ԽՕՍՔ՝ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ
Պարտք կը զգամ եւ ահա՛, կ՚ըսեմ անհրաժեշտն ու ճշմարիտը, որովհետեւ քաջ գիտեմ, որ երախտապարտութեան գիտակցութիւնը մարդը բնորոշող ազնիւ տարրերէն մէկն է: Ուրեմն, հետեւելով այս ուղիին, նախ ի սրտէ բիւր յարգանքս եւ անկեղծ շնորհակալական եւ երախտագիտութեան խօսքերս կ՚ուզեմ յայտնել «Մեծ բակին փոքրիկ աղջիկը» սիրավէպիս լոյս ընծայման, ապա անոր հրապարակային ծանօթացման, բարերար գնահատման եւ քաջալերանք-տարածման առթիւ, բոլոր իմ գրասէր եւ մշակութասէր ընթերցողներուս, ընթերցասէրներուս, հին ու նոր ընկերներուս, հարազատներուս, մտերիմներուս, բարեկամներուս, գաղութային կեանքի անսակարկ սպասարկուներուն, Համազգայինի «Գրական միաւոր»ին եւ անպայման՝ հայ մամուլին: Նաեւ՝ սրտի ու մտքի այն ջերմ խօսքերուն, որոնք ինծի հասան հեռաձայներով, բացիկներով, «ի-մակ»ներու ճամբով, նեցուկ կանգնեցան, նաեւ նիւթա-բարոյական քաջալերանքներով, վայելուչ, պատշաճ, անկեղծ եւ ազնիւ:
Նոյն այս գիտակցութիւնն է, որ հոգեկան վայելք եւ խանդավառութիւն շնորհեց ինծի:
Ու իբրեւ մտքի հոսքի տեւական ճամբորդ, խանդավառութեան եւ ուրախութեան հեւքով, որոշեցի խօսիլ եւ անդրադառնալ այս բոլորին մասին, հաւատքիս բոլոր բառերովը եւ հրապարակել,- շնորհապարտ եմ բոլորիդ եւ բոլորին…:
Երախտապարտ եմ, եւ կը մնամ բոլոր անոնց, որոնք օր մը, ծննդավայրիս եօթը դրացիներով մեր հսկայ բակէն ներս, առաւել ազգային վարժարանի համեստ գրասեղաններու ետին, եւ տակաւին մեր հին քաղաքի այդ հին ակումբին չոր քարերուն վրայ ու մեր այդ դարերու պատմութիւն ունեցող եկեղեցւոյ կամարներու տակ, ինծի արժէքներ փոխանցեցին, նկարագիրս կերտեցին, զիս դարձուցին ընկերային եւ ազգային հպարտանք եւ հայ մարդ դառնալու եւ նմանելու կիրք ներշնչեցին։
Ու գաղտնի մը չէ, երբ նաեւ ըսեմ, թէ աւելի քան հինգ տասնամեակներու վրայ երկարող, իբրեւ հայերէն լեզուի ուսուցիչ, հայերէնով արտայայտուող մարդ անհատ անգամ մը եւս կ՚ուզեմ ըսել, թէ հայերէն բառերուն հետ մտերմութիւնս հասած է իր սերտ յարաբերութեան։
Յաճախ ես ինծի հարց տուած էի, թէ առանց այս տառերուն եւ բառերուն, ես ինչպէ՞ս պիտի կարենայի ճանչնալ ինքզինքս, ինչպէ՞ս պիտի կարենայի արտայայտել լացերս, սէրերս, ուրախութիւնս։ Ու այս մէկը անսակարկ կը պարտիմ նախ՝ ծնողքիս:
Մենք ընտանիքի ազգ ենք։ Ես ծնած ու մեծցած եմ աւանդապահ եւ հայրենասէր խարբերդցի ընտանիքի մէջ, ուր ապրելաձեւը եղած է հայեցի, ուր հնչած է միայն մայրենին, ուր ամէնօրեայ սնունդի կողքին, հայ գիրքը եղած է հոգեւոր սնունդ եւ ընտանիքիս չափ ոգեշնչող։
Իբրեւ կէս դարէ աւելի ուսուցիչ, պաշտելու աստիճան սիրած եմ կրթական մշակի պաշտօնս, եւ նոյնքան ալ՝ հայ մամուլի համեստ ծառայի կոչումս: Այս բոլորը կատարած եմ մաքուր յանձնառութեամբ, ճիշդ եւ արդար, միշտ մէջս ապրեցնելով հարազատ հայու կերպարս, իր հայրենիքով, իր ծննդավայրով, իր ընտանիքով, իր գաղութով ու անձիս միացուցած հայրենասիրութիւնն ու պապերուս դարերու հաւատքը:
Միշտ փնտռած եմ հաճոյքը՝ երազներուս մէջ, գեղեցիկն ու գեղեցկութիւնը՝ իրականութեան, իսկ մխիթարանքը՝ աղուոր յոյսերու մէջ: Ու այս ձեւով միտքս սնանեցաւ խանդավառող երեւոյթներով:
