ԱԶԱՏ ԿԱՄՔ
1. Ի՞նչ է նախասահմանումը: 2. Աստուծոյ կանխագիտութենէն նախասահման կը հետեւի՞: 3. Ի՞նչ են Սուրբ Գիրքի վկայութիւնները: 4. Աստուած չէ՞ հարստութիւնն ու աղքատութիւնը տուողը: 5. Ո՞րն է օրհնեալ հարուստը: 6. Սողոմոնին ընտրութիւնը, Պօղոսին կոչումը սահման չե՞ն. չընդունիլը մեղք չէ՞. ի՞նչ են արդարութիւնն ու ողորմութիւնը: 7. Ուրկէ՞ են աշխարհի արկածներն ու փորձանքները:
1. Աստուծոյ անհուն գիտութենէն առնելով, ոմանք ըսել ուզեցին, թէ մարդ մը թէ՛ արդարութիւն եւ թէ մեղաւորութիւն, թէ՛ հարստութիւն եւ թէ աղքատութիւն, թէ՛ հիւանդութիւն եւ թէ առողջութիւն Աստուած կանուխէն սահմանած է եւ իւրաքանչիւրին ինչ պատահելիքը Իր հեռատեսութեամբ ու կանխագիտութեամբ գիտէ, ինչ բանին կ՚ըուի նախասահմանում:
Բազմաթիւ աստուածաբաններ ու փիլիսոփաներ այս վէճը ըրին, բայց նախասահմանումին հաւատացողները ինչքան ալ Աստուծոյ կանխագիտութենէն չափելով կայ ըսին, այնքալ ալ մարդուն անձնիշխանութեան նայելով կասկած բերին. նոյնիսկ Սուրբ Գիրքէն բազմաթիւ վկայութիւններ գտան նախասհամանումը հաստատելու համար. ինչպէս Դաւիթ կ՚ըսէ. «Սահման դրիր, որ չանցնին», այդպէս ալ աշխարհի սկիզբէն ձեզի պատրաստուած Արքայութիւնը ժառանգեցէք (Մտ 25.34). «Աստուած Իր սիրելիներուն պատրաստեց, որ աչքը չէ տեսած» (տե՛ս Ա. Կր 2.9). տակաւին ասոնց նման բազմաթիւ վկայութիւններ կը գտնուին Հին եւ Նոր կտակարաններուն մէջ:
2. Աստուածային կանխատեսութեան մասին կասկած չունին, որովհետեւ նախասահմանն ու ազատ կամքը երբ իրարու դէմ յանդիման գան, թէ՛ կատարեալ էականութեան մէջ ներգործական շնորհներու նկատմամբ ըլլայ եւ թէ փիլիսոփայօրէն ըլլայ, սկբնական պատճառը երկրորդականէն առաջ է. առաջինը ետքինէն տեղեկութիւն կ՚ունենայ, իսկ ետքինը առաջինէն չ՚ունենար: Աստմւած մեզ ստեղծելը գիտնալուն հետ՝ մեր ընելքին ու ըլլալիքն ալ գիտէ, բայց հայր մը իր որդիին պատէն իյնալիք ըլլալը գիտնալով եւ պատին մօտ ըլլալը տեսնելով որդիին այդ պատին վրայէն իյնալը հօրը տեսութեան թերութիւն մը չէ՝ մանաւանդ, որ բանական հոգին չարն ու բարին գիտէ:
Աստուած ի սկզբանէ աշխարհի Իր սիրելիներուն համար տեղ պատրաստեց, կասկած չկայ, իսկ ով որ սիրուի այն է սիրելին, որ Նախախնամութեան կը վերաբերի ո՛չ թէ նախասահմանի. մասնաւոր կերպով չխոստացաւ, այլ՝ ընդհանուր կերպով, ասոր համար Քրիստոս ըսաւ. «Խնդրեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի» (Մտ 7.7). եթէ Աստուած ծնելէն առաջ դժոխքի համար սահմանած ըլլար՝ խնդրելէն ի՞նչ օգուտ պիտի ըլլար. նմանապէս, Պօղոս կ՚ըսէ. «Արժանապէս չպատերազմողը չի՛ պսակուիր» (տե՛ս Բ. Տմ 2.5). Աստուծոյ ի սկզբանէ պատրաստած տեղը բոլորն ալ կանչուած [հրաւիրուած] են, երթալն ու չերթալն ալ ազատ կամքի ձեռքն է (տե՛ս Բ. Պտ 1.11):
Բնութիւն, իմաստութիւն եւ Աստուծոյ կամք. եթէ մտածուի, թէ բնութիւնը անսկիզբն է, արդար եւ ողորմած. իմաստութիւնը եւ գիտութիւնը անհուն ըլլալուն պատճառով չի՛ չափուիր. գիտութիւնը գործողութենէն առաջ է, ընելէն առաջ իր գիտութեան մէջ, անշուշտ, տեսած է. բայց բանական հոգին եւ ազատ կամքն ալ չեն կրնար անոր գիտութեան առջեւէն հեռանալ, կը գործեն մինչեւ գերեզմանին դուռը:
Այո՛, Աստուծոյ գիտութիւնը չի՛ սխալիր. մարդոց գիտութիւնը յաճախ բնութեան հակառակ կ՚ըլլայ, բնութիւնը կ՚ուզէ, որ այնինչ գործը գործէ, գիտութիւնը չի՛ ժամաներ. յաճախ ալ բնութիւնը թոյլ չի՛ տար, իսկ Աստուածային անձերը ինչպէս որ անբաժանելի են, նոյնպէս ալ Անոր գիտութիւնը, բնութիւնը եւ կամքը չեն բաժնուիր իրարմէ. ատոր համար մենք անոր սահմանելը եւ չսահմանելը չենք կրնար գիտնալ, միմիայն ըլլալէն ետքը կը գիտնանք, որ սահմանուած եղած է անյայտ ժամանակի մէջ, այն ալ մասնաւոր կերպով եւ ո՛չ թէ ընդհանուր կերպով:
3. Սուրբ Գիրքին մէջ տեսնուած սահմանի վերաբերեալ խօսքերը Աստուածային ընդհանուր կողմին կը վերաբերի, Աստուած բնաւ չ՚ուզեր, որ ոեւէ մէկը կորսուի. եթէ այնպիսի սահման մը ըլլար, Քրիստոսի գալ խաչուելուն կարիք չէր ըլլար, մասնաւոր սահմաններէն ա՛լ աւելի ծանօթ է մեզի ազատ կամքը, իբր այդ, մենք չենք կրնար սպասել, թէ մեզի մասանաւոր կերպով պիտի ընտրէ կամ պիտի կանչէ [հրաւիրէ], ինչպէս որ ոմանց ընտրեց ու կանչեց. հապա, մենք մեզ պէտք է ընդհանուր կոչման [հրաւէրին] մէջ ճանչնանք. իսկ երթալն ու չերթալը՝ մեր ազատ կամքին ձեռքն է:
«Կրօնագիտութիւն կամ ուսումն Քրիստոնէական հաւատոյ»
Կ. Պոլիս, 1885
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 13
Վաղարշապատ