ԼՌՈՒԹԻՒՆ ԿԱԶԶԷԻ ՀԱՄԱՐ
Անոր մէջքին չորս կողմը ռումբեր կան… ու կը պայթին: Ո՛չ մահ է եւ ո՛չ ալ անձնասպանութիւն:
Կազզէի ձեւն է, յայտարարելու համար իր իրաւացիութիւնը կեանքին:
Չորս տարիներէ ի վեր եւ Կազզէի միսերը ռումբերու բեկորներու նման կը թռչին:
Ո՛չ կախարդութիւն է եւ ո՛չ ալ հրաշք:
Կազզէի ինքնապաշտպանութեան զէնքն է՝ գոյատեւելու համար եւ թշնամիին դիմադրելու:
Չորս տարիներէ ի վեր թշնամին կը ցնծայ իր երազներով, հիացած է ժամանակը փայփայելով…, բացի Կազզէէն: Որովհետեւ Կազզէն հեռու է իր ազգականներէն եւ փակած է թշնամիներուն: Որովհետեւ Կազզէն կղզի մըն է: Միայն պայթի,- եւ ան չի՛ դադրիր պայթելէ-, կը վիրաւորէ թշնամիին դէմքը, կը կտրէ անոր երազները եւ ժամանակէն գոհ ըլլալու իր տրամադրութիւնը կը խարխլէ: Որովհետեւ ժամանակը Կազզէի մէջ ուրիշ բան մըն է… Որովհետեւ ժամանակը Կազզէի մէջ չէզոք միաւոր մը չէ: Ան մարդոց չի՛ մղեր սառնասրտութեամբ խորհրդածելու, այլ՝ կը մղէ զանոնք պայթելու եւ իրականութեան հետ առերեսուելու: Ժամանակը այնտեղ մանուկները մէկ անգամէն չ՚առներ ու ծերութեան հասցնէր, այլ՝ զանոնք տղամարդիկ կը դարձնէ առաջին հանդիպումի ընթացքին թշնամիին հետ: Ժամանակը Կազզէի մէջ թուլնալ չէ, այլ՝ ներխուժել այրուող կէսօրին վրայ, որովհետեւ արժէքները Կազզէի մէջ կը տարբերին…, կը տարբերին…, կը տարբերին…: Ասպատակուած մարդուն միակ արժէքը՝ ասպատակումը դիմադրելու իր կարողականութիւնն է: Ա՛յս է միակ մրցակցութիւնը այնտեղ: Եւ Կազզէն մոլի կերպով հասկցաւ այս ազնիւ բայց դաժան արժէքին իմաստը: Գիրքերէն եւ սեղմ դասընթացքներու մէջէն չէ՛ սորված անոր մասին, ո՛չ ալ բարձրաձայն ծանուցումներու փողերէն եւ ո՛չ ալ երգերէն, այլ՝ սորված է զայն միայն փորձառութեամբ եւ այն աշխատանքով, որ չի՛ կատարուիր ծանուցումի ու նկարի [նկարուելու] համար:
Կազզէն չի՛ հպարատանար իր զէնքերով, յեղափոխականութեամբ եւ հաշուեկշիռով: Ան իր դառն միսը կը հրամցնէ եւ իր կամքով կը վարուի ու իր արիւնը կը թափէ:
Կազզէն ճարեր չի՛ գիտեր: Կազզէն կոկորդ չունի… Իր մորթին ծակոտէնները կը բարբառին քրտինքով, արիւնով եւ այրուածքներով:
Ահա ասոր համար, թշնամին կ՚ատէ զինք սպաննելու աստիճան, միաժամանակ կը վախնայ՝ ոճրագործութեան աստիճան…, ու կը ջանայ զայն խեղդել ծովին, անապատին կամ արեան մէջ:
Ահա ասոր համար, իր ազգականներն ու ընկերները կը սիրեն զինք նախանձի հասնող աստիճանով, երբեմն ալ վախի: Որովհետեւ Կազզէն վայրի դասն է եւ լուսաւոր օրինակը թշնամիներուն եւ ընկերներուն համար առ հասարակ:
