ՊՐԱԶԻԼԸ, ՖՈՒԹՊՈԼԸ, ՄԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ԵՐԱԶԱՆՔՆ ՈՒ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ֆութպոլը այն իւրայատուկ մարզաձեւերէն մին է, որու ընթացքին կը խտացուի հաւաքական ոգին իր ազնուագոյն եւ արդարացի դրսեւորումներով, քանի մարմնամարզութիւնը ինքնին մանկական մաքրութիւն մը ունի իր մէջ, իսկ այդ մէկը մարդուս մշտարթուն տենչանքն է, որուն կ՚ուզէ հասնիլ: Ըլլալ մանուկ, իւրացնել մանկական երազանքը, ապրիլ զայն առանց մեծնալու, նոյնիսկ մեծնալով կատարելագործել մանկութիւնը եւ ո՛չ թէ թօթափել զայն:

Մենք մանուկ չըլլալու մեծ հակապարտուածութեան մէջ ենք յաւերժ եւ կը փորձենք հատուցել մեր անկարողութիւնը՝ մանկականութիւն խաղալով ու մաքրազերծելով կեանքը մեր մանկական պատկերով եւ առաքելութեամբ: Բայց եւ անպէս, գիտենք, որ ձախողած ու պարտուած ենք մանկութեան՝ ո՛չ միայն երազանքներէն, այլ ինքնին գոյութենական պարզ իրականութենէն, որ մեզ կ՚արգիլէ մնալու մանուկ, անմեղ, լուսածին եւ սրբակերպ: 

Ֆութպոլը արդարութեան ու մրցակցութեան վեհագոյն յաղթանակն է, այն ալ հաւաքական ոգիի ու մարզանքի տեսքով, ինչ որ գերգրաւիչ է ու առինքնող։

Մանկութեանս գունաւորումներէն էր Պրազիլի ֆութպոլի խումբը, ինքնին ֆութպոլի հանդէպ սէրս Պրազիլով սկսաւ եւ Պրազիլի խումբը երազաւորուեցաւ, այն իտէալացուց ու հրաշագործեց մանկական չգիտակցուած ապրումը, որ հրաշալի է եւ գերկեանքոտ. մենք հո՛ն ենք եւ հո՛ն կը մնանք մեր հոգիի անաղարտութեան առաքելութեան ընդմէջէն: Մանկական երազանքը ինքնին կեանքի տենդն է, կեանքի աւիշը, անիրականացուող, սակայն, ապրեցուող հրաշքը: Երազս էր Պրազիլը տեսնել, զգալ ֆութպոլը, որ Պրազիլի խաղացողներն էին ինքնին, ըլլալ անոնց հետ դաշտին մէջ ու դուրսը եւ կեանքը խաղագործել ու խաղացման ընթացքով թափանցել անոր: Հիմա հեռուէն կը վերծանեմ այդ երազանքը, որ կարծես ինչպէս անգլերէնով կ՚ըսեն՝ «կեանքէն ալ մեծ է»: 

Կանաչ դաշտը ինքնին վազելուն եւ ազատութեան ինքնեկ կաղապարման մեծ ընթացքացումն էր, Պրազիլի գոց դեղին համազգեստները եւ գերգեղեցիկ գնդակին հետ հպումներն ու սլացիկութիւնը կը բանային կլորութեան, սահանքի, կոլի եւ տօնակատարութեան երջանկացում մը, որ անգերազանցելի կը թուէր: Ֆութպոլը Պրազիլն էր եւ Պրազիլն էր ֆութպոլը եւ այդ իրողութիւնը մանուկիս յուշած էին յետոյ շատերը, իսկ պատանեկութեան, երիտասարդութեան ու հասուն տարիքիս արդէն իսկ փաստած էի այդ մէկը: Երբ Պրազիլը կը խաղար, ֆութպոլը կարծես կը հրճուէր եւ մարմնամարզ մը ըմբոշխնելու հաւաքական արուեստը կը լիանար: Պրազիլը ֆութպոլն է, իսկ ֆութպոլը չի պարտուիր, ան ազնուագոյն ու պայծառագոյն յաղթութեան խորհրդանիշն է։ Ֆութպոլը կը միաւորէ եւ արդարականութիւն մը կու տայ նոյնիսկ իր քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային հոլովումներով, իսկ մենք այդ յաւերժական վիպակներուն մէջ էինք մանաւանդ՝ երբ Պրազիլը քաջալերողներով հաւաքուէինք: Երբ խումբ մը կը յաղթէ առանց կողմնակալական միջամտութիւններու, այդ բարձրագոյն յաղթանակներէն մին է եւ արդարական կերտուածք ունի: Պատերազմական եւ տնտեսական-քաղաքական յաղթանակները անարդարացուած կը մնան եւ չեն հասնիր ֆութպոլային յաղթանակներուն, ուր նոյնիսկ ազգերն ու պետութիւնները կը ստանան տարբեր վեհ տարողականութիւններ:

