ԴԻՄԱՆԱԼՈՒ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Միջին Արեւելքի հին ուժային ճարտարապետութիւնը տակաւին բոլորովին չէ քանդուած, սակայն, նորն ալ չէ ձեւաւորուած: Դադար, ո՛չ թէ աւարտ. խաղը չէ եզրափակուած հրադադարներով եւ առկայ երկարատեւ անխուսափելի անորոշութեան պայմաններուն ներքեւ տարածաշրջանի բոլոր դերակատարները կը յօժարին ըլլալ միեւնոյն ժամանակ թէ՛ ուժեղ ու սահմանափակ եւ թէ ազդեցիկ ու խոցելի:
Միջին Արեւելքի երկար պատերազմը թէեւ դադրած է, սակայն, չէ աւարտած: Իրանի խաղը դեռ չէ եզրափակուած. ան որքան որ ալ վիրաւոր ըլլայ՝ կը մնայ կանգուն:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Իրան դիմակայութիւնը կը շարունակէ մնալ միջազգային քաղաքական օրակարգի առանցքային նիւթերու շարքին։ Ամենէն էական հարցումն ալ կը մնայ նոյնը. թէ ո՞վ յաղթեց իրականին այս պատերազմին մէջ։ Ռազմական առումով կողմերէն ո՛չ մէկը կրնայ ամբողջական յաղթանակի մը մասին խօսիլ: Բախումները մնացին սահմանափակ, ուղղակի լայնածաւալ պատերազմը կանխուեցաւ։ Բայց, քաղաքական եւ հոգեբանական դաշտին մէջ պատկերը աւելի բարդ է։ Իրան փորձեց ցուցադրել, որ տակաւին ի վիճակի է հակադարձելու եւ դիմադրելու, մինչդեռ ԱՄՆ փորձեց պահել զսպման եւ ճնշման իր ռազմավարութիւնը՝ առանց ամբողջական պատերազմի մը մէջ մտնելու։
Այս համայնապատկերին վրայ յաճախ ի յայտ կու գայ նաեւ մէկ այլ կարեւոր հարց. արդեօք ճեղք մը գոյութիւն ունի՞ Իսրայէլ-ԱՄՆ գիծին վրայ։ Իրականութիւնը այն է, որ թէեւ ռազմավարական դաշինքը կը շարունակէ մնալ ամուր, սակայն, տարբերութիւններ կը նշմարուին մօտեցումներուն մէջ։ Իսրայէլ կը ձգտի աւելի կտրուկ եւ վճռական քայլերու՝ նպատակ ունենալով ո՛չ միայն զսպել, այլեւ արմատախիլ ընել Իրանի տարածաշրջանային ազդեցութիւնը։ Մինչդեռ ԱՄՆ աւելի զգուշաւոր մօտեցում կը ցուցաբերէ՝ փորձելով խուսափիլ լայնածաւալ պատերազմէ եւ պահպանել միջազգային հաւասարակշռութիւնը։ Այս տարբերութիւնը կը բիւրեղացնէ նաեւ Իսրայէլի պահանջները այս փուլին։ Անոնք չեն սահմանափակուիր միայն անվտանգութեան ապահովումով, այլ կը միտին Իրանի ազդեցութեան ամբողջական քանդման՝ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ այլ ճակատներու վրայ։ Այլ խօսքով՝ խնդիրը միայն ռազմավարական չէ, այլ համակարգային։
Միւս կողմէ, ներամերիկեան քաղաքականութիւնը եւս չի՛ կրնար դուրս մնալ այս զարգացումներէն։ Նախագահ Տանըլտ Թրամփի պարագային նման իրավիճակները երկակի ազդեցութիւն կրնան ունենալ։ Մէկ կողմէ արտաքին ճգնաժամը կրնայ օգտագործուիլ՝ որպէս ուժի եւ առաջնորդութեան ցուցադրում, իսկ միւս կողմէ երկարատեւ լարուածութիւնը եւ անորոշութիւնը կրնան վերածուիլ ներքին քննադատութեան աղբիւրի։ Հետեւաբար, հարցը բաց կը մնայ. այս զարգացումները կը վնասե՞ն, թէ կը զօրացնեն անոր դիրքերը։
