ՇԻՆԻՉ ԵՒ ԱՆԿԵՂԾ

Երէկ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Սպիտակ տուն-Քրեմլին առանցքին վրայ այս շրջանին շփումները խտացած են։ Երէկուան հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցաւ Ուաշինկթընի բանագնացներուն՝ Սթիվ Ուիթքոֆի եւ Ճերըտ Քուշնէրի շաբաթավերջին Մոսկուայի եւ Քիեւի մէջ վարած բանակցութիւններուն ի շարունակութիւն։ Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան կարգաւորման նկատմամբ ԱՄՆ այս շրջանին դարձեալ թափ տուած է ջանքերուն։

Թրամփ-Փութին հեռախօսազրոյցը տեւեց ժամ մը։ Պաշտօնական աղբիւրները նախագահներուն խօսակցութիւնը կ՚որակեն շինիչ եւ անկեղծ։ Թրամփ եւ Փութին կարծիքներ փոխանակեցին՝ նախօրէին Սթիվ Ուիթքոֆի եւ Ճերըտ Քուշնէրի Մոսկուա եւ Քիեւ կատարած այցելութեան արդիւնքներուն շուրջ։ Փութին Թրամփին ներկայացուց պատերազմի ընթացքին տեղի ունեցածներու առարկայական եւ հանգամանալից վերլուծութիւնը։ Ան վստահեցուց, թէ ռուսական կողմի նոյնիսկ միտքէն չ՚անցնիր յարձակողական ծրագիրներ իրականացնել Եւրոպայի դէմ։

«Հաշուի առնելով շահարկումները Եւրոպայի պետութիւններու դէմ Ռուսաստանի՝ իբր ունեցած թշնամական մտադրութիւններու վերաբերեալ, ընդգծուեցաւ, որ մեր մտքին մէջ չկայ որեւէ յարձակողական ծրագիր Եւրոպայի դէմ», հեռախօսազրոյցէն վերջ յայտնեց Փութինի օգնականը՝ Եուրի Ուշաքով։ Բաց աստի, ան դիտել տուաւ, որ Փութին նշած է ԱՄՆ-ի առաջին տիկին Մելանիա Թրամփի ջանքերը՝ Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի երեխաները վերադարձնելու ընտանիքներուն եւ դրական գնահատած է ԱՄՆ-ի միջնորդական ջանքերը։

Եուրի Ուշաքովի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ նախագահներուն զրոյցը անցած է դրական։ Անոնք պայմանաւորուած են կապի մէջ մնալ եւ անհրաժեշտութեան պարագային գործնական կերպով հեռաձայնային կապ հաստատել իրարու հետ։

Ուաշինկթընի բանագնացները Սթիվ Ուիթքոֆ եւ Ճերըտ Քուշնէր անցեալ շաբաթավերջին այցելած էին Մոսկուա եւ Քիեւ՝ մէկտեղուելով Վլատիմիր Փութինի եւ Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ։

Իր կարգին, Տանըլտ Թրամփ շեշտած է Ուքրայնայի հակամարտութեան աւարտելու անհրաժեշտութիւնը։ Իր խօսքով՝ սա նոր հեռանկարներ պիտի բանայ յարաբերութիւններու վերականգնման ուղղութեամբ։

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ալ տեղեկութիւններ տուաւ, թէ Փութին շաբաթավերջին Ուիթքոֆի եւ Քուշնէրի հետ հանդիպման ընթացքին ինչի՞ վրայ հիմնուած է՝ քննարկելու ժամանակ Ուքրայնայի վերաբերեալ իրադրութիւնը։

Այսպէս, Ուքրայնայի ՆԱԹՕ-ին չանդամակցելու խնդիրը այս ամբողջին մէջ ունեցած է առանձին տեղ։ Բաց աստի, դաշտի վրայ իրողութիւնները հասկնալու հարցին մէջ յստակեցուած են դիրքորոշումները։ «Քննարկուածին էութիւնը կրնամ համարձակօրէն ըսել, որ կը յենուի այն դիրքորոշման վրայ, որ նախագահ Թրամփ օվալաձեւ գրասենեակ վերադառնալէ անմիջապէս յետոյ ներկայացուցած է Ուքրայնայի պարագային։ Եւ յատկապէս ան նախ եւ առաջ ըսաւ, որ նոյնիսկ մոռցած են փորձել Ուքրայնան ներքաշել ՆԱԹՕ-ի մէջ։ Ան ըսաւ, որ սա պարզ էր Փութինէն շատ աւելի առաջ։ Հարցը փակուած է եւ զայն պէտք չէ փորձել զարթնացնել։ ԱՄՆ-ի դիրքորոշման երկրորդ տարրը դաշտի վրայ իրողութիւնները ճանչնալն է», յայտնեց ռուս նախարարը հեռուստահարցազրոյցի մը ընթացքին։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2026