Մանկութիւն եւ գնդակ,

Մանկութիւն եւ կանաչ դաշտ, 

Մանկութիւն եւ հրճուանք ու յաղթանակ։

Դրախտային բան մը կայ վերոնշեալներուն մէջ՝ ի վերուստ եւ ի գետնէն բխած եւ միահիւսուած մանկական գոյութենական ու սփռուածական զեղումներով:

Զուարթութիւն մը անդասելի: Ինչպիսի՜ յորդուն ու զուարթ ըլլալ մը, ուր մանկական գերանգիտակից ըմբոշխնումը նոյնիսկ ինքզինք կը տարերգէ ու կը վերարարէ ուրախութիւնները:

Երբ անմեղ եմ, յաղթած եմ ու սրբացած, հոն է գնդակս, դաշտս ու տարազս։ Ամէն ինչ կայ հոն՝ եռանդ, ներշնչանք, կատարեալ կարօտախրում եւ ես մը խմբացած՝ ո՛չ թէ սրբուելու, այլ ընդհակառակն, հրճուելու կիսախաղերով ու փասերով: Ֆութպոլը մեզի տուաւ առաջին շունչով հաղորդութիւն:

 Եւ մեծցանք Պրազիլին հետ Համաշխարհային ֆութպոլի ախոյենութենէ-Համաշխարհային ֆութպոլի ախոյենութիւն ու հանդիպում-հանդիպում: Հոն կը տեսնէինք արուեստը մարմնամարզին ու մարմնամարզը արուեստին, ինչպէս տարիներ ետք այդ մէկը գտայ պասքեթպոլի մէջ՝ Մայքըլ Ճորտընով։ Երբ Պրազիլը պարտուէր, սուգ էր այդ օրը, իսկ երբ յաղթէր՝ արբեցում էր։ Տօնական էր ամէն ինչ Հալէպէն Պէյրութ անցնելով ամենազգայուն ու զգացական գօտիներով, մարդիկ Համաշխարհային ֆութպոլի ախոյենութիւններուն հետ, իրենց խումբերով՝ կը կանգնեցնէին ես մը, որ հեշտագին է եւ կատարեալ խումբով մը, իսկ Պրազիլը խումբերուն խումբը կրնար համարուիլ՝ ինչ աստիճանով որ ֆութպոլը կայ ու մեզ կ՚ապրեցնէ:

Կը յիշեմ 1994-ին եւ 2002-ին Պրազիլի աշխարհի բաժակը նուաճելը, անբացատրելի ցնծութիւն, նոյնիսկ ես պահքի եւ ուխտի մէջ էի 2002-ին՝ վասն Պրազիլի յաղթանակին՝ գիտնալով, որ ապրուած բերկրանքը կը գերազանցէ ամէն տեսակի զոհողութիւն: 2002 թուականէն ի վեր Պրազիլ չդարձաւ աշխարհի ախոյեան, իսկ այս երկուշաբթի նորէն դուրս մնաց, այս անգամ պարտուելով Նորվեկիայէն՝ 2-1 արդիւնքով:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յուլիս 11, 2026