Ամենէն մեծ անորոշութիւնը, սակայն, կը վերաբերի ապագային: Արդեօք կարելի՞ է այս դիմակայութիւնը աւարտուած համարել։ Իրականութիւնը կը յուշէ, որ մենք աւելի շատ գործ ունինք ո՛չ թէ աւարտի, այլ ընդմիջումի մը հետ։ Տարածաշրջանէն ներս լարուածութիւնը կը շարունակուի եւ կողմերը կը պահեն իրենց ռազմական ու քաղաքական լծակները՝ յաջորդ փուլին համար: Ի վերջոյ, հիմնական հարցը կը վերաբերի Իրանի ապագային։ Կրնա՞յ արդեօք երկիրը վերականգնիլ եւ վերակազմաւորուիլ, թէ արդէն հասած է թուլացման այնպիսի փուլի մը, որու ետդարձը դժուար է։ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան համակարգը տակաւին կը ցուցաբերէ դիմադրողականութիւն՝ հիմնուած իր ներքին կառոյցներուն եւ տարածաշրջանային ցանցերուն վրայ։ Սակայն, ճնշումները՝ տնտեսական, ռազմական եւ քաղաքական, կը շարունակեն կուտակուիլ։
Այս բոլորին մէջ մէկ բան յստակ է. «պատերազմ» կոչուածը աւելի բարդ երեւոյթ է՝ քան պարզ ռազմական բախումը։ Այստեղ յաղթանակը յաճախ կը չափուի ո՛չ թէ գրաւուած տարածքներով, այլ ազդեցութեամբ, դիմադրողականութեամբ եւ ապագայի կարողութեամբ։ Իսկ այս առումով խաղը դեռ աւարտած չէ։
Գալով Լիբանանի հանգոյցին… ԱՄՆ-ի համար շատ կարեւոր է լուծել այս հիմնահարցը։ Այստեղ պէտք բացատրել, թէ ի՞նչ է բուն խնդիրը: Սկսած Պաղեստինի խնդիրէն մինչեւ «Հիզպուլլահ»՝ Լիբանան կը շարունակէ ո՛չ միայն մաս կազմել Իրանի արտաքին ձեռքերու համակարգին, այլ այդպէսով կը խոչընդոտէ ԱՄՆ-ի քաղաքականութիւնները կամ առաջադրանքները։ Պէտք չէ մոռնալ, որ 2024 թուականի հոկտեմբերէն ի վեր, երբ հրադադար կնքուած էր Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ, ԱՄՆ հետամուտ եղած էր Լիբանանի մարմինները համոզելու, որպէսզի աշխատին «Հիզպուլլահ»ը զինաթափելու ուղղութեամբ։
Այստեղ հարկ է խորանալ այս հատուածին մէջ՝ հասկնալու համար, թէ Լիբանանի կառավարութիւնը ունէ՞ր բաւական ներուժ «Հիզպուլլահ»ը ամբողջապէս զինաթափելու համար։ Կար, անշուշտ, կարողութեան հարց ու ատկէ անդին կար ներքին հաւասարակշռութիւններու լուրջ հարցադրում մը։ Ներքին առումով մինչեւ հիմա ալ Իսրայէլի հետ խօսելու դրոյթը կը շարունակէ մնալ բարդ եւ դժուարամարս մօտեցում մը։ Այդ առումով ալ Լիբանանի քաղաքական գործիչներուն մեծ մասը կը սոսկայ այս ուղղութեամբ մտածելէ։