Իսկ ահա այս օրերուն, ժամանակէն առաջ ճերմկցած մազերովս, բազմաշերտ մտմտուքներով բեռնաւորուած ճակատովս, փորձած եւ վճռած էի ճերմակ թուղթին վրայ ընթերցասէր հանրութեան սեփականութիւնը դարձնել, այս անգամ աւելի նորոգուած եւ մշակուած վէպ մը:
Անողոք ու անկաշառ մարդկային խղճմտանքէ ծնունդ առած անմեղ սիրոյ մասին է այս հատորը, որուն հերոսներու կեանքին ներքին հուրով, ուրախ եւ տխուր հոգեխառնութիւններով, ալեկոծումներով, տուայտանքներով ու գունաւոր երազներով հիւսուած է նիւթը, միաժամանակ ընթերցողը նետելով մտածման մը խորունկ ջուերուն անյատակ խորերը:
Ու վերջապէս կը կ՚ըսեմ… տարիներ ետք ծերութեանս դռներուն… այս «ծնունդը», որուն համար երկար, շատ երկար ծրագրած էի։ Ամիսներ, օրեր եւ ժամեր վատնած էի։ Գիշերներ լուսցուցած։ Դժուար ծնունդ։ Մէկ խօսքով՝ մտքի, հոգիի, ժամանակի եւ անմիջական շրջապատի գերագոյն զոհողութիւններու հարազատ արդիւնք։
Ահա թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս ծնունդ առաւ անդրանիկ վէպս, այս տարբեր ու բոլորին նորը… սիրավէպը. «ՄԵԾ ԲԱԿԻՆ ՓՈՔՐԻԿ ԱՂՋԻԿԸ»:
Երկար տարիներու ծնունդ: Այսինքն, մէկ օրուայ ուրախացնող մտքի մը շարժումը չէ: Երբեք: Այսպէ՛ս ինքզինքս եւ նոյնքան ալ անմիջական շրջապատս համոզած էի:
Ըսի չէ. երկար տարիներէ ի վեր կը սպասէի, որ ստեղծուէր ժամանակը։ Ու չէի անդրադառնալ, որ ժամանակը հիմա էր, որպէսզի, իբրեւ Մեսրոպեան բանակի կամաւոր զինուորագրեալ, կեանքէս հաւաքած փորձերս եւ յուշերս, մտերիմ կամ բարեկամ դէմքերը, կարդացածներս, ապրումներս, սէրերս, տեսածներս ու լսածներս, մէկ յարկի տակ ամփոփուած, իրենց հոգեկան կայքը նոր հատորի մը մէջ ապրէին, որուն խորագիրը՝ «Մեծ բակի փոքրիկ աղջիկը» պիտի ըլլար:
Ուստի, ցանկութիւն էր պէտք։ Գրել: Ուրեմն ինչո՞ւ յուսահատիլ: Կարծես մօտս տարիներով այդ ցանկութիւնը ձեռքերը ծալլած, յոյսի շուքին տակ նստած, երկար կը մտածէր։ Անվիճելի իրականութիւն: Ինծի համար կարեւորը գրելն էր: Ստեղծագործելը…: Էականը… մտքիս վազքը շարունակելով, զայն թուղթին յանձնել էր:
Ու համեստօրէն ըսեմ, որ անդրանիկ այս վէպս, ինծի բերաւ տեսակ մը նոր մտածողութիւն եւ ճանաչողութիւն: Ստեղծեց մաքուր եւ արդար մթնոլորտ:
Արդ, յաւակնութիւնը չունիմ ծափերու արձագանգէն գինովնալու եւ ո՛չ ալ ձրի գովասանքով հպարտանալու… որովհետեւ քաջ գիտեմ, որ ընթերցողը ի՛նք պիտի ճակատագրէ եւ դատէ հատորը ընթերցելով:
Ահա թէ ինչո՞ւ, օտար միջավայրի մէջ ապրող եւ տագնապող հայ գրիչէն ծորող, երկու երիտասարդ կեանքերու զգացած եւ ապրած սիրոյ ու ատելութեան դէպքերու, ուղղակի եւ անուղղակի անդրադարձներով, անոնց մտածումի եւ երազանքի նոր հորիզոններու ձեւաւորումով այս «անդրանիկին», սիրավէպ մակդիրն ալ տուած էի:
Իսկ հիմա, այս բոլորէն ետք… էականը…: Ահա այս «նորեկը»… սիրոյ մասին արձագանգող անդրանիկ վէպը… սիրավէպը։ Սէ՛ր ըսի… հապա՞ առաջին սէրը…
Արդ, այս երկար ինքնարդարացումներէս ետք, կրկին ու կրկին յարգանք արժանաւորին՝ այս պարագային հայ ընթերցողին:
Շնորհապարտ եմ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Լոս Անճելըս