ԳՐԱԿԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆԵՐ-ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐՆԵՐ. ԵԱՇ-ՌՈՒՄԱՆԻԱ

Աշխարհի մէջ կան զանազան տեսակի փառատօներ, որոնք կը համախմբեն բնագաւառի մը մէջ եղող անձերը: Անկախ հետապնդուած քաղաքական, տնտեսական ու քարոզչական նպատակներէն, միշտ ալ փառատօներու, համագումարներու ստեղծած մթնոլորտն ու շրջականացումը հետաքրքրական է, շահեկան ու ոգեւորիչ: Որեւէ բնագաւառէ ներս աշխատողը կամ մասնագէտը նոյն այդ տուեալ բնագաւառով տեւաբար փափաքը ունի հաղորդակցելու եւ կապի մէջ մնալու իր գործակիցներու ու նոյն ոլորտի մարդոց հետ: Տեւաբար հաւաքներն ու շփումները կը ստեղծեն պայծառային ու դրական ալիքներ, որոնք խթաններ կու տան կեանքը հաւաքական ու միացած տպաւորութիւններու, ընկալումներու դիտանկիւնէն տեսնելու ու դատելու, միեւնոյն ժամանակ ներշնչանքներ ու ոգեւորիչ ապրումներ-զգացումներ ձեռք բերելով՝ նորանոր նպատակներ ու յանձնառութիւններ իրագործելու: Ի վերջոյ, հաւաքական շահի ձեւակերպումը՝ իր յարաբերական ազնուութեամբ ու մաքրամաքրութեամբ, նախ կը սկսի մարդկային անկեղծ ու առինքնող ծանօթութիւններով, ապա համադրումներով։ Անկախ այն բանէն, թէ ի՛նչ թաքնուած է կազմակերպիչ կողմերու նպատակներուն կամ հատուածական ու նեղ տեղական շահերուն մէջ, որոնք բախումներու եւ հակասութիւններու կ՚երթան՝ զուգահեռ կամ դրացի-մրցակից հաւաքներուն կամ «համադրումներուն» հետ: Ընդհանուր առմամբ ընկերաբանութեան մէջ, տեսական ու մղուածութեան մակարդակներով, որեւէ մարդկային հաւաք-համախմբում եւ մէկտեղում ինքնաբերաբար բարոյական ընդհանուր դաշտ ստեղծելու յատկութիւնը ունի, եւ ինչքան ալ ինքնին համախմբումի մը հետապնդած նպատակը անբարոյական է կամ չարամիտ ու քսու (օրինակ բռնատիրութեամբ կամ ազգայնամոլութեամբ կամ թունդ կրօնամոլութեամբ պայմանաւորուած հաւաքները, համագումարները կամ համոյթները), մարդկային հաւաքը ունի իր ինքնեկ պայծառատես ու առաքինի վարքագիծը:

Մարդս ընկերային էակ մըն է ու անոր երջանկութիւնը ինչքան ալ ինքնաբուխ կը դրսեւորուի, ան կը մնայ հաւաքական ու համամարդկային էակ: Մարդս երջանկացնողը իր ընկեր մարդն է ու մարդկութիւնը մեծ հաշուարկով, նաեւ մարդու համակարգային ընկերաբանութիւնը շատ մեծ դեր ունի մարդ անհատի երջանկութեան ապահովման կապակցութեամբ: Մշակոյթներն ու արուեստները, նոյնիսկ փիլիսոփայութիւնները, տեղ մը կոչուած են մարդուն անձնական ու հաւաքական կեանքը բարելաւելու (իմա երջանկացնելու) եւ այս կէտին մարդը իբրեւ էակ, հասկնալու համար զինք երջանկացնող հանգամաքները, պէտք ունի հաւաքական ճիգի. ինչպէս՝ ընկերութիւններու, կազմակերպութիւններու, հաստատութիւններու, պետութիւններու կառուցում եւ այլն… 

Հիմա գալով փառատօներուն, համագումարներուն՝ անոնցմէ ամենավեհն ու պանծացնողը կարծեմ գրական-գեղարուեստականներն են, քանի գրողներն ու արուեստագէտները կը համարուին յարաբերաբար ամենաանշահախնդիրներն ու ազնուականները բոլոր չափանիշներով եւ, բնականաբար, գրական հաւաքները, շփումներն ու քննարկումները պանծալի, օրինակելի ու ուսուցանող են՝ ո՛չ միայն հաւաքուած գրողներուն, այլեւ՝ ընդհանուր հանրութեան ու հաւաքականութիւններուն համար, ինքնին գրականութեան ունեցած առաւել-նուազ առաքելութենէն մեկնած:

Այդ հաւաքներէն մէկն էր, նուաստիս մասնակցածը, որ տեղի ունեցաւ Ռումանիոյ Եաշ քաղաքին մէջ։ Ան բանաստեղծական փառատօներէն մին է, ուր զանազան ազգութիւններէ ու երկիրներէ եկած գրողները, բանաստեղծները կը միաւորուին բանաստեղծութեան մը համար, որ թէ՛ իբրեւ գրութիւն ոգի է եւ թէ իբրեւ կենսակերպ կ՚ուզէ դառնալ թռիչքային: Պարբերականութիւնները չեն կրնար կաղապարել բանաստեղծներու հաւաքները, թէեւ ինչքան ալ իրարու լեզուն չհասկնան հաւաքուածները, սակայն, մշտապէս բանաստեղծական հաւաքին մէջ կայ համամարդկային խորագոյն շեշտ մը, ինչ որ կը զգաս, թէ միացնող է՝ ստեղծուած բանաստեղծական օդով մը։ Եւ ինչքան ալ զրոյցները ըլլան քաղաքական, ընկերային եւ այլն, բանաստեղծութիւնը հոն իր ընելիքն ու ըսելիքը ունի միշտ:

Նոր ընկերներ, նոր անմարմին, վերապրուող ու սաւառնող կարօտներ՝ դէպի եղածն ու չեղածը, որոնք կը ստեղծուին միասնօրէն, վասն խաղաղութեան ու սիրոյ։ 

Իրապէս Եաշ քաղաքն ալ, իր կարգին, մեզ տեսնելով կարծեմ իւրայատուկ բան մը զգաց։ Համեստս նախաձեռնեցի, որ մի քանի բանաստեղծներով գրենք անոր մասին եւ արդէն տասներեք բանաստեղծ առաքեցին իրենց կտորները։ Ահա եւ իմս.

ԵԱՇ

Երանի օդը ըլլայ մշտական համակութիւն մը,
պահ մը,
յաւերժացում մը- եղանակ օրօրող: 
Գալով դէպի քեզ Եաշ
մեր երգն ու գոյը 
կարծես ընծայեցին իրենք իրենց ծնունդ մը նորէն
պայծառ ու միացեալ կեանքի մը համար:
Չէ չշարունակեմ երանիները Եաշ,
կը բաւէ որ մենք տեսանք քեզ,
եկանք քովդ տեսնելու մարդերդ
եւ եղանք ժամապահներ հասած-սփռուած քեզմով ալ: 
Եաշ,
այս օրուայ տիեզերքն ալ փորձենք 
որ դառնանք հոգիովդ
եւ բոլոր քաղաքներու հոգիներով բերրի:
Ես, Ռամուլան, Սապինը, Վիթալին, Մարիուսը (ծնած քու մէջդ)…
կը բարեւենք քեզ:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Շաբաթ, Մայիս 23, 2026