ԽԱՉՈՒԱԾ ՈՉԽԱՐՆԵՐԸ
Դիմացս անսահման ձգուող բոլոր հեռաստանները կը բոցավառէին ամրան կիզիչ արեւուն տակ։ Փոշին շարունակ կը հարուածէր ինքնաշարժին պատուհանը։ Երբ հայեացքս կը շրջէի ճամբորդակիցներուս դէմքերուն վրայ, յստակօրէն կը զգայի, թէ որքան դաժան էր մեր ճամբորդութիւնը։ Անոնց մազերը փոշիէն ճերմկած էին, նոյնիսկ աչքերուն թարթիչները դառն աղով ողողուած էին։ Անոնք կը հեւային, իսկ քրտինքը՝ դէմքերուն փոշին ակօսելով՝ կը բանար փոքրիկ առուակներու ոլորապտոյտ հուներ, որոնք կը թափէին իրենց վիզերուն վրայ։
Գլուխիս մէջ դարձեալ կը յառնէին այն չարաճճի խօսքերը, որոնք ճամբորդութեան սկիզբէն ի վեր կը զբաղեցնէին զիս։
-Տարօրինակ ճամբորդութիւն է ասիկա։ Այսօր ողբերգութենէ բացի ուրիշ բան չէ…, իսկ վաղը պիտի ըսենք, թէ արկածախնդրութիւն մըն էր։
Ինքնաշարժներու երկար շարքը կը սուրար ոլորապտոյտ աւազային ճամբուն վրայ՝ ճեղքելով անապատին լռութիւնը, կարծես խելագարութեան երակ մը ըլլար, որ կը կլանուէր անդունդներուն մէջ… եւ փիլիսոփայական պոռթկում մը կը հոսէր յոգնած պաշտօնակիցներու շրթներուն վրայ:
-Ուրեմն, աշխարհի վրայ ո՛չ մէկ ճիշդ բան կայ:
-Այո՛… մեզի վիճակուած է մեր ուղեղներուն մէջ իյնանք, որով բռնելու ո՛չինչ կրնանք գտնել… Ճիշդը միշտ ուրիշներուն մօտ է: Իսկ դուն կասկածէն բացի ուրիշ բան չես…
-Ատիկա ճիշդ է…
-Երբեմն ինծի այնպէս կը թուի, թէ այն մարդը, որ խոր համոզումով բարձր տիպարի մը կը հաւատայ, աւելի մօտ է իր հաւատքէն հեռանալու՝ քան ուրիշ ոեւէ մէկ մարդ… որովհետեւ, սորված կ՚ըլլայ, թէ ինչպէս հաւատարմութեամբ կրնայ կասկածիլ:
Այս բառերը բացարձակապէս անիմաստ թուեցան ինծի… Մարդ երբ կը տեսնէ, թէ եղած բաները արդարացնելը անիմաստ կը դառնայ: Եւ մենք տեսանք ատոնք… զիս հետաքրքրողը այս է:
-Պետեւի՞ն է, որ գլուխդ այդ փիլիսոփայութեամբ լեցուց:
-Ա՜հ… պետեւին: Արդէն կը մոռնայի զինք…: Թերեւս պետեւին էր, որ այդ ըրաւ… Թերեւս այս անիծուած տաքն էր… չեմ գիտեր:
Ես գիտեմ, թէ միայն պետեւին էր: Արդարեւ, երբ ուսանած մը փոքրիկ դաս մը առնէ անապատին մէջ կորսուած պետեւիէ մը, քիչ մը ամօթ կը զգայ… եւ բժիշկ պաշտօնակիցս կը փորձէ իր գլխացաւը արեւին վերագրել… Ո՛չ, ան պետեւին է… եւ ինչքան ալ ինքնաշարժը փորձեց հեռանալ այն տեղէն, ուր որ ձգեցինք զինք, ապա անպայմանօրէն պէտք է ամրօրէն կապուած մնանք այդ սուր աչքերուն, որ կը շարունակէր հետեւիլ մեր ինքնաշարժին, մինչեւ անհետացաւ իր տեսողութենէն ու փոշիներու մէջ թաղուեցաւ… Կը փափաքէի դադրիլ ականջալուր ըլլալէ պաշտօնակիցներուս զրոյցէն, սակայն, ուրիշ զբաղում չունէի այս պատերուն մէջ, որ անընդհատ կը ցնցուէին.
