ՏԻԵԶԵՐՔ ՏԵՍ ՈՒ ԼՍԷ ԱՆՁԸ ՄԵՐ (Ա.)

Երբ կը հիւսուի անձնաւորութիւնդ պատահարներու, ճակատագրականութեան կամ անճակատագրութեան մը մէջ ու կ՚ըլլաս ես մը՝ ամենայնութիւն մը խաղացող, խզող ու պայթեցնել փափաքող՝ այն ժամանակ տիեզերքը կը յայտնուի ակամայ խիտ կամ թեթեւ տեսքերով-չափերով, պարզ կամ խճճուն:

Գոյը, գոյութենականութիւնը, կեանքակերտումը տիեզերական են ու հարցումը կը մնայ, թէ մենք մեծցուած ու հիւլէացած մեր էութենականութեամբ մղուած ենք սիրելո՞ւ տիեզերքը առանց հասկնալու զայն, որպէսզի ապրինք, ըմբոշխնենք ու վայելենք:

Հաւանաբար, այս ամենամեծ հարցերէն մէկն է՝ մենք մեզ ուղղած ու տիեզերք գծող, իսկ պատասխա՞նը․

-Այո՛, երբ կայ սէր, կայ հաւատք ու բացայայտում: 

Մենք կը սիրե՞նք տիեզերքը, ես իմ անձիս հարցնելով, կը նայիմ ՆԱՍԱ-ի նկարներուն ու կ՚ըսեմ՝ պէտք է սիրե՞մ սեւ խոռոչները կամ անվերջանալի ձգողականութիւնը:

Պատասխանը տեղ մը նաեւ այո է: 

Այսօր նստած Երեւան, քաֆէի մը մէջ, պայծառ եղանակին ու գրելով ալ յօդուածը՝ կ՚ըմբոշխնուի տիեզերական զուգահեռութեան եւ ըլլալու բոլոր հաւանակութիւնները ու եսս դրախտաւորելու պայմանականութիւն մը կը հաստատագրուի հիմա եւ առյաւէտ։ Ըլլալը ինքնին դրախտականացման անսահման իմացականութեամբ կը բանի: Իմացականութիւն մը, որ տիեզերքը ընկալող, բացայայտող ու գծագրող ըլլալէ զատ, նաեւ աւելի կատարելածին աստուածականացում մըն է, անկախ մարմնացման ու տառապանքի հասկացողութեան:

Տառապանքը գոյութենական է ու ըլլալ, բայց, հաւանաբար, ըլլալն ու ապա տառապեցնելը մեր գոյութենական բարձրագոյն առաքելութիւնն է:

Անձիդ հետ սիրաբանութիւն։ Անձդ, անձս ու անձեր կան անհամար ներկայ եւ մահացած ու այդ անձը պիտի սիրաբանէ ինքզինք․ այդ է հիմքը ըլլալուն։ Անձնասիրութիւնն ու անձնապաշտութիւնը ընկերաբանական բաղադրեալներ են, իսկ անձը կայ առանց անոնց ու անձին գոյակերպը ինքնասիրաբանութիւնն է:

Ես պիտի սուզուիմ, թափանցեմ անձ-հոգիին մէջ, պարփակեմ, սպառեմ, աստուածացնեմ, գոյահարեմ ու սփռեմ զայն մշտապէս, քանի այն կայ ու քանի ես կամ: 

Տիեզերականացում պահողն ու սերմանողը ի վերջոյ տիեզերական ալ ընկալումն է. ընկալում մը, որ գոյասիրաբանական է ու հուժկու, յաւերժական է, բայց տեւականօրէն վախճանացուող:

Անձս,

անձդ,

ու բոլոր անձիք ու գոյեր,

պիտի երջանցանենք մենք մեզ,

չունինք ուրիշ ճար, քանի կանք,

իսկ երբ տառապինք ու մարմինը սկսի յաղթել մեզի, պիտի ժպիտով հեռանանք մենք մեր որոշումով ու կամքով:

Այդ երջանկացումը յանուն մեզի համար չէ միայն, այլ այն տեղ մըն ալ տիեզերական պատգամ է, նոյն չլսող ու միայն զգացնել թուացող տիեզերքին։ Այդ մեր ըլլալու-եղելութեան-թաւալման անտարբեր խնդրականութեան ու միեւնոյն ատեն մեր տեղային ընկալման հակազդեցութիւնն է, մենք մեզ իսկ տիեզերական դարձնելով:

Մեր երջանկացումը բոլորին պարտականութիւնն է, սակայն, նախ այդ վասն փրկութեան է ու չեղածութեան մխիթարանքի ոչնչացում:

Պիտի քալեմ դեռ այսօր ու շատ բաներ կան ընելու. առեւտուր, ուտելիք գնել, ընկերներ տեսնել ու խոկալ. խոկալ մեծն ապրումով մը անդրըմբոշխնումով տեղին, հայրենիքին, էութեան, ինքնութեան տիեզերականացման:

Վախը կայ տիեզերքէն, սակայն, սէրն ալ կայ ամէն ինչի հանդէպ, անոր անկատարելիութեամբ ու խոցայուզումներով:

Անցայ հին աշխատածս «Արմէնփրէս»ի շէնքին քովէն (որ պիտի փլցնեն) ու յուշականութիւնը ողողեց զիս՝ ո՛չ միայն պատկերացուած այլ տարօրէն, բանաստեղծօրէն, գիտականօրէն ու ամէնօրէն: Գրելով յիշատակներու մասին ու ապրուածութեան նեկտարը թափելով կը վերախմուի տենդ մը, որ անգին է ու աստուածային:

Ես գոյաբանօրէն ու ժամանակագրային զեղումով, հիմա եւ վաղը, պիտի զմռսեմ այս յուշականութիւնը վասն սպասման առաքելութեան կատարման ու հոս, այս օրուայ ժամին, այս վիճակով ու գրութեամբ պիտի ըլլամ յուշ ապագայ կամ ապագայացած ըլլալ մը, որ կենարար է ու ձգուող, առատ է ու սուրբ, աներկբայ է ու ամբողջական:

Ըսի ես ինծի՝ ո՞ւր ես, ո՞ւր պիտի երթանք ու Պետրոս Դուրեանական մելանքոլիզմը ողեղեց զիս, փաթթեցի թախծաւուն խտացում-ապաւինացում-անսահմանացում մը քնանալու ու կիսահասկնալու: Ահա՛ եւ ես, իմ եսով ու առանց եսի, մենքով ու առանց մենքի, սիրաբանուած անհունօրէն անձնականով ու չպղծած հաւաքական ոգին:

Երթամ ուրիշ տեղ մըն ալ այսօր, կարդամ ուրիշ լուր մըն ալ, բարձրացնելով մարդկային ճակատագրի բերկրանքը անշէջօրէն, վեհօրէն ու մինչեւ հոգիի վերջին մասնիկը:

•​շարունակելի…

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Օգոստոս 22, 2026