«ԲԵԿԱՆԵՄ ՇԱՆԹԵՐ»

Ապրիլի քսանը անցաւ եւ սա, ինչպէս միշտ, յստակ օրակարգ մը կ՚առաջարկէ մեր առօրեային մէջ: Եթէ ձեր հեռաձայնին ընդմէջէն հայկական տարբեր գաղութներու լուրերուն կը հետեւիք, ուրեմն ձեր քով կամաց-կամաց ընթացք առած պէտք է ըլլան յիշատակի երեկոները, տարելիցի նշումները, ոգեկոչման ձեռնարկները… կրկնուող թիւ պէտք է ըլլայ ձեր դիմաց 111-ը, որ հաւանաբար մինչեւ ապրիլի վերջերը քիչ մըն ալ կրկնուի եւ… վե՛րջ: 

Պիտի յիշէք երեւի, որ քանի մը տարի առաջ «կը յիշենք, կը պահանջենք» մը պատրաստուած էր դիմատետրի էջերուն վրայ. մարդոց մեծ մասը մանիշակագոյն անմոռուկին վրայ հայրենասիրաբար իր նկարները դրին, «փրոֆայլ»ներ փոխեցին, կերպարանափոխուեցան, չեմ գիտեր ի՛նչը մոռցած էին՝ յիշեցին, նոյնպէս չեմ գիտեր, թէ ճի՛շդ ինչը «պահանջեցին», յետոյ, շատ չանցած «փրոֆայլ»ները ե՛տ փոխեցին, դարձան իրենց բո՛ւն «փրոֆայլ»ին… 

Դժուար է զանազան «փրոֆայլ»ներ ունենալ, բայց փախուստ չկայ. ո՞ր մէկս չունինք: 

Բարեբախտաբար թէ իրատեսաբար ապրիլեան լոզունգներ չեն առաջարկուիր մեզի այլեւս եւ իւրաքանչիւրիս հայեցողութեան ձգուած է յիշել թէ չյիշել: 

Կը յիշե՞նք. կը հարցնեմ:

Եթէ՝ այո՛, յիշելը բաւարա՞ր է: 

Իսկ եթէ՝ ոչ, ի՞նչ պէտք է ընել. յիշեցնե՞լ: 

Մեր պարտականութի՞ւնն է յիշելը, թէ՞ պարտաւորութիւնը: 

Պարտադրաբար եղած բանը բնական կ՚ըլլա՞յ:

Շատ հարցումներ ունիմ դեռ. 

Ի՞նչ է յիշելը, գիտնա՞լ:

Եթէ 111 տարի առաջ եղած բանը գիտեմ եւ յիշողութիւնս չէ վնասուած, ուրեմն կը յիշե՞մ:

Վաղը, միւս օր, մինչեւ ապրիլի 24-ը, ֆանֆարի շարքերով կարգապահ ու լուրջ դէմքերով եթէ քայլենք, «Ատանայի ողբը» շեփոր ու թմբուկով հնչեցնենք, եթէ Ս. Պատարագի երթանք, մոմ վառենք, կարմիր թարմ վարդեր գնենք, մեր եկեղեցիներու խաչքարներուն եւ ամէնուր դրուած յուշարձաններուն դիմաց կարգ ու կանոնով շարուինք, վարդեր խճողենք, յետոյ նկարուինք, եթէ ձեռնարկներ ընենք, «սգում» ընենք, Արցախին քարտէսն ու դրօշակը կախենք, Կոմիտաս երգենք, «Տլէ եաման» նուագենք, Պարոյր Սեւակ ու Շիրազ ասմունքենք, բանախօսութեան երթանք, երկար ու ծանր բառերով խորագիրներ կարդանք, մտիկ ընենք. չհասկնանք, ձանձրանանք, բայց «ամօթ է» ըսենք ու մնանք… 

Այս բոլորը, աւելին ու աւելին երբ ընենք, յիշա՞ծ կ՚ըլլանք:

Չենք ըլլար, քանի որ բայերու անվերջ աս շարքը մեր լո՛կ զգայարաններով կ՚իրագործուի եւ ոչ՝ մտաւոր զգացումներով. գիտե՛մ: 

Ըրի՞նք: Եղա՞ւ:

Ոգեկոչեցի՞նք սրբադասուած մեր զոհերուն յիշատակը:

Լա՞ւ էր «եկողներուն» թիւը: Նկարուելու կամ «լայւ» ելլելու չափ բաւարար էր: 

Դեռ ի՛նչ.

Միասին կատարուած է, խորհուրդն ամբողջացած: 

Քանի՞ տոկոսանոց իրականութիւններ են այս գործողութիւնները իրակա՛ն մեր կեանքերուն, մեր առօրեային, մտածմունքին, հոգեմտաւոր խառնուածքին, մեր հոգիին ու էութեան մէջ: 

Ի՞նչ արժէք ունի «այս» օրերուն Կոմիտաս լսելը, եթէ շնչող իրողութիւն մը չէ ան մեր կեանքին մէջ: 

Ի՞նչ իմաստ ունի հայկական խրոխտ պար պարելը, եթէ վարքդ առաջնորդող կերպար մը չէ անիկա: 

Ինչպէ՞ս դարձնել. ահա՛ հարցումը: 

Ի՞նչ նշանակութիւն ունի առանց հասկնալու, թութակի պէս երկար ոտանաւորները գոց սորվիլ, երբ սորվողը երկու պարզ ու մաքուր հայերէն նախադասութիւն կազմելու դժուարութիւն ունի: 

Ինչո՞ւ դժուար է. ահա՛ քննուելիքը:

Տուն, ուսուցիչ, վարժարան, ակումբ, միութիւն՝ ձեռք-ձեռքի կրնա՞նք տալ:

Մի՛ մտածէք պատասխանել. ձեռնպահ ենք բոլորս: 

Վարդերուն իմաստը ի՞նչ է, երբ տատասկ է մեր մէջինը: 

Ինքնախաբէութեան ո՞ր աստիճանն է ասիկա: 

Արժէք մը ունի՞ բացարձակ անցեալը, երբ անկարող ենք զայն այսօրուան զօդել: 

Ի՞նչ է յիշելուս, բան մը յիշելուս իմաստը, երբ գոյութիւն չունի անիկա իրական կեանքիս մէջ: 

Ինչո՞ւ չունի. ահա՛ վտանգը:

Իրականութիւնը այսօրն է, ներկա՛ն, որուն մէջ պէտք է թափի անցեալն ու գալիքի տեսիլքը, այլապէս… 

Ինչպէս միշտ՝ «ապրիլ»ը կը վերջանայ, յանկարծակի այս սթափումը «յաջողութեամբ» կ՚աւարտի, իսկ յիշելու պահանջին թմբիրը կը սկսի: Աստուած մեծ է մինչ յաջո՜րդ ապրիլ: 

Դաժան կրնայ հնչել, բայց ա՛յս ենք մենք:

Վերի հարցումներս կրնամ շարունակել դեռ.

111 տարի առաջուան Մեծ Եղեռնը եւ անոր յաջորդող իրադարձութիւնները յիշելը ի՞նչ օգուտ ունի, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնը կ՚ըսէ, թէ «Պատմական Հայաստանի երազներով մի՛ ապրիք, ժողովուրդ: Թող չկանչեն ձեզ այդ հի՜ն երազները»: 

Ճի՛շդ է:

Հին երազներ, գո՛ց ճամբաներ: 

Երեւանի գոյութեան ու չգոյութեան մասին հարցման լուրջ նշաններ օրօրուած պահուն, անգոյն երազներու ինչպիսի՛ աշխարհի մէջ պէտք է ըլլալ ու «Պատմական Հայաստան»ը յիշել…

Փա՜ռք խմիչքի սեղաններուն շուրջը հնչող, մեր յիշողութիւնը մի՛շտ թարմ պահող հայրենասիրական մեր երգերուն. 

«Եղեգնեայ գրչով»ը կը թնթացնենք, «կը պայքարինք», վերոյիշեալ այս գործողութիւնները տարիէ տարի կը կրկնենք յիշել ու յիշեցնելու համար, երբ մեր «Պետութիւնը» մեզի կը թելադրէ չյիշել: 

Տարբեր յիշողութիւններով նոյնանման մարդիկ կ՚ըլլա՞ն:

Ո՞վ ըսաւ, որ նոյնանման ենք. լրիւ ուրիշ հարցում է ասիկա: 

Ուրեմն, մենք ու մեր պետութիւնը նոյնը չե՞նք:

Մենք ո՞վ ենք: Սփիւռքը՞:

Կա՞յ սփիւռք, առանց «հայրենիք»ի: 

Ո՞ր հայրենիքէն կախուած սփիւռքն ենք մենք: 

Ո՛չ Սրտիկներու այս պետութիւնը մեր հայրենիքն է, ո՛չ ալ անտարբեր այս սփիւռքը մենք ենք: 

Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս առանձին-առանձին ա՛սքան փոխուեցանք: 

Մեզ միացնող ցաւը չյիշելու չափ, ե՞րբ իրարմէ այսքան օտարացանք: 

Չէ՞ որ «Ցաւողը ո՛ղջ է, ուրիշին ցաւը զգացողը՝ մարդ»… 

Ողջ մեռելնե՞ր ենք, այլեւս, թէ՞ թուայնացած, անշունչ ապրողներ: 

Չփոխուած բան մը կայ, փաստօրէն. 

«Ողբամ մեռելոց, կոչեմ ապրողաց»:

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Գահիրէ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2026