ԱԽՈՐԺԱԳՐԳԻՌ ԿՂԶԻՆ…
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու գանձի նախարար Սքոթ Պեսընթ, որ 2025-ի յունուարէն ի վեր կը վարէ այդ պաշտօնը, ամերիկեւիսրայէլեան ընդդէմ Իրան պատերազմի երկարաձգումը ամրապնդող յայարարութիւն մը կատարելով ըսաւ, որ ժամանակի թաւալքին հետ ԱՄՆ պիտի պարտադրէ իր տիրապետութիւնը Հիւրմիւզի նեղուցի ամբողջ տարածքին եւ այնտեղէն ազատ նաւարկումը այլեւս պիտի դառնայ անխուսափելի իրողութիւն, ըլլա՛յ այդ նաւարկումը ամերիկեան ուղեկցորդի կամ միջազգային բազմազգ ուղեկցորդներու միջոցով:
Այս տրամաբանութեան մէջ կ՚իյնան նախագահ Թրամփի իրանեան Խարք կղզին գրաւելու անսանձ ախորժակներն ու յայտարարութիւնները՝ առանց սակայն խզելու պատերազմի դադրեցման եւ ամբողջական համաձայնութեան մը յանգելու քուլիսային իր բանակցութիւնները իրանեան կողմին հետ՝ առաջնորդութեամբ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մուհամմէտ Պաքէր Քալիպաւի, որ այս պահուն կը թուի ըլլալ «ամենավստահելի» անձնաւորութիւնը երկրի ղեկավար Միւճթեպա Խամանէյի: Միւս կողմէ, ամերիկեան կողմին հետ բանակցութիւնները առաջ մղելու նպատակով, Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան վերջերս սիրախաղով մ՚ընդառաջ երթալով Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի՝ միջնորդական դեր խաղալու խնդրանքով, վերջինը համարեց «իսլամ եղբայր», մասնաւորապէս իսլամական աշխարհի շահերը պաշտպանող առաջնորդ մը, որ բազմիցս խստօրէն դատապարտած է եւ կը շարունակէ դատապարտել Իսրայէլի յարձակումներն ու ոտնձգութիւնները իսլամական երկիրներու դէմ: Ու եթէ Փեզեշքիանի՛ իսկ յայտարարութիւնը բերենք լուսարձակի տակ, որով ան միաժամանակ կը խոստովանի, թէ «ինք պատանդ մըն է Իրանի իսլամական պահակագունդի ձեռքերուն մէջ եւ կարող չէ սեփական տեսակէտ յայտնել՝ շարունակուող պատերազմը դադրեցնելու համար», կը պարզուի, որ Իրանի իշխանութեան ներսը եղող ճաքերու մասին յաճախակի խօսակցութիւնները հիմք ունին:
Մինչ Թրամփ ակնարկութիւն կ՚ընէ իրանեան Խարք կղզին հիմնովին ջնջելու, կործանելու Իրանի բոլոր ելեկտրակայաններն ու նաւթահորերը՝ եթէ չյաջողի զանոնք իր հսկողութեան տակ առնել, միւս կողմէ ամերիկեան՝ այսպէս կոչուած 15 կէտերէ բաղկացած պահանջներու Թեհրանի մերժումը՝ միջնորդ կողմերու փոխանցմամբ, Իրանը կը դնէ երկընտրանքի առջեւ. կամ ստորագրել իր անձնատուութիւնը, կամ ստիպուած տարածաշրջանը տանիլ համատարած գեհենակուլ քաոսի՝ հրկիզելով Միջին Արեւելքի եւ Արաբական ծոցի երկիրներու մէջ ամերիկեան բոլոր կեդրոնատեղիներն ու խարիսխները, կրթական կառոյցնե՛րն անգամ, շարքին՝ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանն ու Լիբանանի Ամերիկեան համալսարանը. մէկ խօսքով՝ ամէն ինչ, որ կը կրէ «ամերիկեան» անուն: Այսպէս, ամերիկեան հազարաւոր զինուորներու շտապ ցամաքահանում իրականացնելու Թրամփի մկանամարզանքները կը շարունակեն խլել միջազգային մամուլի ճակատային խորագիրները, ընթացքին, ի՜նչ փոյթ, որ ԱՄՆ-ի տարածքին կը շարունակուին միլիոնաւոր զանգուածներու բողոքի ցոյցերն ու ատելավառ կարգախօսները նախագահին դէմ՝ դադրեցնելու հիւծումի տանող քանդիչ պատերազմը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԲԵՄԻ ՎՐԱՅ
Իրանէն ետք, իսրայէլեան ռազմական յարձակումներու եւ աւերածութիւններու ծանր տուրքը վճարող երկրորդ երկիրն է Լիբանան: Լիբանանեան բեմի վրայ քաղաքական սուր տագնապ մը եւս աւելցաւ եւ ներքին բարդ իրավիճակ մը ստեղծուեցաւ վերջերս: Լիբանանի կառավարութիւնը անցեալ շաբթուան մէջ իր արտաքին գործոց նախարարին՝ Եուսէֆ Ռաժժէի ձեռամբ երկրէն արտաքսման գրաւոր նամակ մը յանձնած էր Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուհամմէտ Ռիտա Շիպանիին՝ վերջինին տալով երկիրը լքելու պայմանաժամ, մէկ խօսքով՝ արտաքսելու որոշում, մինչեւ կիրակի, 29 մարտ (արդէն աւարտած է պայմանաժամը), դեսպանը համարելով «անցանկալի անձ»: Շիպանի մերժելով Լիբանանի կառավարութեան պահանջը, արհամարհելով եւ ոտնակոխելով դիւանագիտական եւ միջազգային օրէնքները, դեռ կը շարունակէ «իր պաշտօնավարումը»՝ վայելելով միայն «Հիզպուլլահ»ի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի պահանջը՝ չհեռանալու երկրէն: Աւելին, Իրանէն հրամայուած վերջինին արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը՝ «...մեր դեսպանը պիտի մնայ եւ շարունակէ իր առաքելութիւնը Լիբանանի մէջ...», ընդհանուր զայրոյթ յառաջացուց լիբանանեան մեծամասնութեան մօտ, շարքին՝ երկրի վարչապետին եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզէֆ Աունի, որ ժողովուրդին ուղղուած իր պատգամին մէջ, ի միջի այլոց ըսաւ, որ «...պիտի կտրուին ձեռքերը բոլոր անոնց, որ կ՚երկարին ապակայունացնելու երկրին ու քաղաքացիական անդորրը», նոյն ատեն շեշտելով, որ Լիբանան կտրականապէս կը մերժէ իր հողատարածքը օտար երկիրներու միջեւ ռազմական բախումներու եւ «հաշիւներ մաքրելու» թատերաբեմ դարձնել: Շիպանի, անցած 2 մարտէն ասդին («Հիզպուլլահ»՝ Իրանի կողքին եւ առանց Լիբանանի կառավարութեան կարծիքը առնելու Իսրայէլի դէմ մարտական գործողութիւններու սկսելէն ի վեր) բազմիցս ենթարկուած էր քննադատութիւններու վարչապետին ե՛ւ կառավարական զանազան ներկայացուցիչներու կողմէ՝ երկրին ներքին գործերուն միջամտելու, դիւանագիտական նորմերը խախտելու եւ «Հիզպուլլահ» կուսակցութեան օգնելու յանցանքով: Միւս կողմէ լուսարձակները կեդրոնացնելով երկրի հարաւին վրայ, իսրայէլեան աւերիչ ռմբակոծումները հարաւային շրջաններու գիւղերու եւ քաղաքներու մէջ մինչեւ այս պահը կը շարունակուին՝ քանդումներու ծիրը ընդարձակելով ու հասնելով մինչեւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններ, ուր «Հիզպուլլահ» իր համակիրներով խիտ բնակչութեամբ ներկայութիւն է, ստեղծելով ռմբակոծուող շրջաններէն դէպի աւելի ապահով շրջաններ գաղթի աննախընթաց ալիք մը...: Չի բացառուիր, որ Լիբանանի հարաւէն ներս Իսրայէլ թափանցելով եւ օրն ի բուն բուռն բախումներ ունենալով «Հիզպուլլահ»ի զինեալներուն հետ, կը ձգտի մինչեւ 40 քլմ. խորութեամբ ստեղծել «ապահովական գօտի մը» իրեն համար, իր սահմանէն հեռացնելու «Հիզպուլլահ»ի «ահաբեկիչները»: Իրականութիւնը սակայն այն է, որ լիբանանեան հարուստ ջուրերուն վրայ Իսրայէլի ախորժակները աւելի քան կէս դարու կեանք ունին, եւ լիբանանեան Լիթանի նշանաւոր գետի հարաւն ու հիւսիսը Իսրայէլի կողմէ կը դիտուի որպէս ախորժագրգիռ աղբիւր՝ այդ շրջանները ի վերջոյ կցելու «մե՜ծն Իսրայէլի երազին»: Զուգահեռ այս իրադարձութիւններուն, Պէյրութի արեւելեան շրջաններու եւ Մեթնի՝ Էշրեֆիէ, Մար Մըխայէլ, Խալիլ Պատաուի եւ Հաճըն, Պուրճ Համուտ, Զալքա, Անթիլիաս եւ հայաբնակ այլ շրջաններու մէջ ապրող հայ համայնքի բնակիչները բարեխարտաբար ցարդ չունեցան հոգեկան կամ այլ վնասներ: Պիտի ընդգծել, որ այս շրջաններէն ներս յարաբերական խաղաղութեան պայմաններու մէջ լիբանանահայ համայնքը՝ իր երեք յարանուանութիւններով եւ կուսակցութիւններով զգօն է եւ սթափ, եւ կը դրսեւորէ խոհեմութիւն՝ չներքաշուելու միջազգային քաղաքականութեան կեղտաջուրերուն մէջ...: Մտահոգիչ է սակայն հայկական որոշ վարժարաններու փակ մնալու իրավիճակը եւ տան մէջ առցանց (օնլայն) դասաւանդման կիրարկումը՝ մեկնելով ապահովական նկատառումներէ:
Մնալով Լիբանանը յուզող տագնապներու ծիրէն ներս, եւ այնքան ատեն որ Իրանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին եւ մօտալուտ չ՚երեւիր անոնց աւարտը՝ հակառակ պատերազմը միակողմանիօրէն դադրեցնելու Թրամփի ատենը մէկ յայտարարութիւններուն, ի՞նչ օգուտ կամ ի՞նչ իմաստ ունի, օրինակի համար, Ֆրանսայի խաղաղասիրական նախաձեռնութիւնը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ, որ կ՚աշխատի՝ Իսրայէլը զսպելու որ չներխուժէ ու հարաւի մէջ չստեղծէ «գրաւեալ գօտի», միաժամանակ կոչ ուղղելով «Հիզպուլլահ»ին, որ իր դիրքերն ու զէնքերը յանձնէ լիբանանեան բանակին:
ԽԱՐՔ ԿՂԶԻՆ...
Կազզէէն, Գանատայէն եւ Կրինլենտէն ետք, ԱՄՆ-ի նախագահին ախորժակը գրգռող աշխարհագրական կէտը արդ Պարսից ծոցի մէջ իրանեան Խարք կղզին է, որ կը կազմէ շուրջ 20-22 քռկ. քլմ. տարածք: Կղզին կը գտնուի Արաբական ծոցի հիւսիսը եւ վարչականօրէն կը պատկանի իրանեան Պուշահր նահանգին, այս նահանգի ափէն 25 քլմ. հեռաւորութեան վրայ: Ան իրանեան նաւթի արտահանման ամենակարեւոր ռազմավարական կեդրոններէն մէկն է, քանի որ Իրանի նաւթի արտահանման ամենամեծ տոկոսը՝ աւելի քան 90 առ հարիւրը կ՚անցնի այդ կղզիով:
Որքանո՞վ վտանգաւոր կ՚ըլլայ ԱՄՆ-ի ցամաքային յարձակումը Խարք կղզիի վրայ:
Վերջերս միջինարեւելեան տարածաշրջան տեղակայուեցան երկու ծովային հետեւակի արշաւախումբ, զօրախաղաց ստորաբաժանումներ: Այս երկու ստորաբաժանումները յագեցած են արագ արձագանգման երկկենցաղային (ծովային ե՛ւ ցամաքային) գործողութիւններու յատուկ ասպատակիչ եւ յարձակողական առաքելութիւններ իրականացնելու կարողականութեամբ: Արդարեւ, ծովային հետեւակի արշաւախումբին մասնակցող ստորաբաժանումներու զօրավարժութիւնները նախապէս ներկայացուցած էին վեհաշուք տեսարան մը՝ երբ երկնքի վրայ կը սաւառնէին յարձակողական ուղղաթիռներ: Այս գծով, ՆԱԹՕ-ի դաշնակից ուժերու նախկին գերագոյն հրամանատար Ճէյմս Սթաֆրիտէս վերջերս յայտարարեց, որ ծովային հետեւակի արշաւախումբերուն պատկանող նաւերը օժտուած են մարտական հզօր հնարաւորութիւններով: Սակայն զգուշացուց, որ ցամաքային որեւէ գործողութիւն սկսելէ առաջ այս ուժերը պէտք է հատեն Հիւրմիւզի նեղուցը եւ հասնին Խարքի հիւսիսային մաս, ուր բացառուած չէ որ անոնք չբախին իրանեան անօդաչու սարքերու, պալիսթիք հրթիռներու եւ ջրային ուղիներու վրայ տեղադրուած ականներու հետ կապուած լուրջ մարտահրաւէրներու: Եւ վտանգաշատ ռիսքերէն մէկն ալ Իրանի կողմէ երկկենցաղային նաւերուն դէմ յարձակումներու մեծ հաւանականութիւնն է: Ինչ կը վերաբերի միւս մտահոգութեան՝ ճակատագիրն է Խարք կղզիի բնակչութեան, որուն թիւը կը հասնի բազմահազարներու, որոնց մեծամասնութիւնը նաւթային ոլորտի աշխատողներ են եւ որոնց պէտք է զսպել կամ դուրս բերել այնտեղէն:
Վերոյիշեալ վտանգները աչքի առաջ ունենալով, ԱՄՆ պիտի դիմէ՞ ռիսքի՝ գրաւելու Խարք կղզին, թէ՞ ապրիլի 6-էն իսկ առաջ պիտի յայտարարէ պատերազմը միակողմանիօրէն դադրեցնելու կամ տարածաշրջանէն քաշուելու համար ժամանակացոյց մը ներկայացնելու իր մտադրութիւնը: Բայց չէ՞, որ պատերազմը սկսելէ առաջ Իրան յայտարարած եւ զգուշացուցած էր ԱՄՆ-ն ու Իսրայէլը. «Դուք կրնաք սկսիլ պատերազմը, սակայն ե՛ս կ՚որոշեմ անոր աւարտի ժամը»:
Եթէ Իրանի Մուճթեպա Խամանէյ կրնկախոխ պահանջէ ի՛ր պատկերացուցած խաղաղութեան գործադրումը, ի՞նչ կրնայ ըլլայ ամերիկեւիսրայէլեան պատասխանը, նկատի առնելով որ եւրոպական գրեթէ բոլոր երկիրները, ներառեալ Անգլիան, մերժեցին օգնել Թրամփին՝ ՆԱԹՕ-ի իրենց առաջնորդին, ե՛ւ մերժեցին ներքաշուիլ պատերազմին մէջ, աւելի հակելով Իրանի առաջարկներուն:
Արդեօք ՆԱԹՕ-ն գլխաւոր զո՞հն է այս պատերազմին՝ Իրանին ցուցաբերուող Ռուսաստանի եւ Չինաստանի բացայայտ օժանդակութեամբ:
Վերջապէս, ոչ վերջին կարգով, Թրամփի համար ախորժագրգիռ Խարք կղզին պիտի ըլլա՞յ աշխարհի խաղաղասէր ժողովուրդներուն համար հուսկ փրկօղակ՝ մարելու գեհենային հրդեհները՝ այսպէս կոչուած Գ. աշխարհամարտի...:
«Ծաղիկ»-«Աղթամար»
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
Պէյրութ