ՍԻՐԱՄՏՈՒԹԵԱՆ ԼՈՒՌ ՈՒԺԸ

Պղատոնի խրատը՝ «Սիրամիտ եղէք. որովհետեւ ձեր հանդիպած իւրաքանչիւր անձ, պայքար մը կը մղէ, որուն մասին դուք տեղեակ չէք…», կարծես դարերու խորքէն հասնող մեղմ, բայց հզօր ձայն մըն է, որ կը դպչի մեր սրտի ամենանուրբ լարերուն։ Այս խօսքերը պարզ խորհուրդ չեն, այլ ամբողջ կեանքի մը իմաստութիւնը՝ խտացուած մէկ նախադասութեան մէջ։

Մարդկային կեանքը տեսանելի եւ անտեսանելի շերտերու համադրութիւն մըն է։ Մենք կը տեսնենք արտաքին շարժումները՝ ժպիտները, քայլերը, խօսքերը, բայց անոնց ետին թաքնուած աշխարհները մեզի փակ կը մնան։ Ամէն մարդ իր մէջ կը կրէ պատմութիւն մը, որ գուցէ երբեք չէ պատմուած, ցաւ մը, որ բառեր չունի եւ երազներ, որոնք լուռ են։ Այս ներքին աշխարհները, այս լռին պայքարները այն իրական ճշմարտութիւնն են, ինչ որ մեզ իրարու կը կապէ, բայց նաեւ իրարմէ հեռու կը պահէ։

Երբ կը հանդիպինք մէկու մը, շատ դիւրին է դատել զայն արտաքինով։ Մենք կը կարծենք, թէ կը հասկնանք, կը սահմանենք անոր արժէքը, բնաւորութիւնը, կեանքը։ Բայց իրականութիւնը այն է, որ մենք կը տեսնենք միայն փշրանք մը իր ամբողջէն։ Անոր ետին կրնայ ըլլալ գիշերներու անքնութիւն, անպատասխանի հարցումներ, կորուստներու խաւար, կամ գուցէ անտեսուած սիրոյ կարօտ մը։ Եւ այդ բոլորին մէջէն անցնելով՝ այդ մարդը կը կանգնի մեր առջեւ՝ գուցէ ժպտալով, գուցէ լուռ, բայց միշտ՝ իր պայքարը շարունակելով։

Ահա՛, թէ ինչո՞ւ քնքշութիւնը կը դառնայ ո՛չ միայն բարոյական ընտրութիւն, այլ անհրաժեշտութիւն։ Սիրամիտ ըլլալը կը նշանակէ ընդունիլ, որ մենք ամբողջ ճշմարտութիւնը չենք գիտեր։ Սա կը նշանակէ մօտենալ ուրիշին՝ խոնարհութեամբ եւ յարգանքով, առանց շտապելու դատելու կամ պիտակաւորելու զայն։ Սիրամտութիւնը սրտի լռին լեզուն է, որ առանց բառերու կը խօսի, կը հասկնայ եւ կը մխիթարէ։

Կեանքի ընթացքին բոլորս պահեր կ՚ունենանք, երբ կը զգանք, թէ այլեւս ուժասպառ ենք։ Այդ պահերուն երբեմն մեղմ խօսք մը, անկեղծ ժպիտ մը, պարզ «կը հասկնամ քեզ»ը կրնայ դառնալ փրկարար լոյս մը։ Մենք յաճախ չենք գիտեր, թէ մեր փոքր արարքները ինչպիսի ազդեցութիւն կրնան ունենալ ուրիշին վրայ։ Բայց ճշմարտութիւնը այն է, որ բարութիւնը երբեք չի կորսուիր․ ան կը տարածուի, կը բազմապատկուի եւ անտեսանելի կերպով կը փոխէ աշխարհը։

Սիրամիտ ըլլալը նաեւ կը նշանակէ համբերութիւն։ Ժամանակակից աշխարհը արագ է, անհամբեր եւ յաճախ անողոք։ Մարդիկ կը շտապեն ապրիլ, խօսիլ, արձագանգել, առանց խորապէս զգալու կամ հասկնալու։ Բայց սիրամիտ մարդը կը դանդաղեցնէ այս ընթացքը։ Ան կը լսէ, կը սպասէ, կը փորձէ տեսնել ո՛չ միայն այն, ինչ որ կ՚երեւի, այլ նաեւ այն, ինչ որ կը զգացուի։ Այսպիսի վերաբերմունքը հազուագիւտ է, բայց անոր արժէքը անչափելի։

Սիրամիտ ըլլալը նաեւ քաջութիւն է։ Շատ աւելի դիւրին է կոպիտ ըլլալ, բարկանալ, փակուիլ կամ անտարբեր մնալ։ Բայց սիրտը բաց պահելը, վստահիլը եւ կարեկցիլը կը պահանջեն ներքին ուժ։ Սիրամիտ մարդը կը շարունակէ սիրել՝ նոյնիսկ երբ աշխարհը կը կարծէ, թէ ան պարզամիտ է։ Բայց իրականութեան մէջ ան կը կրէ ամենամեծ իմաստութիւնը՝ մարդկային սրտին խորունկ գիտութիւնը։

Մարդկութեան պատմութիւնը լի է հակամարտութիւններով, բաժանումներով եւ ցաւերով։ Բայց այդ բոլորին մէջ միշտ ալ գոյութիւն ունեցած է լուռ հոսանք մը՝ բարութեան եւ սիրոյ։ Այդ հոսանքն է, որ փլուզումէ կը պահէ աշխարհը, որ կը վերականգնէ կոտրած կապերը եւ կը յիշեցնէ, թէ ի վերջոյ մենք բոլորս ընտանիքի մը անդամներ ենք։

Եւ թերեւս կեանքի ամենախոր իմաստներէն մէկը այս է՝ հասկնալ, թէ ուրիշին համար ինչպէս ըլլալ լոյս մը։ Ո՛չ թէ պարտադիր մեծ գործերով, այլ պարզ ներկայութեամբ, ուշադրութեամբ եւ սրտաբուխ սիրով։ Որովհետեւ ի վերջոյ, ամէն մարդ իր ճամբուն վրայ կը կրէ իր խաչը եւ ամէն մարդ արժանի է, որ այդ ճամբան քիչ մը աւելի թեթեւ ըլլայ։

Այդ պատճառով, երբ յաջորդ անգամ հանդիպիք մէկու մը, փորձեցէք տեսնել աւելին, քան այն, ինչ որ կ՚երեւի։ Փորձեցէք զգալ անոր լռութիւնը, հասկնալ անոր անասելի պատմութիւնը, եւ մօտենալ՝ սրտով։ Քանի որ սիրամիտ ըլլալը միայն արարք մը չէ, այլ ապրելակերպ մը, որ կը վերածէ սովորական, հասարակ, ամէնօրեայ պահերը՝ մարդկային ջերմութեան սրբազան ակնթարթներու։

Եւ այսպէս, դանդաղ, լուռ, բայց հաստատ կերպով, սէրը կը դառնայ կամուրջ մը՝ սրտէ սիրտ, հոգիէ հոգի։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 13, 2026