ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ԻՐԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ»Ի ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՅԱՐԱՏԵՒՈՒԹԵԱՆ ՏԵՍԼԱԿԱՆՆ Է, ՈՐՊԷՍԶԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՆԱՅ ՅԱՒԵՐԺ»

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-

Երեւանի մէջ այս շաբաթավերջին կ՚եզրափակուի Համաշխարհային հայկական գագաթաժողով ՚26-ը, որ աշխարհի յիսունհինգ երկիրներէ շուրջ ութ հարիւր մասնակից համախմբած է։ Համահայկական հարթութեան վրայ բազմակողմանի եւ բազմաբովանդակ քննարկումներու հարթակ մը դարձած է այս համաժողովը, որու քննարկումները կը ցոլացնեն հայաշխարհի հրատապ օրակարգի վերաբերեալ շահեկան դիտարկումներ եւ ապագայատեսիլ առաջարկներ։ Ըստ էութեան, Երեւանի ղեկավարութիւն՝ իր նմաններու շարքին երրորդ այս գագաթաժողովը կը ձգտի առաջին հերթին ծառայեցնել՝ սփիւռքին մանրամասնօրէն ներկայացնելու համար «իրական Հայաստան»ի գաղափարախօսութիւնը, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւններուն կողմէ բոլոր հարթութիւններուն վրայ յառաջ կը տարուի՝ մանաւանդ, որ երկրէն ներս նախատեսուած սահմանադրութեան փոփոխութիւնն ալ կը ծրագրուի նոյն առանցքին շուրջ։ 

Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ծաւալուն ելոյթով մը հանդէս եկաւ Համաշխարհային հայկական գագաթաժողով ՚26-ի բացման լիագումար նիստին ընթացքին։ Երեւանի «Մերիտիան» համագումարներու եւ ցուցահանդէսներու համալիրի մեծ դահլիճի երդիքին տակ, բոլորը մագնիսացած ուշադրութեամբ լսեց վարչապետը։ 

Հայաստանի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի ողջոյնի խօսքէն վերջ հանդէս եկաւ Նիկոլ Փաշինեան, որու պատգամն էր, թէ պետութիւնը ամենակարեւոր բանն է հայութեան տեսակէտէ եւ «իրական Հայաստան» գաղափարախօսութիւնը հետամուտ է այս առաջնահերթութեան։ «Իրական Հայաստան»ը պետութեան յարատեւութեան տեսլականն է, որպէսզի Հայաստանի Հանրապետութիւնը գոյութիւն ունենայ յաւիտեան», ըսաւ վարչապետ Փաշինեան։

Իր խօսքին մէջ ան դիտել տուաւ, որ «իրական Հայաստան»ի մասին օրակարգի վրայ բերուած են բազմաթիւ հարցումներ եւ այդ բոլորը, ըստ էութեան, այս գաղափարախօսութեան կենսունակութեան տեսակէտէ փորձաքարի մը դերը կը կատարեն։ Նիկոլ Փաշինեան շեշտեց, որ սոյն գաղափարախօսութիւնը հայկական ինքնափոխութիւնը նենգափոխելու խնդիր մը չի յառաջացներ, ընդհակառակն՝ ան հետամուտ է հայկական ինքնութիւնը պահելու, պահպանելու եւ զարգացնելու։ Վարչապետը մանրամասն կանգ առաւ պետութեան եւ ինքնութեան յարաբերակցութեան վրայ։ «Մեր պետութիւնը կը նշանակէ մեր ինքնութիւնը եւ փոխադարձաբար՝ մեր ինքնութիւնն ալ մեր պետութիւնը», ըսաւ ան։ 

Ծաւալուն ելոյթին ժամանակ վարչապետը խօսեցաւ նաեւ հայկական ինքնութեան սոտորգելիներուն մասին։ «Թէ ի՞նչ կը հասկնանք հայ ըսելով. քրիստոնէութիւնը, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին եւ մեր գիրերը», ըսաւ վարչապետ Փաշինեան։ Ան ընդգծեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պատմականօրէն անկախ եւ ինքնիշխան բնոյթը, եւ դիտել տուաւ, որ քրիստոնէութեան՝ որպէս պետական կրօն իւրացումէն վերջ, անհրաժեշտութիւն յառաջացած էր գրաւոր լեզու ունենալու եւ այդ կարիքն ալ դիմագրաւուեցաւ գիրերու գիւտով։ «351 թուականէն առաջ ալ հայ էինք, որովհետեւ մեր թագաւորները հայ էին», նշեց վարչապետը՝ ակնարկելով պետութեան եւ ինքնութեան նոյնականութեան հանգամանքին։ 

Այս հարթութեան վրայ ալ Նիկոլ Փաշինեան կրկնեց հայրենիքի եւ պետութեան նոյնականութեան գաղափարը։ «Հայրենիքը պետութիւնն է», ըսաւ Փաշինեան ընդգծելով, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը այսօր կը վերաձեւակերպէ ու կը վերաբանաձեւէ սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները։ Իր խօսքով՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունի միակ երաշխաւոր մը եւ այդ երաշխաւորն է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին։ 

Ելոյթի աւարտին վարչապետ Փաշինեան պատասխանեց նաեւ զանազան հարցումներու։ «Հայաստանի Հանրապետութիւնը սփիւռքին կ՚առաջարկէ ինքզինքը՝ որպէս հայրենիք, որ պետութիւնն է», ըսաւ ան։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 7, 2026