ՅԱՒԵՐԺԱԶԱՆԳ ՄԵԼԳՈՆԵԱՆ…

Մէ՛կ է խորագիրը - Գրիգոր (1843-1920) եւ Կարապետ (1849-1934) Մելգոնեան անմահ բարերար եղբայրներու հիմնած մայր կրթարանի 100-ամեակի ոգեկոչումներու շղթայաշար՝ չորս օրերու վրայ երկարող, 25-28 յունիս 2026:

Նիկոսիոյ մէջ գտնուող Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Մելգոնեան կրթական հաստատութիւն իմ կատարած պատմական ուղեւորութիւնը՝ ուրբաթ, 26 յունիսի օրը, կրնայ զգենուլ ընդարձակ յօդուածաշարք՝ եթէ հակուիմ իրադարձութիւններն ու երեկոյեան կայացած 100-ամեակի պաշտօնական հանդիսութեան ողջ իրադարձութիւնները ներկայացնել տարածական մանրամասնութիւններով:

Պաշտօնական համերգ-հանդիսութենէն օր մ՚առաջ, 25 յունիսի երեկոյեան, Մելգոնեանի 100-ամեակը ոգեկոչող միջոցառում մը նախ եկաւ պաշտօնականացնել շառափնաթափ նախերգանքը, երբ երկրի նախագահական ապարանքին մէջ կայացած ընդունելութեան մ՚ընթացքին կատարուեցաւ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան «Յուշամատեան»ի 393 էջանի պատկառելի հատորին անվճար բաշխումը ներկաներուն՝ իրագործուած Յունական Կիպրոսի Մամլոյ եւ տեղեկատուութեան գրասենեակի հրատարակութեամբ: Հատոր մը, որ լոյսի բարիքին եկաւ ձեւով մը լրացուցիչ պատմագիրք դառնալու Եղիա Գայայեանի խմբագրութեամբ ու ծանօթագրութեամբ եւ «Գալայճեան» հաստատութեան, Վարդան Թաշճեանի եւ Յակոբ Տիգրանեանի մեկենասութեամբ Պէյրութի մէջ 2010-ին լոյս տեսած 500 էջանի հաստափոր «Յուշամատեան»ին: Տեղին է յայտնել, թէ յիշեալ ընդունելութեան ներկայ էին մասնաւորապէս Յունական Կիպրոսի կրթութեան, մարմնամարզի եւ երիտասարդութեան նախարարը, մամլոյ եւ տեղեկատուութեան գրասենեակի տնօրէնուհին, կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանը, կիպրահայ համայնքէն եւ կիպրացի հոգեւորականներ ու համայնքային ներկայացուցիչներ: 

Նիկոսիոյ տօթակէզ կլիմային առթած ահագնութեանը մէջ կլանուած, աշխարհի չորս ծագերէն Մելգոնեան ժամանած մելգոնեանցիներ ու հայորդիներ, 21 տարիէ ի վեր փակ մնացած, փշաթելերով արգելափակուած իրենց վարժարանին կարօտը սրտերնուն՝ առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ ՀԲԸՄ-ի ղեկավարութեան ընձեռած արտօնութեան շնորհիւ երկաթեայ գլխաւոր դարպասէն խուժեցին ներս՝ շրջայց կատարելու շրջափակին մէջ, վարժարանի երկու շէնքերուն՝ տղոց եւ աղջկանց դասարանները եւ այլ յարակից բաժիններ, միայն մէկ օրուան պայմանաժամով: 

Կէսօրուան ժամը 12-ին կ՚անցնիմ Մելգոնեանի մայր դարպասի առջեւէն: Տեղացի քաղաքացիներ հիազարհուր կանգնած եւ իրենց հայեացքները ուղղած դէպի շրջափակին կեդրոնը յարդարուած բեմը՝ կը խօսակցին: Կը միջամտեմ իրենց խօսակցութեան՝ ինքզինքս ձեւացնելով անտեղեակ օտարական մը, եւ անգլերէնով կը հարցնեմ տեղացի տիկինի մը, թէ ի՞նչ տեղի կ՚ունենայ ներսը.