Պէտք չէ մոռնալ, անշուշտ, որ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահը «զտարիւն» քաղաքական գործիչ մը չէ։ Ան երկրի նախագահն է, բայց, դժուար է ըսել, որ ան քաղաքական գիծի մը հաւատացողն է կամ քաղաքական գիծ մը առաջ տանողն է՝ մանաւանդ, որ բազմիցս յայտարարած է, որ իր պաշտօնավարութեան աւարտէն անմիջապէս ետք ան պիտի հեռանայ իր աթոռէն եւ պիտի լքէ քաղաքական ասպարէզը։ Այս բոլորէն անդին հիմա էական հարցում մըն է, թէ ի՞նչ ընթացք պիտի ունենան գալիք օրերու իրադարձութիւնները։
«Հիզպուլլահ» պիտի ընդունի՞, որ Աուն առաջ քաշէ իր առաջարկը եւ ուղղակի բանակցութիւններ վարէ Իսրայէլի հետ: Եւ կամ «Հիզպուլլահ»՝ որպէս պատասխան կամ արձագանգ, ներսէն պիտի պայթեցնէ երկիրը։ Այսինքն, կերպով մը պիտի գրաւէ՞ Պէյրութը եւ պիտի ստիպէ, որպէսզի սիւննի վարչապետ Նաուաֆ Սալամ հրաժարի եւ այսպիսով ալ նախագահական պաշտօնը առնէ իր ձեռքերուն մէջ։ «Հիզպուլլահ» բաւարար ուժը չունի ամբողջ գետինը շարժելու։ Անշուշտ, այստեղ պէտք չէ մոռնալ կամ անտեսել, որ Լիբանանի համար գործադրուած ճիգերու պարագային հիմնարար դեր ունեցաւ Իրան։
Ո՛չ ոք կրնար մտածել, որ Թրամփ պիտի կարողանար յայտարարել, Լիբանան-Իսրայէլ հրադադարի մասին, որ կ՚ընթանայ խախտումներով: Եւ, անշուշտ, հոս է, որ բուն հարցը կը ծագի. ինչքա՞ն էր Իրանի ներուժը՝ քանի այդ երկիրը՝ հակառակ իր վիրաւոր վիճակին, կարողացաւ ինքզինք պարտադրել ու հրադադար մը «նուիրել» փոքրիկ Լիբանանին։
Հարցումները, ի հարկէ, շատ են: Յառաջիկայ օրերը ցոյց պիտի տան, թէ ինչքանո՛վ ամուր է Իսրայէլ-Լիբանան հրադադարը: Բաց աստի, այժմէական է նաեւ այլ հարցում մը. ի՞նչ ուղղութիւն պիտի ունենայ Ուաշինկթըն-Թեհրան գործարքը։
Դժուար չէ կանխատեսել, որ Մերձաւոր Արեւելքի անաւարտ խաղը պիտի շարունակուի: Ընդհանուր պատկերին վրայ, այս իրադարձութիւնները կը բացայայտեն Միջին Արեւելքի այն խորքային իրողութիւնը, թէ տարածաշրջանը այլեւս չի՛ գործեր պարզ դաշինքներու եւ յստակ ճակատներու տրամաբանութեամբ։ ԱՄՆ-Իրան պայքարը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի շուրջ ստեղծուած բարդ իրավիճակը ցոյց կու տան բազմաշերտ ուժային համակարգ մը, ուր ռազմական, քաղաքական եւ հոգեբանական գործօնները միաժամանակ կը շարժին։
ԱՄՆ-Իրան առանցքին վրայ տեսանելի է «չբացայայտուած պատերազմի» մը տրամաբանութիւնը։ Կողմերը կը խուսափին ուղղակի լայնածաւալ բախումէ, բայց, միաժամանակ, կը շարունակեն մաշեցման ռազմավարութիւնը. Իրան տարածաշրջանային իր ցանցերով եւ ազդեցութեան օղակներով, իսկ ԱՄՆ տնտեսական ճնշումներով, դիւանագիտական մեկուսացման փորձերով եւ զսպման քաղաքականութեամբ… Այս փոխազդեցութիւնը կը ստեղծէ իրավիճակ մը, ուր կողմերէն որեւէ մէկը չի՛ հասնիր վճռական գերակայութեան, բայց եւ այնպէս, նաեւ չի՛ հրաժարիր իր նպատակներէն։ Այս անորոշ վիճակը ինքնին կը դառնայ ռազմավարութիւն մը: Երկարաձգուած լարուածութիւնը երբեմն աւելի օգտակար կը դառնայ՝ քան արագ լուծումը, որովհետեւ ան կը պահպանէ ազդեցութեան լծակները եւ կը խուսափի անկանխատեսելի պատերազմի հետեւանքներէն։
Լիբանանի պարագային պատկերն ալ նոյնքան բարդ է, բայց, աւելի տեղայնացուած բազմաշերտութեամբ։ Երկիրը կը գտնուի ներքին համակարգային ճնշումներու եւ արտաքին ազդեցութիւններու խաչմերուկին վրայ։ «Հիզպուլլահ»ի հարցը այստեղ պարզ ռազմական կամ անվտանգային խնդիր մը չէ, այլ պետական կառոյցի ներսէն եկող քաղաքական հաւասարակշռութեան հարց։ Լիբանանի պետութիւնը, սահմանափակ կարողութիւններով եւ բարդ համայնքային կառուցուածքով, փաստօրէն կը շարժի նուրբ գիծի մը վրայ՝ փորձելով ապահովել ներքին կայունութիւն, միաժամանակ, դիմագրաւելով արտաքին պահանջներ։ Այս պայմաններուն մէջ, որեւէ քայլ՝ զինաթափման փորձ կամ արտաքին ճնշումներու ուժեղացում, կրնայ դիւրութեամբ վերածուիլ ներքին ճգնաժամի։ Ահա թէ ինչո՛ւ Լիբանան յաճախ կը դառնայ ո՛չ թէ լուծման տարածք, այլ ժամանակաւոր հաւասարակշռութիւններու դաշտ, ուր բոլորը կը փորձեն խուսափիլ վերջնական բախումէ, բայց, միաժամանակ, չեն կրնար կառուցել կայուն լուծում մը։
Իրանի դերակատարութիւնը երկու ճակատներուն վրայ ալ առանցքային է։ Ան ո՛չ միայն տարածաշրջանային ազդեցութեան ցանց մը ունի, այլեւ կը գործէ՝ որպէս ճնշման եւ հաւասարակշռման գործօն մը՝ թէ՛ ԱՄՆ-ի, թէ՛ Իսրայէլի, թէ՛ Լիբանանի ներքին քաղաքականութեան մէջ։ Սակայն, այս ազդեցութիւնը եւս սահմաններ ունի՝ տնտեսական ծանր վիճակ, միջազգային ճնշումներ եւ ներքին դժգոհութիւններ, որոնք աստիճանաբար կը նուազեցնեն խուսանաւելու հնարաւորութիւնները:
Այս ամբողջ պատկերը կը ցոլացնէ եզրակացութիւն մը: Միջին Արեւելքը այսօր կը գտնուի ո՛չ թէ լուծման, այլ վերաձեւաւորման փուլի մը մէջ։ Հին ուժային ճարտարապետութիւնը տակաւին ամբողջովին չէ՛ քանդուած, բայց, նոր հաւասարակշռութիւններն ալ չեն ձեւաւորուած։ Արդիւնքը երկարատեւ անորոշութիւնն է, ուր բոլոր կողմերը միաժամանակ ուժեղ են եւ սահմանափակ, ազդեցիկ եւ խոցելի։
Եւ արդէն այս իսկ պատճառով, ներկայ գործընթացները պէտք է հասկնալ ո՛չ թէ իբրեւ վերջնական հանգուցալուծումի ճանապարհ, այլ իբրեւ երկար խաղ մը, ուր իրական յաղթանակը կը չափուի ո՛չ թէ մէկ ճակատամարտով, այլ կարողութեամբ՝ դիմանալու, դիրքերը պահելու եւ յաջորդ փուլին սպասելու։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան