ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆ ԲԱԶՄԱԿՈՂՄԱՆԻ ՀԱՐԹԱԿՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՀԵՏԱՄՈՒՏ

Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան, որ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Պէյրութ, երէկ, ընդունուեցաւ Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտագաղթեալներու գծով նախարար Եուսէֆ Ռաճիին կողմէ: Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ փոխ-նախարարը անդրադարձաւ Երեւանի եւ Պէյրութի միջեւ ստեղծուած ջերմ եւ բարեկամական յարաբերութիւններուն՝ վերահաստատելով Հայաստանի կառավարութեան պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու համար աջակցիլ Լիբանանին՝ ներառեալ մարդասիրական խնդիրներու դիմագրաւումը: 

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձան երկու երկիրներու քաղաքական երկխօսութեան աշխուժացման, Արտաքին գործոց նախարարութիւններու միջեւ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններէ ներս եւ բազմակողմանի հարթակներու վրայ ապագայ համագործակցութեան հեռանկարներուն։ 

Կոստանեան եւ Ռաճի շօշափեցին նաեւ Հարաւային Կովկասի եւ Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւնները։ Այս ամբողջին մէջ անոնք ընդգծեցին Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ քննարկումները բարձրագոյն մակարդակով շարունակելու կարեւորութիւնը: 

Միւս կողմէ, Վահան Կոստանեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Շուէտի արտաքին գործոց նախարարութեան պետական քարտուղար Տակ Հարթելիուսի հետ:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 8, 2026