուսաստան կը փորձէ պահել Հայաստանը իր ազդեցութեան գօտիին մէջ։ Հայաստան կը փորձէ դուրս գալ ամբողջական կախուածութենէ՝ առանց բաց հակադրութեան։ Այս բարդ խաղը կը շարունակուի եւ Հայաստանի ներքին քաղաքական իրադարձութիւնները պիտի որոշեն, թէ այս հաւասարակշռութիւնը որքան ժամանակ կրնայ պահպանուիլ։

Քրեմլինի մէջ տեղի ունեցած Փաշինեան-Փութին հանդիպումը կարելի չէ դիտարկել՝ որպէս սովորական դիւանագիտական շփում։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ տարածաշրջանային ուժային հաւասարակշռութիւնը արագ փոփոխութեան մէջ է, իսկ Հայաստանի ներսը՝ քաղաքական մթնոլորտը կը թեւակոխէ նոր լարուած փուլ մը։ Այս պայմաններուն մէջ Փութինի խօսքերը կը հնչեն՝ ո՛չ միայն որպէս արձանագրութիւն, այլեւ որպէս յստակ ուղերձներ՝ ուղղուած թէ՛ Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ թէ ներքին քաղաքական դաշտին։ 

Հանդիպման ամենակարեւոր ռազմավարական պատգամը կը վերաբերի Երեւանի արտաքին կողմնորոշման։ Փութին առանց շրջանցումներու յայտարարեց, որ ԵՄ-ի եւ ԵԱՏՄ-ի անդամակցութիւնը անհամատեղելի է։ Այս ձեւակերպումը, ըստ էութեան, նախազգուշացում մըն է: Մոսկուա պատրաստ չէ ընդունելու Հայաստանի երկարատեւ «երկու ուղղութիւններ»ու քաղաքականութիւնը։ Այստեղ յստակ կը գծուի սահման մը, որուն հատուիլը կրնայ ցաւագին հետեւանքներ ունենալ։ Փութին նաեւ փորձեց բացատրել ՀԱՊԿ-ի անկենսունակութիւնը՝ զայն կապելով Հայաստանի կողմէ Ղարաբաղը Ատրպէյճանի մաս ճանչնալու հետ։ Այս ձեւակերպումը ո՛չ միայն դիրքորոշում է, այլեւ պատասխանատուութեան բեռի Երեւանի վրայ փոխանցում։ Այսպէսով Մոսկուա կը փորձէ մեղմացնել իրեն հասցէագրուած քննադատութիւնը եւ, միաժամանակ, սահմանել անցեալի իրադարձութիւններու վերաբերեալ իր մեկնաբանութիւնները։ 

Իր հերթին, Նիկոլ Փաշինեան փորձեց պահպանել զգուշաւոր հաւասարակշռութիւն։ Ան վերահաստատեց Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը, բայց, միեւնոյն ժամանակ, չհրաժարեցաւ եւրոպական ուղղութենէն։ Վարչապետը նաեւ շեշտեց Հայաստանի ժողովրդավարական բնոյթը՝ որպէս ներքին օրինականութեան հիմք եւ ուղղակիօրէն հակադարձեց քաղաքական բանտարկեալներու վերաբերեալ ակնարկներուն։ 

Փութինի խօսքերը դժուար է բնորոշել՝ որպէս բացայայտ սպառնալիք, սակայն, անոնք կը պարունակեն յստակ կարմիր գիծեր։

Առաջին՝ ներքաղաքական դաշտին վերաբերեալ ակնարկները կը մատնանշեն, որ Մոսկուա կը փափաքի աւելի ընդգծուած դեր ռուսամէտ ուժերուն համար։

Երկրորդ՝ տնտեսական եւ ուժանիւթի ոլորտի փաստարկները կը յիշեցնեն Հայաստանի կախուածութիւնը՝ Ռուսաստանի համակարգէն։

Երրորդ՝ անվտանգային հարցերու մեկնաբանութիւնը կը սահմանափակէ Հայաստանի գործողութեան դաշտը։ 

Այս բոլորը միասին կը կազմեն ո՛չ թէ ուղղակի սպառնալիք, այլ՝ համակարգուած ճնշումի դրութիւն մը։ 

Աւարտին, Փաշինեան-Փութին հանդիպումը մէկ բան յստակեցուց. Հայաստանը կը գտնուի բարդ անցումային փուլի մը մէջ, ուր արտաքին եւ ներքին քաղաքականութիւնները խորապէս փոխկապակցուած են։ Մոսկուա կը փորձէ սահմանել խաղի կանոնները, մինչ Երեւան կը փորձէ պահպանել «շարժունակութիւն»ը։ Յամենայնդէպս, այս նուրբ վիճակը տակաւին երկար ժամանակ պահելը հետզհետէ աւելի դժուար կը դառնայ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2026