ՓԼՈՂ ԱՌԱՆՑՔ…
Շուրջ տարի առաջ այս օրերուն, ողբերգական պայմաններու տակ կը զոհուէր Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին, որու նստած ուղղաթիռը խորհրդաւոր արկածի մը հետեւանքով անկում ունեցաւ։ Այդ օրերուն վէրքը տակաւին տաք էր ու, առհասարակ, իրանցիք չէին ընկալեր, որ իր կորսնցուցածը միայն նախագահ մը չէ, այլ իշխանութեան փոխանցման ծրագիր մը, որուն մէջ կային տարածաշրջանային պաշտպանական ցանցը, անվտանգութեան պատրանքը եւ այն վստահութիւնը, թէ ժամանակը առհասարակ կ՚աշխատի Իրանի օգտին։ Հետեւաբար, Ռայիսիի մահը կամ «սպանութիւն»ը պէտք է հասկնալ ո՛չ թէ որպէս դաւադրութիւն, այլ՝ որպէս խորհրդանիշ։ Ան Իրանը չկրցաւ փոխել, որովհետեւ իրական իշխանութիւնը իր ձեռքին չէր։ Իրական ուժը կը գտնուէր գերագոյն առաջնորդ Ալի Խամանէյի, Յեղափոխական պահակագունդին, անվտանգութեան համակարգին եւ տասնամեակներու ընթացքին կառուցուած տարածաշրջանային ցանցերուն մօտ։
Ռայիսիի կերպարը կարեւոր էր, որովհետեւ ան մարմնաւորումն էր այն շարունակականութեան, զոր համակարգը կ՚ուզէր ներկայացնել։ Ան հաւատարիմ, կոշտ, կանխատեսելի դէմք մըն էր, որ շատերու կողմէ կը դիտուէր որպէս Խամանէյի հնարաւոր յաջորդը։ Ռայիսի Իրանի ապագան չէր․ ան ապագայի փորձարկումն էր, որ երբեք չիրականացաւ։
2024 թուականի մայիսին, համակարգը տակաւին կը թուէր ունենալ իշխանութեան փոխանցման ծրագիր, տարածաշրջանային պաշտպանական գօտի եւ ժամանակ շահելու կարողութիւն։ Սակայն, երկու տարի անց, գրեթէ բոլոր այն սիւները, որոնք Թեհրանը անխոցելի կը դարձնէին՝ կա՛մ խախտուած են կամ փլած։
Իրանի համար մեծ յետհաշուարկը սկսած էր 2023 թուականի հոկտեմբերի 7-ին։ «Համաս»ի յարձակումը Իսրայէլի վրայ՝ շարժման մէջ դրաւ Իրանի ամբողջ տարածաշրջանային ցանցը՝ Լիբանանէ ներս «Հիզպուլլահ»ը, Իրաքի ու Սուրիոյ աշխարհազօրերը, Եմէնի հուսիները։ Տարիներ շարունակ այս մէկը Իրանի ռազմավարական խորութեան քաղաքականութիւնն էր։ Սակայն, հոկտեմբերի 7-էն ետք, այդ խորութիւնը վերածուեցաւ թիրախային քարտէսի։
2024 թուականի ապրիլին, Իրանն ու Իսրայէլը ստուերային պատերազմէն անցան ուղիղ բախման։ Իսկ մէկ ամիս անց, Ռայիսիի ուղղաթիռը մառախուղին մէջ կործանեցաւ։ Պետութիւնը պատասխանեց ծանօթ թատերականութեամբ՝ դագաղներ, սեւ դրօշներ, նկարներ, հոգեւորականներ եւ հրամանատարներ։ Ուղերձը պարզ էր՝ շարունակականութիւն։ Բայց եւ այնպէս, Ռայիսիէն յետոյ յուղարկաւորութիւնները սկսան բոլորովին այլ պատմութիւն պատմել։ Անոնք այլեւս շարունակականութեան խորհրդանիշ չէին, այլեւ բացայայտուած խոցելիութիւն։
Ռայիսիի մահը ստիպեց արտակարգ նախագահական ընտրութիւններ կազմակերպել։ Մեսուտ Փեզեշքիան, որ աւելի մեղմ եւ բարեփոխական լեզու կը գործածէր, յաղթեց ընտրութիւններուն՝ մասնակցութեան պատմականօրէն նուազ մակարդակի պայմաններուն մէջ։ Համակարգը ստացաւ աւելի մեղմ դէմք մը, բայց ո՛չ՝ նոր իշխանական կեդրոն։
Ապա եղաւ յետ Ռայիսիի շրջանի առաջին մեծ նուաստացումը։
«Համաս»ի քաղաքական ղեկավար Իսմայիլ Հանիէ Թեհրան ժամանեց Փեզեշքիանի երդմնակալութեան համար։ Ժամեր անց, ան սպաննուեցաւ Իրանի մայրաքաղաքին մէջ։ Այս մէկը միայն «Համաս»ի ղեկավարի սպանութիւնը չէր, այլեւ ուղերձ էր, թէ նոյնիսկ հովանաւորողի մայրաքաղաքը այլեւս ապահով վայր մը չէ։
Եւ այդ նախադասութիւնը դարձաւ յաջորդ իրադարձութիւններուն բնորոշումը։
2024 թուականի սեպտեմբերին, «Հիզպուլլահ»ի փէյճըրներն ու կապի սարքերը պայթեցան՝ Լիբանանի եւ Սուրիոյ տարբեր շրջաններու մէջ։ Օրեր անց, Պէյրութի մէջ սպաննուեցաւ «Հիզպուլլահ»ի առաջնորդը՝ Սէյիտ Հասան Նասրալլահը։ Գաղտնութեան եւ ստորգետնեայ կառավարման վրայ հիմնուած շարժումը ներսէն ճեղքուած էր ու վերէն՝ հարուածուած։ Ապա սպաննուեցաւ «Համաս»ի Կազզէի ղեկավար Եահիա Սինուար։ «Համաս»ը մնաց, «Հիզպուլլահ»ը մնաց, մնացին նաեւ կարգախօսները։ Բայց, առանցքը կորսնցուց ղեկավարներ, տարածքներ, ուղիներ եւ ինքնավստահութիւն։
Ամենէն խոր հարուածը եկաւ Սուրիայէն։
2024 թուականի դեկտեմբերին, Պեշար Էսատի իշխանութեան անկումը միայն Իրանի դաշնակիցի մը կորուստը չէր։ Ան վնասեց Իրանի տարածաշրջանային աշխարհագրական կառուցուածքը՝ «Հիզպուլլահ»ին տանող ուղիները, դէպի Միջերկրական ելքը եւ Քասըմ Սուլէյմանիի օրերէն մնացած այն պատկերացումը, թէ տկար պետութիւնները կարելի է վերածել իրանական խորութեան։
ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ՀԱՍԱՒ ԻՐԱՆ
2025 թուականի յունիսին պատերազմը հասաւ Իրանի ներսը։ Իսրայէլ հարուածեց Իրանի միջուկային եւ ռազմական կառոյցները 12-օրեայ պատերազմին ընթացքին։ Ապա Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները թիրախաւորեց միջուկային ծրագրի ամենէն ամրապնդուած կէտերը։
Տարիներ շարունակ միջուկային անորոշութիւնը Թեհրանի պաշտպանական վահանն էր։ 2025 թուականին, այն վերածուեցաւ պատերազմի դաշտի։
Արտաքին ճնշումներուն միացան ներքին պայթումները։ 2025 թուականի վերջաւորութեան եւ 2026 թուականի սկիզբին բռնկած բողոքները ծնունդ առին տնտեսական փլուզումէն, բռնաճնշումներէն եւ քաղաքական փոփոխութեան պահանջէն։ Յունուարի 8-ին եւ 9-ին, պետութիւնը պատասխանեց զանգուածային բռնութեամբ եւ համացանցի անջատումով։
Շիի դաւանանքով Իրանը տակաւին կրնար կրակել, բանտարկել եւ սարսափ տարածել։ Բայց, տեղ մը կը թերանար ու այլեւս չէր կրնար բաւարար թիւով քաղաքացիներ համոզել, թէ ապագայ մը ունի։ Նոյնիսկ Մերձաւոր Արեւելքէն դուրս տեղի ունեցող ցնցումները սկսան նոյն մթնոլորտին մասը թուիլ։ 2026 թուականի յունուարին, Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի «գործողութիւն-ձերբակալութիւն»ը մթնոլորտի մը փոփոխութեան մասին էր։ Մէկ այլ հակաամերիկեան ղեկավար, որ տարիներ շարունակ կը կարծուէր անպաշտպանելի, յանկարծ բացայայտ խոցելի կը դառնար, կը ձերբակալուէր ու կը բանտարկուէր։
ԱՅԵԹՈՒԼԼԱՀԻ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
2026 թուականի փետրուարի 28-ին պատերազմը հասաւ Իրանի սրտին՝ գերագոյն առաջնորդութեան։
Իրանի «Ռահպար»ը՝ Սէյիտ Ալի Խամանէյ կը սպաննուէր ամերիկա-իսրայէլեան հարուածներու հետեւանքով։ «Վիլայաթ էլ-Ֆաքիհ»ի վրայ հիմնուած պետութեան համար այս մէկը միայն ղեկավարի կորուստը չէր։ Անիկա ամբողջ համակարգի անխոցելիութեան պատրանքին կործանումն էր։
Օրեր անց, Միւճթեպա Խամանէյ նշանակուեցաւ գերագոյն առաջնորդ։ Այս քայլը նախատեսուած էր շարունակականութիւն ցուցադրելու համար, բայց փոխարէնը՝ Իրանը սկսաւ երեւիլ՝ որպէս աւելի փակ, աւելի փոքր եւ աւելի ժառանգական համակարգ մը։
