ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԽՐԱԽՈՒՍԱՆՔ
Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այցելեց Ատրպէյճան։ Արցախի 44-օրեայ պատերազմի՝ Ատրպէյճանի յաղթանակով աւարտի տարեդարձին առթիւ տեղի ունեցաւ այս այցելութիւնը, որու ընթացքին նախագահ Էրտողան հիւրընկալուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Ղեկավարներու կողքին ներկայ էին նաեւ երկու երկիրներու առաջին տիկինները։ Էրտողան եւ Ալիեւ տեսակցեցան Շուշիի մէջ։
Համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Էրտողան ըսաւ. «Այսօր մեր խնդիրն է ռազմի դաշտին վրայ արձանագրուած յաղթանակը պսակել ամուր խաղաղութեամբ։ Ինչպէս աջակցած ենք Ատրպէյճանի արդար պայքարին, այնպէս ալ այսօր կ՚արձանագրենք մեր տարածաշրջանէն ներս ամուր խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ իր ջանքերը»։
Իր կարգին, Ալիեւ շեշտեց, որ Շուշիի հռչակագիրը դաշնակցութեան մակարդակի բարձրացուցած է Թուրքիա-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները։ Ալիեւ յոյս յայտնեց, թէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ գործընթացը կը յանգեցնէ շօշափելի արդիւնքներու։