ԱՆՑԱԳԻՐԸ՝ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻ՞Շ, ԹԷ ՎԱՃԱՌՔԻ ԱՌԱՐԿԱՅ
1 նոյեմբեր 2026 թուականէն սկսեալ, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները իրենց անցագրերը այլեւս ո՛չ թէ պետական համապատասխան հաստատութիւններէն պիտի ստանան, այլ մասնաւոր՝ օտար ընկերութեան մը կողմէ, որոնց համար որոշ տարածք մը յատկացուած է Երեւանի մէջ երկու մեծ վաճառասրահներէ ներս, իսկ մարզերու պարագային նոյն տրամաբանութեամբ, վաճառասրահներու մէջէն: Այսինքն, գործող իշխանութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն կ՚ըսեն, որ յետ այսու, ձեր անցագրերը կրնաք գնել ինչպէս կը գնէք ձեզի պատկանող որեւէ մէկ իր, հագուստ կամ մթերք:
Գործող իշխանութիւնները պետութիւն ունենալու մասին կը խօսին, պետականութեան մասին կը քարոզեն, բայց իրենց գործելաոճով ամէն ի՛նչ կ՚ընեն, որպէսզի հայկական պետականութիւն գոյութիւն չունենայ: Միայն խօսելով ու քարոզելով չեն բաւարարուիր, այլեւ՝ պատմութիւն կը վերախմբագրեն, կը կեղծեն, կը յարմարեցնեն իրենց շահերուն, բայց միւս կողմէ ամէն ինչ կ՚ընեն, որպէսզի այդ պետականութիւնը չգոյանայ, չհզօրանայ:
Ոմանք թերեւս հակառակին, ըսելով որ չէ, այս իշխանութիւնները իրապէս կ՚աշխատին հայկական պետականութեան համար, զայն հզօրացնելու եւ այլնի համար: Լաւ, եթէ այդպէս է, հետեւաբար ի՞նչ կը նշանակէ, որ քաղաքացին երթայ իր անցագիրը առնէ վաճառասրահէ մը: Ի՞նչ կը նշանակէ, որ անցագիր տալու գործողութիւնը վստահիլ օտար ընկերութեան մը: Աւելին, ի՞նչ կը նշանակէ նոր անցագրերու ետեւէն հանել հետեւեալ արտայայտութիւնը. «ԱՆՁՆԱԳԻՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹՅԱՆ ՍԵՓԱԿԱՆՈՒԹՅՈՒՆՆ Է: ԱՆՁՆԱԳԻՐԸ ԿՐՈՂԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹՅՈՒՆԸ» (Անձնագիրը Հայաստանի Հանրապետութեան սեփականութիւնն է: Հայաստանի Հանրապետութիւնը անձնագիրը կրողին հովանաւորն է): Ի՞նչ է, մեր երկիրը կ՚ուրանա՞յ իր քաղաքցիները կամ կը դադրի՞ այլեւս անոնց տէր կանգնիլը երկրէն դուրս, եթէ որեւէ մէկ արտակարգ դէպք պատահի անոնց հետ:
Այս փոփոխութիւնը կը կարօտի յստակ բացատրութեան, թէ ինչո՞ւ նման որոշում, ինչո՞ւ նման փոփոխութիւն: Տրուած բացատրութիւնները մինչեւ հիմա խաբկանքէ բացի ոչինչ են: Արդարեւ, անցագիրը միայն սահման անցնելու միջոց չէ, այն նաեւ պետութեան ներկայութեան վկայութիւնն է քաղաքացիին կեանքին մէջ, ըլլա՛յ հայրենիքի սահմաններէն ներս, ըլլայ եթէ տուեալ քաղաքացին հազարաւոր քիլօմեթրեր հեռու է հայրենիքէն։