Կազզէն քաղաքներուն մէջ ամենէն գեղեցիկը չէ…:
Անոր ծովեզերքը արաբական ուրիշ երկիրներու ծովեզերքներէն աւելի կապոյտ չէ…:
Անոր նարինջը Միջերկրականի ափերուն ամենէն գեղեցիկ նարինջը չէ:
Նաեւ, Կազզէն ամենէն հարուստ քաղաքը չէ…:
(Ձուկ, նարինջ, աւազ, վրաններ՝ որ հովը յուսախաբ կ՚ընէ զանոնք, փախցուած ապրանք, եւ ձեռքեր՝ որ գնողին կը ծախուին…):
Տակաւին, ան ամենէն ազնիւ քաղաքն ալ չէ, ո՛չ ալ ամենէն մեծը, սակայն, ամբողջ ազգի մը պատմութեան կը հաւասարի, քանի որ թշնամիներուն աչքին ամենէն տգեղն է, աղքատը, խղճալին ու վայրենին…, որովհետեւ մեր մէջէն ամենէն կարողն է թշնամիին տրամադրութիւնն ու հանգիստը խանգարելու, քանի որ անոր վատ երազն է, որովհետեւ ականուած նարինջ մըն է եւ մանուկներ՝ առանց մանկութեան, եւ ծերեր՝ առանց ծերութեան, եւ կիներ՝ առանց փափաքներու, քանի որ այդպէս է՝ ապա ան մեր մէջի ամենէն գեղեցիկն է, վճիտը, հարուստը եւ ամենէն շատը սիրոյ արժանին:
Անիրաւած կ՚ըլլանք զայն, եթէ անոր բանաստեղծութիւններ փնտռենք: Հետեւաբար, Կազզէի գեղեցկութիւնը չաղաւաղենք: Անոր մէջ ամենէն գեղեցիկը այն է, որ բանաստեղծութենէ դատարկ է, այն ժամանակ, երբ փորձեցինք թշնամիին ոտանաւորներով յաղթել…, որով մենք մեզի հաւատացինք եւ ցնծացինք, երբ տեսանք, թէ թշնամին թոյլ կու տայ մեզի, որպէսզի երգենք…, միւս կողմէ սակայն, ձգեցին, որ ան յաղթէ մեզի: Յետոյ, բանաստեղծութիւնները չորցուցին մեր շրթներէն, սակայն, տեսանք, որ թշնամին արդէն աւարտած է քաղաքներ, բերդեր եւ փողոցներ կառուցելը:
Դարձեալ, անիրաւած կ՚ըլլանք Կազզէն, եթէ փառաւորենք զայն, որովհետեւ անով հմայուիլը պիտի տանի մեզ անոր սպասելու: Իսկ Կազզէն մեզի չի՛ գար: Կազզէն մեզ չ՚ազատագրեր: Կազզէն ձիեր, օդանաւեր, կախարդական գաւազաններ եւ ոչ ալ մայրաքաղքներու մէջ գրասենեակներ ունի: Կազզէն միաժամանակ ինքզինք կ՚ազատագրէ մեր յատկութիւններէն, մեր լեզուէն, ինչպէս նաեւ զինք ասպատակողներէն: Եւ երբ հանդիպինք անոր,- երազ մը-, թերեւս պիտի չճանչնայ մեզ: Որովհետեւ, Կազզէն կրակի ծնունդ է, իսկ մենք՝ սպասումի եւ տան [հայրենիքին] վրայ լացողներու ծնունդ:
Ճիշդ է, որ Կազզէն յատուկ պարագաներ ունի եւ յեղափոխական յատուկ աւանդութիւններ:
(Այս կ՚ըսենք, ո՛չ թէ վերլուծելու, այլ՝ որպէսզի մենք մեզի պարզաբանումներ կատարենք):
