ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆԻՆ ՊԱՏՈՒԱԲԵՐ ՊԱՇՏՕՆ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Աստուածաշունչի միացեալ ընկերութիւններու համաշխարհային խորհուրդի անդամ ընտրուած է սփիւռքահայ յայտնի գործիչ տքթ. Հրայր Ճէպէճեան: Այս վերջինը երկար տարիներէ ի վեր Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի մասնաճիւղի վարչութեան քարտուղարի պաշտօնը կը վարէր ձեռնհասօրէն: Հետեւողական եւ յաջող այդ առաքելութեան ի շարունակութիւն՝ Հրայր Ճէպէճեան ընտրուած է Աստուածաշունչի միացեալ ընկերութիւններու համաշխարհային խորհուրդի անդամ, ինչ որ իր գործունէութեան տեսակէտէ կարեւոր ոստում մը կը նշանակէ: 

Աստուածաշունչի միացեալ ընկերութիւններու համաշխարհային խորհուրդը ռազմավարական կորիզը կը կազմէ՝ աշխարհատարած այս հսկայ ենթակառուցուածքին: Արդարեւ, աշխարհի աւելի քան 240 երկիրներու եւ տարածաշրջաններու պարագային կը գործեն 156 ընկերութիւններ, որոնց վերադաս մարմինը կը համարուի համաշխարհային խորհուրդը: 

Աստուածաշունչի միացեալ ընկերութիւններու համաշխարհային խորհուրդը առաջնահերթօրէն կը զբաղի Աստուածաշունչի թարգմանութեամբ, հրատարակութեամբ եւ տարածմամբ՝ համապատասխան յանձնառութիւններով հանդերձ: 

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Հրայր Ճէպէճեանը, որ սփիւռքահայ մտաւորականներու դասին կը պատկանի, կ՚արտադրէ արեւմտահայերէնով եւ, միեւնոյն ժամանակ, թերթի պատուակալ աշխատակիցներէն է:

Ուրբաթ, Օգոստոս 7, 2026