ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ՈՒՍԵՐԸ
Ճաշարանի ճամբուն վրայ կը զգայի, թէ նոր աշխարհի մը մէջ կը քալէի, որու մէջ ամէն ինչ նոր է՝ օդը, արեւն ու մարդիկը, փողոցն ալ նոյնը չէր, որուն արդէն վարժուած էի ամէն օր ճաշարան գացած ատենս, այն եւս նոր բան մըն էր եւ ինծի այնպէս թուեցաւ, թէ առաջին անգամն է, որ անկէ կը քալէի…:
Եթէ գիտնայի, որ հարցերը այդպէս պիտի աւարտէին ու այդ պարզութեամբ, ապա շատո՜նց վերջացուցած կ՚ըլլայի զայն… Արդարեւ, մէկ բառ կար եւ ամէն բան ուսէս ինկաւ ու զգացի, թէ պատուհանէ մը դուրս եկայ, որ գոցուած էր եւ մնացեալ մարդոց նման եղայ… Յանկարծ, թոքերս լայնցան եւ շնչելը վերածուեցաւ սովորական շնչելու, շա՜տ հաճելի գործ մը:
Ինչպէ՞ս պատահեցաւ այդ: Հիմա ինծի այնպէս կը թուի, թէ այդ պատահեցաւ ճնշող զօրութեան մը արդիւնքով. ես չեմ, կամ ան, իրականութեան մէջ ես եմ, սակայն առանց վախի: Անոր գրասենեակին մէջ իր առջեւ կանգնեցայ ու գիտէի, թէ ան կանչած էր զիս, որպէսզի նոյն բաները կրկնէ ականջներուս մէջ, որ արդէն անցնող հինգ ամիսներու ընթացքին չորս անգամ ըսած էր.
-Ո՜վ Րիատ…, դուն ահաւոր ձեւով կուսակցական գործդ անհոգութեան կը մատնես. հինգ ամիսէ ի վեր եւ գլուխդ ուրիշ տեղ է, կարծես այլեւս մեզի հետ չես… Քեզի չորս անգամ ըսի արդէն, սակայն, տակաւին վերջին ազդարարութիւնը կը յետաձգեմ, որովհետեւ դուն պիտանի հումք մըն ես…:
Միշտ այսպէս կը խօսի, այսպէս կը խօսէր, նոյն բառերը, որոնք զիս դողացուցին իր առջեւ կանգնած ատենս. «ահաւոր ձեւով», «գլուխդ ուրիշ տեղ է», «պիտանի հումք», այս բոլորը ինծի կը թուէր այնքան թոյլ, ինչքան գէշ կերպով պատրաստուած ապակին, բայց ձգախէժի թելերը լեզուս դէպի ներս կը քաշէին եւ շփոթած՝ անոր գրասեղանին վրայ դրուած ծխախոտի մոխրամանը կլոր-կլոր կը դարձնէի…:
-Ի՞նչ պատահեցաւ քեզի. կուսակցութիւնը ձգե՞լ կ՚ուզես:
-Այո՛…
Յանկարծ ըսի զայն, առանց կարենալ կանգնեցնելու, յետաձգելու կամ ուրիշ գոյնով մը ներկելու զայն, սակայն, շրթունքներէս դուրս ցատկելու պէս ձգախէժի թելերը կտրուեցան, պատուհանը բացուեցաւ եւ այլեւս հոգ չէի ըներ… Եւ երբ նայեցայ անոր, այնտեղ կանգնածը ուրիշ մարդ մըն էր այլեւս, որ իմ հոգս չէր, մէկը՝ միւսներուն նման, որ իմ գլուխիս մէջ կամ ուսերուս վրայ աթոռ մը չունի…
Մէկ բառ միայն եւ ամէն ինչ սալայատակին ինկաւ ու շոգիացաւ… Երբ դուռը ամուր կերպով գոցեցի ետեւէս, բնաւ ափսոսանք չկար մէջս… դիմացի փողոցին կանգնած մարդիկ, ինծի նման կը քալէին, առանց անոնց ուսերուն որեւէ մէկ ծանրութիւն ըլլալու…:
Երեք տարիներ եւ ես ամբողջական ճակատագիր մը կը կրէի ուսերուս…, կարծէք մարդ մը ըլլայի, որ իր կեանքին մէջ ուրիշ բան չկար, բացի այդ ճակատագիրը շալկելէ եւ անոր ծանրութեան տակ քալել խճաքարերուն ու փուշերուն վրայէն, կարծէք կեանքը, ամբողջութեամբ, պէտք էր շալկէի կեանք մը, որ իմս չէր… Իսկ միւսները, բոլոր այդ երեք տարիներու ընթացքին իրենց կեանքով կ՚ապրէին, անոնց ուսերուն ծանրութիւն չկար, պարզ կեանք մը, առանց այդ յիմար ու ծանր կապուածութեան… Ինչո՞ւ համար չընտրեցի կեանքը այնպէս՝ ինչպէս անոնք ընտրեցին զայն: Այս հարցումին մասին մինչ հիմա չէի մտածած… Ներսս աճած էր այն՝ առանց իմ զգալուս եւ երբ արդէն հասունցած էր, շրթունքներէս սառնօրէն ինկաւ.
-Կուսակցութիւնը ձգե՞լ կ՚ուզես:
-Այո՛…
Եւ ահաւասիկ ես պատուհանէն դուրս եմ, ուրիշներուն նման, հազարաւորներու նման, զորս տեսայ փողոցը, որ կը քալեն դիմացի մայթով, կ՚երթային ու կու գային, անհոգ…, առանց որեւէ տխրութեան, առանց որեւէ ափսոսանքի…, միայն անգոյն մշուշի վերմակ… Իսկ երբ կանգնեցայ խանութի մը ցուցափեղկին դիմաց, որ գունաւոր փողկապներ կը ցուցադրէր, հարցում մը անցաւ միտքով. «Արդեօք ես ուրախ եմ պարզապէս որովհետեւ ազատեցա՞յ, թէ որովհետեւ դիւրութեամբ ազատեցայ եւ առանց ափսոսալու»: Ընտիր գունաւոր փողկապներ էին եւ հարցումը անկապ էր եւ բնաւ տեղին չէր… Ցուցափեղկին անկիւնը սպիտակ կարմիր նախշերով կար փողկապ մը, որ խնամքով դրուած էր արծաթագոյն փայլուն խեցիներու վրայ. «Կարեւոր չէ, որ մարդ ապրի հաւատալով բանի մը, որ իր կեանքը կը կանգնեցնէ ատոր համար… Կեանքը լոկ կեանք է, ինչպէս որ մարդիկը կ՚ապրին զայն…»: Ճաղատ մարդ մը կանգնեցաւ կողքս եւ սկսաւ նայիլ ցուցափեղկի ճակատային ներսի պատին վրայ ամրացուած ժապաւէններէ պատրաստուած հովահարին, որ մեծ թիթեռնիկի մը թեւերը կը խորհրդանշէր. «Ասոր նման, օրինակ, կ՚ապրիմ ինչպէս կ՚ապրի, առանց հետապնդուելու որեւէ մէկ ծանրութեամբ…»:
Երբ ցուցափեղկէն հեռացայ, ուրախութիւնը աւելի յստակ կերպով վերադարձաւ ինծի եւ մարդիկ կողքէս կ՚անցնէին, ու ես անոնց կողքէն կ՚անցնէի, առանց որեւէ մէկ բանէ հետապնուելով, եւ տարօրինակ էր, ինչպէս առիթ չէի ունեցած յայտնաբերելու կեանքին հիասքանչութիւնը այս ձեւով, շատ աւելի շուտ…:
Նոյնիսկ Ապու Սալիմը, ծերուկի ճաշարանին մատուցողը, նոր մարդ մըն էր, որուն պէտք է հետեւէին, դիմացս նոր ու մաքուր ծածկոց մը փռեց, ափերը դրաւ սպիտակ զգեստին վրայ ու այդպէս կանգնած կը սպասէր…
-Ինչ ալ դնես առջեւս՝ այն կ՚ուտեմ…:
Ապու Սալիմը ժպտաց, իր խիտ պեխերը կը ծածկէին վերի շրթունքը, իսկ մոխրագոյն յօնքերը կը հանդիպէին շատ բարի քիթի մը վրան, որու տակ կը փայլէին փոքրիկ աչքերը: Անոր կարճ, կոպիտ մօրուքը, կարծես, միշտ կը պահպանէր իր երկարութիւնը եւ այս անգամ անոր փոքրիկ ճաղատ գլուխը ծածկուած էր կանաչ, կարմիր եւ դեղին գոյներով ասեղնագործուած գլխարկին տակ…: «Ահաւասիկ մարդ մը, որ իր ուզածին պէս կ՚ապրի այստեղ, ինչպէս կը կամենայ, ճիշդ այնպէս ինչպէս իր կողքին կ՚ապրին ծովուն ալիքները, որոնք կը հարուածեն ճաշարանի վարի պատը…, ինչպէս ապակեայ պատուհանները, որոնք անհանգիստ ջուրին կը նային…, առանց անոնց կողմէ հետապնդուելու…, երկար տարիներ այստեղ, բայց ատոնք անոր տարիներն են, բոլորն ալ անորն էին, պարզապէս…, եւ առանց ծանրութեան…»:
Զարմացայ, թէ ինչպէս չէի յայտնաբերած Ապու Սալիմը մինչեւ այսօր, հակառակ անոր, որ վեց ամիսներէ ի վեր անոր մօտ կը ճաշէի ամէն կէսօր, նոյն այս ճաշարանէն ներս… Նոյնիսկ ծովը, ծովը, որ կը հարուածէր ճաշարանի պատերուն, մինչեւ այսօր չէի նայած անոնց. այն փրփրացող էր ու զայրացած, բայց այդ բոլորին հետ միասին, այն սիրտին մօտիկ էր եւ ո՛չ թէ վախցնող…:
«Կեանքիս քսան օրը կը զոհէի, եթէ վիճակուէր ինծի տեսնել անոր դէմքը, երբ անոր «այո» ըսի… Քսան ամբողջական օր, եթէ վիճակուէր ինծի դարձեալ տեսնել անոր շփոթուած աչքերուն կլորութիւնը…»:
(«12-րդ անկողինին մահը»)
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 1
Վաղարշապատ