Սակայն, անոր գաղտնիքը հանելուկ մը չէ. անոր դիմադրութիւնը համախմբուած ժողովրդական շարժում մըն է, որ գիտէ, թէ ի՛նչ կ՚ուզէ (կ՚ուզէ թշնամին վռնտել իր հագուստներէն), եւ անոր մէջ դիմադրութեան կապը ամբոխներուն հետ նման է մորթի եւ ոսկորի կապին, եւ ո՛չ թէ՝ ուսուցիչի եւ իր աշակերտներու կապին:
Դիմադրութիւնը Կազզէի մէջ պարտականութեան չվերածուեցաւ:
Դիամդրութիւնը Կազզէի մէջ հաստատութեան չվերածուեցաւ:
Ո՛չ մէկուն խնամակալութիւնը ընդունեց: Իր ճակատագիրը մէկու մը ստորագրութեան կամ մէկու մը մատնահետքին չկապեց երբեք:
Անոր այդքան չի՛ հետաքրքրեր, որ գիտնանք անունը, նկարը, պարզութիւնը: Երբեք չհաւատաց, թէ ինք ծանուցումի նիւթ է կամ լուսածին: Նկարահանող սարքերու ոսպնեակներուն համար չպատրաստուեցաւ եւ ո՛չ ալ ծիծաղելու օճառը դրաւ իր դէմքին:
Ո՛չ ինք կ՚ուզէ… ո՛չ ալ մենք կ՚ուզենք:
Կազզէի վէրքը ճարերու ամպիոնի չվերածուեցաւ: Կազզէի գեղեցկութիւնը կը կայանայ այնտեղ, որ անոր մասին շատ չենք խօսիր, ո՛չ ալ անոր երազներու մուխը կ՚անուշահոտենք մեր կանացի երգերուն բուրմունքով:
Ասով, Կազզէն առուծախով զբաղուողներուն համար ձախողած գործարքի մը կը վերածուի: Ասով, [Կազզէն] բարոյական գանձի մը կը վարածուի բոլոր արաբներուն համար:
Կազզէի գեղեցկութիւնը կը կայանայ անոր մէջ նաեւ, որ մեր ձայները չեն հասնիր անոր, ո՛չ մէկ բան զինք կը զբաղեցնէ, ո՛չ մէկ բան իր բռունցքը ետ կը դարձնէ թշնամիէն: Ո՛չ իշխանութեան ձեւը Պաղեստինի պետութեան մէջ, զոր պիտի յառաջացնենք լուսինի արեւելեան կողմին վրայ, կամ Հրատ մոլորակի արեւմտեան կողմը՝ երբ յայտնաբերենք զայն, ո՛չ ալ աթոռներու բաժնելու ձեւը՝ ազգային ժողովէն ներս: Ո՛չ մէկ բան կը զբաղեցնէ զինք, ան կեդրոնացած է մերժելու վրայ…, սով եւ մերժում, ծարաւ եւ մերժում, անօթեւանութիւն եւ մերժում, չարչարանք եւ մերժում, պաշարում եւ մերժում, մահ եւ մերժում:
Թշնամիները թերեւս յաղթեն Կազզէին: (Կատղած ծովը կրնայ ըլլալ, որ յաղթէ պզտիկ կղզիի մը):
Կրնայ ըլլալ, որ անոր բոլոր ծառերը կտրեն:
Կրնայ ըլլալ, որ ոսկորները կոտրտեն:
Կրնայ ըլլալ, որ թնդանօթներ տնկեն իր պզտիկներուն եւ կիներուն փորերուն մէջ, ինչպէսն նաեւ կրնայ ըլլալ, որ նետեն զայն ծովին, աւազին կամ արեան մէջ:
Սակայն՝
Սուտերը պիտի չկրկնէ:
Ասպատակողներուն պիտի չըսէ՝ այո՛:
Եւ պիտի շարունակէ պայթիլ:
Ո՛չ մահ է եւ ո՛չ ալ ինքնասպանութիւն, այլ՝ Կազզէի ձեւն է, յայտարարելու իր ապրելու իրաւունքն ու արժանիքը…:
«Տխրութեան սովորական օրագիր»
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