Յեղափոխութիւնը, որ ծնունդ առած էր որպէս միապետութեան դէմ պայքարող մարմին, իր բարձրագոյն պաշտօնը կը փոխանցէր հօրմէն որդիին՝ պատերազմի ժամանակաշրջանին։
Այս բոլորէն ետք հասաւ ամենէն ազդեցիկ յուղարկաւորութեան պահը, որ իրականութիւն չդարձաւ։ Իրան յետաձգեց Խամանէյի պետական յուղարկաւորութիւնը։ Ամիսներ անց անգամ անոր թաղման վայրը վերջնականապէս յստակ չէր։
Շիի յեղափոխական պետութեան համար, որ միշտ գիտէր մահը վերածել քաղաքական ուժի, այս յապաղումը ապշեցուցիչ էր։
Յուղարկաւորութիւններու հանրապետութիւնը կորսնցուցած էր նոյնիսկ իր ամենէն կարեւոր խորհրդանշական արարողութեան վերահսկողութիւնը։
Հին համակարգը չորս շերտ ունէր․
- Ներսը՝ վախը կը զսպէր հասարակութիւնը։
- Քաղաքականութեան մէջ՝ ընտրութիւնները քաղաքացիական դիմակ կու տային պետութեան։
- Տարածաշրջանին մէջ՝ դաշնակից խմբաւորումները վտանգը հեռու կը պահէին Իրանի սահմաններէն։
- Ռազմավարական մակարդակի վրայ՝ հրթիռները, միջուկային անորոշութիւնն ու Հիւրմիւզի նեղուցը պատերազմին գինը անկանխատեսելի կը դարձնէին։
Ռայիսիի մահէն սկսեալ, այս բոլոր շերտերը կը վնասուէին։
Վախը կը վերածուէր ապստամբութեան։ Ընտրութիւնները աւելի կը բացայայտէին դատարկութիւնը, քան օրինականութիւնը։ Տարածաշրջանային խորութիւնը կը ճեղքուէր։ Սուրիան դուրս կու գար Իրանի մեծ խաղէն։ «Հիզպուլլահ»ն ու «Համաս»ը ծանր հարուածներ կը ստանային։ Իսկ գերագոյն առաջնորդի պաշտօնը կորսնցուց իր անխոցելի հեղինակութիւնը։ Հիւրմիւզի նեղուցը տակաւին Իրանի ամենաուժեղ խաղաքարտն է։ Բայց եւ այնպէս, ան նաեւ կը բացայայտէ թակարդը․ նեղուցը Թեհրանին ազդեցութիւն կու տայ նաւարկութեան, քարիւղի եւ համաշխարհային շուկաներու վրայ, սակայն, միաժամանակ Իրանը կը պահէ ճգնաժամի կեդրոնին մէջ, որմէ դուրս գալը այդքան ալ դիւրին չէ։
Այս պատմութիւնը դեռեւս համակարգի անկումին մասին չէ։ Իրան տակաւին ունի բանտեր, հրթիռներ, հրամանատարներ եւ գոյատեւման երկար փորձառութիւն։ Բայց, այս նաեւ այն պատմութիւնը չէ, զոր Թեհրան կ՚ուզէ ներկայացնել։
Երկու տարի առաջ Ռայիսիի մահը փաթթուած էր նահատակութեան եւ շարունակականութեան լեզուով։ Պետութիւնը կը պնդէր, թէ էական ոչինչ կորսուած է։ Սակայն, յաջորդած իրադարձութիւնները ցոյց տուին, թէ որքան քիչ տեղ մնացած էր սխալներու համար։
Ռայիսիի աղէտով այս շղթան չսկսաւ։ Ժամացոյցները արդէն գործի անցած էին 2023 թուականի հոկտեմբերի 7-ին։ Բայց, անիկա այս ամբողջ շրջանին տուաւ իր խորհրդանշական պատկերը՝ մառախուղ, վատ տեսանելիութիւն, իրարու հետ կապ կորսնցուցած շարասիւն եւ պետութիւն մը, որ կը պնդէ, թէ ճանապարհը տակաւին յստակ է։
Երկու տարի անց, Իրանը տակաւին այդ մառախուղին մէջ կը տապլտկի։
Հարցը այլեւս այն չէ, թէ Իսլամական Հանրապետութիւնը կրնա՞յ գոյատեւել հերթական ճգնաժամով։ Ան արդէն շատ ճգնաժամեր դիմագրաւած է։
Իսկական հարցը այն է, թէ ան կրնա՞յ գոյատեւել այն կորուստներով, որոնք գոյատեւումը հնարաւոր կը դարձնէին՝ հեռաւորութիւնը, վախը, իշխանութեան փոխանցման վստահութիւնը, ապահով ապաստանը եւ այն համոզումը, թէ ժամանակը առհասարակ Իրանի կողմն է, կամ ո՛չ…։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան