ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԱՆԹԱԼԻԱ ԿՈՒ ԳԱՅ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան համոզուած է, թէ յառաջիկային Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ պիտի հաստատուին։
Երեւանի մէջ կազմակերպուած Համաշխարհային հայկական գագաթաժողովի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։ Ան համոզուած է, թէ Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ յառաջիկային դիւանագիտական յարաբերութիւններ պիտի հաստատուին։ «Հայաստանը եւ Թուրքիան տակաւին դիւանագիտական յարաբերութիւններ չեն հաստատած, բայց ես համոզուած եմ, թէ յառաջիկային այդ յարաբերութիւնները պիտի հաստատուին՝ ճանչնալով իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը, ինքնիշխանութիւնը եւ սահմանները։ Ես կը կարծեմ, թէ սա փաստ մըն է, որ մենք պէտք է արձանագրենք», ըսաւ վարչապետը։
Նիկոլ Փաշինեան այս շաբաթ կու գայ Թուրքիա՝ Անթալիոյ մէջ մասնակցելու համար COP-31 գագաթաժողովին։ Իրեն ընկերակից պատուիրակութեան մաս պիտի կազմէ նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան։
Վերջին օրերուն նախարար Միրզոյեանն ալ անդրադարձաւ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններուն։
«Թուրքիոյ հետ մեր երկխօսութիւնը բաւական աշխոյժ է եւ արդիւնաւէտ։ Առանձին համագործակցութեան դրսեւորումներ եղած են եւ կը շարունակուին։ Թեքնիք առումով, նախապէս Թուրքիա-Հայաստան առեւտուրը կ՚իրականացուէր երրորդ երկրի միջոցաւ, այդ խոչընդոտը վերացուած է, այժմ սա մաքսային իմաստով ուղիղ է, աշխարհագրականօրէն՝ տակաւին Վրաստանի տարածքով։ Այո՛, հակառակ ամբողջ յառաջընթացին՝ այս պահուն Թուրքիա-Հայաստան սահմանը կը շարունակէ փակ մնալ։ Բայց, այս գործընթացը այնքան հասունցած է, որ մենք որեւէ պահ կրնանք ունենալ Թուրքիա-Հայաստան սահմանի բացում եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատում», ըսաւ նախարարը՝ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս կազմակերպուած հաւաքոյթի մը ընթացքին։