Պետութիւնը կրնայ փոխել անցագիրին ձեւը, գոյները, անվտանգութեան համակարգը, նոյնիսկ ամբողջ կառուցուածքը։ Բայց եթէ անցագիրը կը վերածէ որեւէ մէկ առօրեայ կարիքի կշիռք ունեցող հանգամանքի՝ ինչպէս օճառ, հագուստ, կօշիկ, սուրճ եւ այլն, իսկ միւս կողմէ անցագիրէն կը հեռացնէ իր քաղաքացիին ուղղուած՝ «դուն իմ հովանաւորեալն են» յայտարարութիւնը, ապա պարտաւոր է բացատրել այդ որոշումն ու փոփոխութիւնը տրամաբանօրէն եւ ո՛չ թէ խաբեպատիր յերիւրանքներով։
Այս ամբողջ գործընթացին մէջ կայ նաեւ ուրիշ, աւելի խոր մտահոգութիւն մը։ Ինչքանո՞վ կը գիտակցինք, թէ անցագիրը պետութեան եւ քաղաքացիին միջեւ գոյութիւն ունեցող իրաւական ու բարոյական կապին կարեւորագոյն արտայայտութիւններէն մէկն է։ Անիկա պարզապէս թուղթի կտոր մը չէ, որուն վրայ կը գրուին անուն, մականուն, ծննդեան թուական եւ քաղաքացիական պատկանելիութիւն։ Անիկա այն փաստաթուղթն է, որուն միջոցով պետութիւնը կը ճանչնայ իր քաղաքացին, իսկ քաղաքացին՝ իր պատկանելիութիւնը այդ պետութեան։
Հետեւաբար, երբ այսպիսի կարեւոր գործառոյթ մը կը փոխանցուի օտար մասնաւոր ընկերութեան մը, հասարակութիւնը իրաւունք ունի հարցնելու՝ ո՞վ կը կրէ վերջնական պատասխանատուութիւնը։ Ո՞վ կ՚երաշխաւորէ քաղաքացիներուն անձնական տուեալներուն ապահովութիւնը, անոնց գաղտնիութեան պահպանումը եւ ամբողջ գործընթացին նկատմամբ պետական վերահսկողութիւնը։ Արդեօք այս բոլոր հարցերը երկրորդական են, եւ բաւարար է միայն այն, որ քաղաքացին իր անցագիրը ստանայ արագօրէն ու յարմար պայմաններու մէջ։
Պետական ծառայութիւններու արդիականացումը, անշուշտ, անհրաժեշտութիւն է։ Ո՛չ ոք կրնայ դէմ ըլլալ նոր արհեստագիտութիւններու կիրարկման, սպասարկման որակի բարելաւումին կամ քաղաքացիներուն կեանքը դիւրացնելու նպատակով կատարուած բարեփոխումներուն։ Սակայն, արդիականացում չի նշանակեր պետական պատասխանատուութեան նահանջ, իսկ ծառայութեան կազմակերպման նոր եղանակը չի՛ կրնար փոխարինել պետութեան ուղղակի ներկայութիւնը։
Ամենէն մտահոգիչը, սակայն, այն է, որ այս որոշումները կը կայացուին առանց հասարակութեան մէջ անհրաժեշտ վստահութիւն ստեղծելու։ Պետութիւնը պէտք է վստահութիւն ներշնչէ, ո՛չ թէ կասկածներու եւ անպատասխան հարցումներու դուռ բանայ։ Քաղաքացին պէտք չէ ստիպուած ըլլայ ենթադրութիւններ ընել իր անցագիրին, իր իրաւունքներուն եւ իր պետութեան պատասխանատուութեան մասին։
Ի վերջոյ, խնդիրը միայն այն չէ, թէ ո՛ւր եւ ինչպէ՛ս պիտի ստանանք մեր անցագիրը։ Խնդիրը այն է, թէ ի՞նչ պետութեան մէջ կ՚ուզենք ապրիլ եւ ի՞նչ արժէք կու տանք պետականութեան գաղափարին։ Պետութիւնը խանութ չէ, քաղաքացին՝ գնորդ, իսկ անցագիրը՝ վաճառասեղանէն առնուող հերթական ապրանք։ Պետութիւնը պարտաւոր է կանգնիլ իր քաղաքացիի կողքին եւ այդ պարտաւորութիւնը չի՛ կրնար փոխանցուիլ որեւէ մասնաւոր ընկերութեան, ի՛նչ ալ ըլլան հանգամանքները կամ տրուած «արդարացում պատճառաբանութիւն»ները։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