-Այս փիլիսոփայութիւնը Քուէյթէն հեռանալէ ի վեր, չհեռացաւ գլուխէդ. կը յիշեմ, թէ ընտրութիւնդ՝ ընկերանալու հաճի գացող պատուիրակութեան, կեանքիդ ամենէն մեծ խայտառակութիւնն էր, որ երբեւէ ունեցած ես:
-Է՜հ: Սակայն, եկայ: Ամբողջ կեանքս բացարձակապէս անհաւատ ապրած եմ եւ ընտրութիւնս՝ պատուիրակութեան բժիշկներէն մէկը ըլլալուն, ինծի համար պարտադրանք մըն էր, որպէսզի ես ալ հաճ ընեմ… կը պատկերացնե՞ս:
-Լաւապէս կը պատկերացնեմ: Այս օրերը ընդհանրապէս Գահիրէի կամ Լիբանանի եւ թերեւս ալ Զուիցերիոյ մէջ կ՚անցընես…, իսկ այս դժոխքին մէջ անցընելը զայն, որ յաւիտեան կ՚երկարի, ապա քեզի համար նեղացուցիչ իրողութիւն է… Իսկ ես…
-Դուն պտոյտի սիրահարներէն ես: Դուն կը ցանկաս, որ յանկարծ ինքնաշարժը կանգնի եւ մենք մեզ պարտադրուած գտնենք ճամբան շարունակել՝ այս հալած ապակիներուն վրայէն սողալով… Սակայն, ըսէ՛ ինծի. այդ բոլորը չե՞ս ցանկար, որ պատահին, որպէսզի օրին մէկը պատմես զայն քանի մը աղջիկներու՝ խենթ աքլորի մը նման փքուած:
Այս բժիշկին տեսակէտները զիս շատ կը բարկացնեն, սակայն, հակառակ այդ բոլորին, գիտէ ինչպէս որսալ ուրիշները… Անոր ընկերը պայթեցաւ ծիծաղելով ու համոզուեցաւ իր պարտութեան՝ ստացած գնահատանքին հետաւանքով…
Իր արկածախնդրութիւնները կը պատմէ կարգ մը աղջիկներու: Զարմանալի: Արդեօք ի՞նչ պիտի ըսէ անոնց այս անգամ: Շատ հաւանաբար այսպէս պիտի սկսի խօսիլ.
-Իրապէս: Տեսանք զինք այնտեղ…, անապատին մէջտեղը եւ արեւը կ՚այրէր աւազը դաժանօրէն, սակայն, ան հանդարտ ու հեզօրէն կանգնած էր… Ուրկէ՞ եկած էր. չէինք գիտեր: Ինչպէ՞ս հասաւ այստեղ. չէինք գիտեր… Ի՞նչ բան կը փնտռեր. շատ հաւանաբար իր տկարացած ոչխարներուն համար ջուր կը փնտռէր… Անապատի փուշերուն մէջ ինն նիհար ոչխարներ կ՚արածէր… եւ ինք այնտեղ կանգնած էր:
-Այս զարմանալի անապատին մէջ խաչուած մարդու մը կը նմանի…
Իրապէս ալ, իր թեւերը ուղղահայեաց կերպով երկարած էր, սակայն, ատով հանդերձ, գետնին վրայ կանգնած էր… Ինքնաշարժը երբ սկսաւ մօտենալ իրեն, մեր զարմանքը սկսաւ կամաց կամաց անհետանալ, անոր փոխարէն հետաքրքրասիրութիւնը բռնելով, որովհետեւ, փոքրիկ բլուրի մը վրայէն՝ յստակօրէն տեսան զինք:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 1
Վաղարշապատ