ԱՇԽԱՐՀԻՆ Կ՚ԵՐԹԱՄ՝ ԲԱՅՑ ՕՏԱՐ ԵՄ ԱՅԴ ԱՇԽԱՐՀԻՆ
Եւ ո՞վ է այս համաշխարհային հասարակական կարծիքը:
Մենք այս եզրը փոխաբերականօրէն կ՚օգտագործենք, որով արդարութիւն կը պահանջենք ոճրագործներէն: Եթէ այս եզրին իմաստը այդ լրատուական մարմիններն են, որոնք կը ղեկավարուին այնպիսի անհատներու կողմէ, որոնք իրարու հետ կը հակառակին թէ՛ շահի եւ թէ հաւատալիքներու առումով։ Արդարեւ, ինչո՞ւ համար անոր [համաշխարհային հասարակական կարծիքին] այսքան սրբութիւն կու տանք: Հասարակական կարծիքը՝ մարդկային խիղճը չենք տեսներ ու չենք լսեր անոր ձայնը, որովհետեւ արեւմտեան պաշտօնական «Համաշխարհային խիղճի» կազմակերպութիւնը խեղդած ու կեղծած է զայն: Իսկ եթէ մեր վերաբերմունքը անոր համար, որ շահինք «համաշխարհային հասարակական կարծիքը», որ արտայայտուած է լրատուուական պաշտօնական կառոյցներով, ապա պէտք է յայտնաբերենք այլեւս, թէ մենք կը շարունակենք մեր ստրկութեան ու կորուստին մէջ, աւելի՛ն՝ մնալու պատճառներ կը փնտռենք: Այնքան ատեն, որ այս «հասարակական կարծիքը» անհատներու սեփականութիւնն է, ապա ատոնք կ՚արժէ՞, որ դատաւորներ ըլլան: Երբ կը խուսափինք անձնասպանութենէ՝ կ՚ըսեն, թէ վախկոտներ ենք: Իսկ երբ անձնասպան կ՚ըլլանք՝ կ՚ըսեն, թէ բարբարոսներ ենք: Իսկ երբ խաղաղութեան կոչ կ՚ուղղենք՝ կ՚ըսեն, թէ ստախօսներ ենք: Իսկ երբ պատերազմելու կոչ կ՚ուղղենք՝ կ՚ըսեն, թէ վայրենիներ ենք:
Մենք ոճրագործնե՞ր ենք: Ո՞վ որո՞ւ սպաննեց: Այս հարցումը հարցուցի՞ն:
Ճիշդ չէ, որ աշխարհը իր յիշողութիւնը կորսնցուցած է: Ճիշդ ալ չէ, թէ մենք կրնանք աշխարհին իր յիշողութիւնը վերադարձնել՝ զայն սիրաշահելու միջոցով: Աշխարհը կը հանգստանայ: Աշխարհը կ՚ուզէ խաղալ եւ կ՚ուզէ խմել:
- Ինչո՞ւ համար աշխարհը քունէն կ՚արթնցնես:
* Ասիկա իմ ձայնս չէ: Ասիկա դիակիս հողին զարնուելու ձայնն է:
- Եւ ինչո՞ւ հանդարտօրէն չես մեռնիր:
* Որովհետեւ հանդարտ մահը անարգ կեանք մըն է:
- Իսկ ճչացո՞ղ մահը:
* Դատ:
- Եկար ներկայութիւնդ յայտարարելո՞ւ համար:
* Այլ եկայ բացակայութիւնս յայտարարելու:
- Իսկ ինչո՞ւ կը սպաննես:
* Սպանութենէն բացի ուրիշ բան չեն սպաններ: Ոճրագործութենէն բացի ուրիշ բան չեմ սպաններ:
- Դժոխք գնա՛:
* Ես դժոխքէն կու գամ:
Աշխարհը առաջին անգամ ըլլալով ինքն իրեն հարցուց. ո՞վ իմացուց իրեն, թէ ինք ռումբ մըն է:
- Փամփուշտով այնքան շատ կրակած էին իրեն, որով բեկորները բեկորներու վրայ հաւաքուելով ներուժ արտադրեցին եւ զայն դարձաւ պայթելու ատակ:
- Աշխարհի շրջագիծէն դուրս հանեցէք զայն:
* Հանեցինք զայն…, ետ վերադարձաւ:
- Աշխարհի ծայրը թակարդ մը լարեցէք անոր եւ զայն պարապութեան մէջ հրեցէք:
* Կարելի չէ մօտենալ անոր, որովհետեւ ան լեցուն է քառորդ դարու ողբերգութեամբ, բարկութեամբ եւ պայթիւնով:
- Ահաբեկի՞չ:
* Այո՛, ահաբեկիչ ու յուսահատ:
Ի՞նչ կ՚ընեն յուսահատութիւնով: Յուսահատութիւնը մահուան նման է: Աշխարհէն ոչինչ կ՚ուզեմ, բացի անկէ, որ իր դանակը վերցնէ վիզիս վրայէն: Պատանդ մըն էի: Ես քսանհինգ տարիներէ ի վեր ձեր ձեռքերուն մէջ եղող պատանդ եմ եւ յուսահատութիւնը ազատ արձակեց զիս: Ո՞վ կը վերադարձնէ զիս յոյսին, բացի յուսահատութիւնս յայտարարելէ: Եւ ո՞վ կրնայ ազատագրել զիս իմ յուսահատութենէս, բացի անձնասպան ըլլալու կարողութիւնս: Աշխարհը ննջասենեակ թող երթայ: Ես աշխարհի անվտանգութեան փականն եմ. ա՛յս է դերը, որ դուք որոշեցիք ինծի համար: Դուք չէք կրնար որոշել, թէ ի՛նչ կերպով պէտք է բողոքս արտայայտեմ, անիմաստ մահուանս առնչութեամբ: Դուք ի վիճակի չէք որոշելու այս քրոնիկ կոտորածէն ազատելու կերպս: Ես բացի մահանլէ ուրիշ միջոց չունիմ: Հետեւաբար, թո՛ղ մեռնիմ, ինչպէս որ կ՚ուզեմ: Չե՛մ ընդունիր այս դերը, չե՛մ ընդունիր, որովհետեւ ստրկութիւնս անվտանգութեան հաւասարում մը չէ: Ի՛նչ կ՚ուզէք կոչեցէք զիս: Հերթը եկաւ, որ ես ինքզինքս կոչեմ, ինչպէս որ կ՚ուզեմ եւ ընեմ, ի՛նչ որ կ՚ուզեմ: Աշխարհի կեդրոնը կանգնիմ, ձեռքերս պոկեմ, օդին մէջ շարժեմ զանոնք, ապա զանոնք գնդակի վերածեմ ու ձեզի հետ խաղամ… Զայն նետեմ ձեր դարպասներու ցանցերուն մէջ ո՜վ քաղաքակրթութեան դատաւորներ: Ո՛չ թէ հայրենիքին համար, ո՛չ թէ ժողովուրդին համար եւ ո՛չ ալ վրէժխնդրութեան համար: Որպէս ասիական կենդանի մը՝ այսպէս հաճելի է ինծի, գործածելը իմ մարմինս, որ մարզեմ զինք շարժելու՝ քառորդ դարու անդամալուծութենէ ետք…, որ զայն կտոր-կտոր ընեմ ու զբաղեցնեմ ձեզ: Ա՛յս է իմ միակ ազատութիւնս, հետեւաբար ինչո՞ւ կը խոչընդոտէք իմ անձնասպանութիւնս դո՛ւք, ո՜վ հաւաքական սպանդներու մասնագէտներ եւ դո՛ւք, որ մանուկները ածուխի կը վերածէք: Դուք կը սպաննէք… ուրեմն դուք կ՚ապրիք: Իսկ ես անձնասպան կ՚ըլլամ… ուրեմն ես կ՚ապրիմ: Ասկէ ետք ո՛չ ոքի պիտի արտօնեմ, որ զիս սպաննէ բացի ինձմէ: Կը ճանչնա՞ք զիս:
ՄԱԿ-ի Մերձաւոր Արեւելքի պաղեստինցի փախստականներու օգնութեան եւ աշխատանքներու գործակալութեան (UNRWA) կաթը երակներուն մէջ արիւն չի՛ ստեղծեր: Ան պայթուցիկ կը ստեղծէ: Ձեր այս սնունդը ձեզի կը վերադառնայ: Իսկ երբ մայրս զիս ձեր փողոցները նետեց, վռնտեցիք զիս ու ըսիք. վերադարձի՛ր մօրդ մօտ: Եւ երբ մօրս մօտ վերադարձայ, ձերբակալեցիք զիս, չարչարեցիք ու ըսիք. ահաբեկիչ: Այդ վայրկեանէն սկսեալ, ես մայրս կը փնտռեմ: Գիտէ՞ք ուր գտայ զինք. մարմինս արիւն կը տեղար եւ երբ ուշաթափութենէս արթնցայ, ինքզինքս արեան լճակի մը մէջ գտայ: Նայեցայ եւ դէմքի առանձնայատկութիւններ տեսայ եւ զայն մօրս երեսը կոչեցի: Ատիկա արիւնս էր եւ ո՛չ թէ ձեր արիւնը ո՜վ աշխարհի դատաւորներ:
Ով որ զիս գաղթականի վերածեց՝ ռումբի մը վերածած եղաւ զիս: Գիտեմ, թէ պիտի մեռնիմ: Գիտեմ նաեւ, որ այսօր պարտուած պատերազմ մը կը մղեմ, որովհետեւ ապագայի պատերազմն է: Տակաւին, գիտեմ, թէ Պաղեստինը՝ քարտէսին վրայ, ինձմէ հեռու է: Գիտեմ նաեւ, թէ դուք մոռցած էք անոր անունը եւ անոր նոր թարգմանութիւնը կը գործածէք: Այս բոլորը գիտեմ եւ այդ պատճառով զայն շալկելով կը բերեմ ձեր փողոցները, տուները եւ ննջասենեակները:
(«Տխրութեան սովորական օրագիր»)
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