-Կարծեմ Մելգոնեան վարժարանը պիտի վերաբանան եղեր, այդպէս իմացայ, եւ հանդէս կայ այսօր,- հոգին ուրախութեամբ պարուրուած կը պատասխանէ ան:

-Մե՜ղք որ տարիներ փակ մնաց վարժարանը. մենք շատ կը սիրենք հայերը. բարեկիրթ, աշխատասէր, ծառայասէր եւ նուիրեալ քաղաքացիներն են այս երկրին,- ինծի նայելով եւ տիկնոջ խօսքին միջամտելով կը պատասխանէ միջին տարիքով այր մարդ մը, որ միացած է 10-15 հոգինոց այն խումբին, որ կանգնած է երկաթեայ մեծ դարպասին առջեւ եւ կը զրուցեն իրարու հետ:

Կը մտնեմ վարժարանին շրջափակը: Ճնշող արեւին շառայլները՝ որ ոսկի կը թափեն ամբողջ տարածաշրջանին, կը լողան սակայն վերասլաց անդորրանքի մը մէջ: Բակի ծայրամասին, փշաթելերէն այս կողմ, դեռ կանգուն ու խոհուն են Յովհաննէս Այվազոսվսկիի, Վահան Թէքէեանի, զօր. Անդրանիկի, Յակոբ Մեղապարտի, Կոմիտաս Վարդապետի, Մեսրոպ Մաշտոցի կիսանդրիները, որոնք համատեղ՝ նախատօնակի մը երջանկութիւնը կ՚ապրին եւ բակին մէջ մեծաթիւ հաւաքուածները կը հրաւիրեն ունկնդրել Կոմիտասի խօսքերով ու երգեցողութեամբ, հետեւեալ երգը.-

Մեր հայ գաւառն է խաւար,
Տգիտութեան է աւար.
     Ուսում տարէք
     Ու լոյս վառէք,
     Ու յոյս վառէք,
     Հայ տգէտը վտարէք:

Պանծա՛ դու, հայ միութիւն,
Գիւղին տուիր հայ դպրոց,
Սրտի, մտքի հուր հնոց.
Պանծա՛ դու, հայ միութիւն,
Պանծան հայեր բարեգործ.
     Հայուն՝ դպրո՜ց,
     Հայու դպրոց:

Կոմիտասի սոյն բանաստեղծութիւնը գրուած էր դառնալու քայլերգը ՀԲԸՄ-ի, սակայն, ինչ-ինչ պատճառներով այդ չընդունուեցաւ կամ անտեսուեցաւ եւ Վահան Մալէզեանի խօսքերով «Աւետիս, հայեր, ա՛լ սուգը մէկդի» ծանօթ բանաստեղծութիւնը դարձաւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան քայլերգը: Վերոյիշեալ կիսանդրիներուն քով է, որ Մելգոնեանի սան-սանուհիները՝ ներշնչուած ազգիս այդ մեծերուն խօսուն լռութենէն, բակին մէջ կը սորվէին իրենց դասերը, մերթ համբուրելով անոնց քարաշէն ու հոյակերտ ճարտարապետութիւնը, ներշնչանքի աղբիւր որպէս: Օրինակի համար, Մեսրոպ Մաշտոցի կիսանդրին՝ որուն ճարտարապետութեան վրայ փորագրուած Ա Բ Գ-ը, ձեռակերտ աշխատանքն է Մելգոնեանի արուեստներու բազմավաստակ ուսուցիչ, դաստիարակ, երբեմնի «Գոհար» սենֆոնիք նուագախումբի եւ երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար Սեպուհ Աբգարեանի: Այո, Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը լոկ ուսում եւ կրթութիւն ջամբող օճախ չէ եղած, այլ մանաւանդ՝ արեւմտահայերէնի ուսուցման, սփիւռքի հայութեան համար հայեցի դաստիարակութեան առաջին դարբնոցը հանդիսացող կրթարան: 1915-ին եղեռնահար դարձած արեւմտահայութեան եւ հրաշքով փրկուած հայ որբուկներու ձեռամբ ցանուած սերմերէն ծառաստան դարձած պուրակը՝ մշտնջենափառ փաստն է հայու այն կամքին ու հաւատքին, որուն իրենց ամբողջ սրտով ու հոգիով փարած եւ իրենց ողջ ունեցուածքով Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը հիմնած Աղա Գրիգոր եւ Աղա Կարապետ բարերարները ամրագրեցին. «Մեր որբ ձագուկներէն պիտի ծնին Ազգիս վաղուան մեծերը եւ այս կրթական հաստատութիւնը պիտի տեւէ դարէ դար»: 

Արդարեւ, Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը Անանիա Շիրակացի եւ Ներսէս Շնորհալի է, Գրիգոր Նարեկացի եւ Նահապետ Քուչակ, Սայեաթ-Նովա, Կոմիտաս Վարդապետ եւ Արամ Խաչատրեան է: Հայ ժողովուրդի փառքն ու պատիւը հանդիսացող եւ Մելգոեանէն ներս ուսուցչագործած Վահան Թէքէեանի, Յակոբ Օշականի, Բարսեղ Կանաչեանի, Վահան Պէտէլեանի, Վահէ-Վահեանի, Ն. Կատարի, Գրիգոր Կիրակոսեանի, Վահրամ Մավեանի, Ագապի Նասիպեան-Էքմեքճեանի, Կարպիս Սուրէնեանի, Սօսի Պօյաճեան-Պետիկեանի, Սեպուհ Աբգարեանի, Վարուժան Պետիկեանի, Խաչեր Գալուստեանի եւ Դանիէլ Ոսկեանի եւ այլ շատ երախտաւորներու փառքովը պարագրկուած եւ պատուոյ պատուանդանին վրայ յաւերժ կանգուն ու անձեռնմխելի այն Սարդարապատն է, որուն առջեւ իրենց աննահանջ պայքարով զայն պահպանելու անմնացորդ նուիրումով ոտքի է հիմա ողջ հայ ժողովուրդը: 

Քիչ մը անդին, բարեարներուն հոյադամբանին առջեւ անցելասոյզ խոհերու մէջ երջանկացած կը տեսնեմ վարժարանի փայլուն շրջանաւարտներէն՝ բանաստեղծ եւ երախտաշատ դաստիարակ Վարուժան Պետիկեանի եւ երբեմնի ներհուն տնօրէնուհի, պատմաբան Սօսի Պօյաճեան-Պետիկեանի կրտսեր որդին՝ Արա Պետիկեանը, որ եկած է հեռաւոր Աւստրալիայէն, իրեն պէս փայլուն մելգոնեանաւարտ Շիրազ Իսկէնտէրեանի հետ: Արայի արտասուայեղց ակնակապիճներուն մէջ կը լողայ իր սիրելի վարժարանին անորոշ ապագայի ցաւը: 

-Իմ արմատներս այստեղ են եւ ես կ՚ուզեմ թաղուիլ ինծի հայեցի կրթութիւն ջամբած վարժարանիս մէջ,- յուզումնախառն կ՚ըսէ Արան հաստատակամ ոճով: Զինք վերջին անգամ տեսած էի Երեւան՝ 2022-ի հոկտեմբերին, իր եղբօրորդւոյն Ս. պսակադրութեան օրը: Կը խօսինք եւ կը յիշենք իր եղբայրը՝ տքթ. Ռաֆֆի Պետիկեանը, որ արկած մը անցընելուն պատճառով զրկուած է Մելգոնեան գալէ ու կը բոլորէ ապաքինման շրջան մը Գերմանիոյ մէջ:

Քիչ անդին Աթէնքէն ժամանած Մելգոնեանէն շրջանաւարտ Գալուստ Ռուստեմեան կը շրջագայի բակին մէջ: Ծանօթ ենք իրարու: Կը զրուցենք ազգային հարցերու շուրջ: Միացեալ Նահանգներէն ժամանած է նաեւ տքթ. Արա Իսկիկեանը, նաեւ Զուիցերիայէն՝ Ժընեւի ՀԲԸՄ-ի մասնաճիւղի բազմամեայ ատենապետուհին՝ Թալին Ուզունեան-Աւագեանը, որ աւագ դուստրն է ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան երբեմնի փոխ-նախագահ, 1937-1938 կրթական-ուսումնական տարեշրջանի փայլուն շրջանաւարտներէն, ազգային-հասարակական եւ մշակութային գործիչ Հայկաշէն Ուզունեանի: Նոյնպէս մելգոնեանցի եւ երբեմնի «Գոհար» սիմֆոնիկ նուագախումբի ու երգչախումբի գործադիր տնօրէն Սեւակ Սերոբեան, որ տարիներէ ի վեր բնակութիւն է հաստատած Նիկոսիա, կ՚ափսոսայ որ իր վարժարանի ճակատագրին շուրջ տարիներ տեւած բանակցութիւնները ցանկալի արդիւնք չեն ունեցած, բայց յոյս ունի, որ դրական արդիւնքի կը հասնին:

Այս մտորումներով ծանրաբեռն՝ կը հեռանամ Մելգոնեանէն եւ հանգստանալու համար կ՚ուղղուիմ պանդոկ, որ 15 րոպէ տեւողութեամբ ճանապարհ մըն է քալելով: Երեկոյեան Սեւակ Սերոբեան՝ մեր սիրելի երբեմնի փայլուն աշակերտը ՀԲԸՄ-ի Կարմիրեան վարժարանի, զիս կ՚առնէ պանդոկէն եւ իր ինքնաշարժով կ՚ուղղուինք Մելգոնեան կրթական հաստատութիւն, ուր երեկոյեան ժամը 8:00-ին պիտի սկսի գեղարուեստական յայտագիրը, որ տեւելու է մօտ երկու ժամ:

Ժամը 8-ն է արդէն: Արեւի հուսկ շառայլները տակաւ կը կծկուին հեռաւոր բլուրներու վրայ եւ իրենց ատրաշէկ բաշերը կը գլորեն անոնց լանջերն ի վար: Ճպուռներու խմբային աղմուկն անգամ բակին մէջ կը դադրի յանկարծ՝ ունկնդրելու հայկական երգ ու երաժշտութիւն, որ լռած էին 21 տարիէ ի վեր: Ռօշնական շքեղութիւն մը ցոլացնող յարդարուած բեմը՝ Մելգոնեան բարերարներու վիթխարի հոյադամբաններու թիկունքին՝ Սարդարապատի պայքարուն պատի պատկառազդու տեսարանն ունի: Հրաւիրեալները՝ որոնց թիւը ակներեւօրէն կը գլէ 600-ը, կարծէք հաւաքուած ըլլան այստեղ երկրորդ հերոսամարտ մը մղելու, ի խնդիր իրենց ալեփառ վարժարանի վերաբացման: Յունական Կիպրոսի կառավարութենէն ներկայացուցիչներ, կաթողիկոսական փոխանորդ Տ. Կոմիտաս արք. Օհանեան, կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան եւ այլ պաշտօնական հիւրերու ներկայութիւնը կը շեշտեն պակուցիչ լրջութիւնը հանդիսութեան, տարողութիւնը պատրաստուած յայտագրին, որ աւելի քան խօսուն է ութ տասնամեակներու (1926-2005) վաստակով: Ո՛չ ոք կ՚ուզէ, որ ողջագուրումներու պահը շուտով անցնի ու երթայ: Սիպիլի «Անցնելու մօտ» բանաստեղծութեան տողերն են որ կը մասիսուին յաղթամբարձ, բոլորիս շուրջ.- 

Հորիզոնէն վար հուր եւ բոց կը թափէ,
Լերան ծայրը ցոլքեր մութը կը պըրկեն
Ցանցի մը մէջ լայն վերտերով սատափէ:
……………………………………………………………..
Մեր սրտին մէջ վարդ անուրջ մը կը ցաթի.
Մենք չենք սիրեր կեանքն յորդաշունչ, կենդանի,
Անցնելու մօտ իրերն ըզմեզ կը կարթեն.
Ու կը ցաւինք, երբ բախտն հեռու կը տանի…

Յիրաւի, այդպէս են մեր կեանքին մէջ րոպէներն անգին, որոնք անցնելէ առաջ, անհետելու մօտ իրերն ու թանկ պահերը ըզմեզ կը կարթեն:

Նահապետ Ռուսինեանի խօսքերով «Կիլիկիա» երգին, Յունական Կիպրոսի, Հայաստանի եւ Մելգոնեանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք, Ալեք Ալթունեանի բացման խօսքը իր կուռ բովանդակութեան մէջ Մելգոնեանի դար մ՚առաջ հինադրուած եւ 80 տարիներու գոյերթը կու գայ համարել յոյժ կենսական՝ հայ սերունդներու ապագան վառ պահելու եւ ջահը սերունդէ սերունդ փոխանցելու առումով: Երգչախումբի երէցներու կատարողութեամբ Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական»ը, Գուսան Աշոտի «Սարի սիրուն եար»ը, «Ղափամա» եւ միւս փունջ մը գեղեցիկ երգերը հանդիսատեսին կը բերեն կենսատու խանդավառութիւն, գօտեպնդիչ ոգի՝ ցուցադրութեամբ սահիկներու, Մելգոնեանի մասին: Պիտի ընդգծել, որ հրամցուած երգերը իրապէս գերընտիր էին եւ կ՚արտացոլացնէին հայուն հայրենասիրական զգացումները, ինչպէս՝ «Զինուորի երգը», «Իմ Երեւան», «Շողոտ շաղոտ», «Գարուն Երեւան», «Հէյ Ջան, Երեւան», «Բարի արագիլ», «Հայաստանի կարմիր գինին» եւ ուրիշներ, որոնք համատեղ երիտասարդներու, կրտսերներու եւ փոքրիկներու ելոյթներու ընթացքին կը խլեն երկարատեւ ծափահարութիւնները ներկաներուն: Գեղարուեստական յայտագրին նշանակալի փայլք կու տայ Պէյրութէն ժամանած երաժիշտ ու երգեհոնահար Սեդօ Պաղտասարեանն ու սոլիստ Շաքէ Պաղտասարեանը՝ իրենց «Մելգոնեան» խորագրեալ երգին երաժշտական յօրինմամբ: Իսկ երգչախումբին կեդրոնաձիգ ուժային երկու դէմքերը՝ խմբավարներ Զարա Բարխուդարեանն ու Վիքի Գույումճեանը, իրենց հմտիմաց ղեկավարութեամբ կ՚արժանանան բարձրագոյն գնահատանքի: Ի հարկէ, Կոմիտասի երգերու փունջերը օրհնութեան պէս կը թափին ամէն հանդիսատեսի գլխուն, իսկ վերջերգը՝ Պարոյր Սեւակի «Երեւան-Էրեբունի»ն, բոլորին կողմէ կ՚երգուի յոտնկայս ոգեւորութեամբ: Անդրադառնալով նուագողներուն՝ Լիլիա Խաչատրեան (դաշնամուր), Սեդօ Պաղտասարեան (երգեհոն), Ալիսա Ոսկանեան եւ Ասյա Յովհաննիսեան (քանոն), Ֆերտինանտ Մսրեան (քամանչա), Յարութիւն Յարութիւնեան եւ Մարտուն Խաչատրեան (տուտուկ), Արտակ Սարիբէկեան (տհոլ), Նեկտար Մղտեսեան (ուտ), բոլորը իրենց տարերքին մէջ են, հաղորդակից ժողովուրդին: Վերջապէս, մեծ ծափահարութեան արժանի են Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ երգչախումբերուն յանձնախումբերը, բոլոր անդամներով, որոնք տարիներով իրենց անմնացորդ նուիրումով կը շարունակեն փառքն ու պատիւը հանդիսանալ կիպրահայ համանյքին:

Աւարտին, կիպրահայոց թեմի առաջնորդ Տ. Կոմիտաս արք. Օհանեան նախ յունարէնով հակիրճ խօսք մը արտասանելէ ետք, հայերէնով շարունակեց իր սրտի խօսքը՝ մաղթելով, որ կիպրահայութիւնը ե՛ւ համայն հայութիւնը շարունակեն կառչած մնալ իրենց պապենական աւանդոյթներուն, իրենց երախտաւորներու կրթանուէր ու եկեղեցանուէր սխրանքները անմար պահեն սերունդէ սերունդ, ըլլան արժանի շարունակողները անոնց կտակած հարուստ ժառանգութեան: 

Հանդիսութիւնը աւարտելէ ետք եւ իրարու շնորհաւորանքներ փոխանցելու ընթացքին, ողջագուրուելու հաճոյքը կ՚ունենամ Մելգոնեանի փայլուն շրջանաւարտներէն եւ վաստակաշատ ուսուցիչ Վարդան Թաշճեանի (համբաւաւոր գեղանկարիչ, բանաստեղծ, գիրքերու հեղինակ) եւ Միացեալ Նահանգներէն ժամանած, նոյնպէս փայլուն մելգոնեանաւարտ եւ ուսուցիչ նոյն վարժարանի, ազգային բարերար Մարք Չէնեանի հետ:

Արդարեւ, 26 յունիսի հանդիսութիւնը Նիկոսիոյ ՀԲԸՄ-ի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան սրտին մէջ՝ նուիրուած Մելգոնեան անմահ բարերարու յիշատակին եւ վարժարանի հիմնադրութեան 100-ամեակին, տասնամեակներ պիտի հնչէ մեր մտքին ու սրտին մէջ՝ որպէս յաւերժազանգ Մելգոնեան, որպէս Մեծ երթն ու երգը մեր գոյութեան:

Արդարեւ, բացի սփիւռքահայ գրողներէ, հայրենի բազմաթիւ գրողներ իրենց մատեաններուն մէջ գրաւոր տեղ են տուած Մելգոնեանի հայաշունչ ու հայրենաշունչ առաքելութեան: Ինչպէս՝ Յովհաննէս Շիրազ, Գէորգ Էմին, Սիլվա Կապուտիկեան, Կարպիս Սուրէնեան, Պարոյր Սեւակ, Յակոբ Յակոբեան եւ շատ ուրիշներ: 

Այս պատեհութեամբ անգամ մը եւս կու գանք հնչեցնել հայրենի անուանի բանաստեղծուհի Մարօ Մարգարեանի «Մելգոնեանի ազնիւ սաներ» գողտրիկ ու յուզական խօսքերով բանաստեղծութիւնը.-

Անափներում հեռու մօտիկ,
Ճամբաներին
Խառն ու խաւար,
Կայաններում անլոյս, անել,
Շաղում էք սէր, 
Խիղճ ու հաւատ,
Մելգոնեանի ազնիւ սաներ:
Մելգոնեանի տէր ու զաւակ,
Աշխարհների ամէն ծայրում
Եւ ձեր ազնիւ սրբավայրում՝
Հոգեհաւաք:

Ու դեռ որքան հայ հոգիներ
Կորուստներից պիտի հանէք,
Վերագտնէք ու պահպանէք,
Մելգոնեանի ազնիւ սաներ:

Որ հաղորդէք ձեր սիրապաշտ
Խորհուրդը խոր,
Խօսքը բարի,
Ամէն ծայրից մեծ աշխարհի.
Մոխիրներից հրաբխէք,
Կարօտներով ծիածանէք
Ու մեր ցրուած սերունդներին
Տաք ինքնութեան լոյսը տանէք:

Այս խառնակուած հողագնդի
Ո՛ր ափին էլ ապաստանէք,
Զաւակներին արդար Հայկի
Ու թոռների Տիգրանի Մեծ
Խոհուն ոգու լոյսը տանէք,
Մելգոնեանի ազնիւ սաներ:

ՄԱՐՕ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ

Պէյրութ

Հինգշաբթի, Յուլիս 9, 2026