ՔԱՆԻ՞ ՀՈԳԻ…

Ժան Վալժանին ծանօ՞թ էք։

Այո՛, Վիքթոր Հիւկոյի «Թշուառներ»ու հերոսին մասին է խօսքը։ 

Դեռեւս նախակրթարանի տարիներէս մէկուն ընթացքին էր, երբ առաջին անգամ ծանօթացայ եւ խորապէս ազդուեցայ հիասքանչօրէն հիւսուած մարդկային այս կերպարով: 

Յանկարծ չկարծէք, թէ այդ տարիքին «Թշուառները» կրնամ կարդացած ըլլալ։ Չէ՜, անշո՛ւշտ ոչ, բայց իրենց մանկութիւնը ութսունական թուականներուն ապրած սերնդակիցներս գիտեն, թէ որքա՜ն բախտաւոր էինք մենք այսօրուան «animation» կոչուածը փոխարինող մանկական մեր «cartoon» ֆիլմերով ու առօրեայ «սերեալ»ներով, որոնց շատերը տարբեր ժողովուրդներու մշակոյթներէ առնուած նշանաւոր հեքիաթներ կ՚ըլլային կամ՝ համաշխարհային գրականութեան գոհարներ։ 

Որքան փոխուեցաւ մանկութիւնը:

Ե՞րբ եւ ինչո՞ւ այսքան փոխուեցան մեր մանուկներն ու անոնց զբաղմունքները: 

Ութը, ինն երկա՜ր բաժիններու մէջ ամփոփուած, գծուած, պատկերուած ու յուզական բարձրորակ երաժշտութեամբ պատմուած էր իմ առաջին անգամ ընկալած «Թշուառներս»։ Հոն, այդ օրերուն սիրած էի մանրամասնօրէն կերտուած յաղթանդամ այդ «բանտարկեալը»: 

Այսօր՝ մօտ քառասուն տարի անց, ժպիտով կը յիշեմ, թէ «թշուառ»ին իմաստը դեռ էապէ՛ս չհասկցած, ինչպէս կը պարծենայի, որ գիտեմ ես «Թշուառները», ծանօթ եմ «անոնց» պատմութեան: 

Ի՞նչ էր գիտնալը, եւ հիմա՝ ի՞նչ է գիտնալը. դէպքերուն հերթականութեան ծանօթ ըլլալը: 

Ինչ դիւրին է «գիտե՛մ», ըսելը եւ ինչ դժուար է հասկնալը: 

Երկու արարքներուն միջեւ կեանք մը կայ ամբո՛ղջ. ճանապարհ մը դուրսէն մինչեւ ներս, մակերեսէն մինչեւ յատակ:

Քիչ բան չէր նորէն ալ «գիտցածս». 

Մանուկ էի, «յուսահատ» բառին ծանօթ չէի, բայց գիտէի, որ իր անօթի ըլլալուն կամ անօթի մանուկներ կերակրելու համար հաց գողցող մը գէշ, ագահ մարդ չի՛ կրնար ըլլալ: 

Գիտէի, որ բանտէն փախչելու իր փորձերը երկարաձգած էին Ժան Վալժանին բանտարկութեան շրջանը, բայց չէի գիտեր, թէ ինչո՞ւ հոն, ճաղերուն ետեւ անցուցած տասնինն երկար տարիներէն վերջ, զինք չարութեամբ պիտակաւորող դեղին անցագիրով մը «ազատ արձակուած» էր ան: 

Այդ օրերուն հասկցածներս էին ասոնք. 

Այսօր գիտեմ, որ կարգ ու կանոնէն շա՜տ աւելի դաժան ենք մենք: Գիտեմ, որ դատավճիռները կրնան տրուիլ ու վերջանալ, բայց ըստ մեզի՝ հասարակութեան, յանցագործութիւնը շարունակելի է, նուաստացումը՝ անվերջ:

Ի զուր նուաստանալ եւ բարի մնալ. 

Մարդու մը կարողութիւններուն սահմաններէն նե՞րս բան մըն է ասիկա:

Կը կասկածիմ:

Շրջապատի ամբողջական մերժումէն ետք, զինք գրկաբաց ընդունող կրօնաւորին արծաթեղէնը գողցաւ յարատեւ նուաստացումէն զայրացած, կարծրացած ու համարեա՛ «չարացած» Ժան Վալժանը: 

Անակնկալ չէր այսքանը , բայց ահա՛ անսպասելին. 

Ժան Վալժանը գողութեամբ չդատապարտեց կրօնաւորը եւ ոստիկանութեան յայտնեց, որ իր հիւրին տուած «նուէրներն» էին այդ արծաթեղէնը, աւելին՝ «չգողցած» մոմակալներն ալ նուիրեց անոր…

Վէպին հանգոյցն ու անկիւնադարձն է ասիկա:

Ժան Վալժանին տարիներու տարած չարչարանքէն վերջ զգացած գթառատ այս ողորմութիւնը ամէն ինչ փոխեց այս մարդուն կեանքին մէջ: 

Պատիժով աւելի՞ հեշտ է հսկել մարդուն վարքագիծը, թէ բարիքով ու ներումով: 

Կեանքին դառնացուցածը, չարացուցածը, մարդու մը սիրով կրնա՞յ փրկուիլ: 

Մանուկ էի. այս հարցումները այն ատեն չէի տուած ես, բայց այսօր, անպատասխան չեն անոնք:

Բոլորովին ա՛յլ մարդու մը կրցաւ վերածուիլ, կրցաւ վերածնի՛լ հալածեալ Ժան Վալժանը եւ ինչ խօսք, կեանքի առաջարկած փորձութիւններուն դիմաց մի՛շտ բարին, դժուար բարին ընտրեց ան. հիւանդ մօր՝ Ֆանթինին խոստացաւ աղջնակը՝ Քոզէթը խնամել, սիրել, պահել, պահպանել եւ այդպէս ալ ըրաւ, բայց սուրբ մը չէր ի վերջոյ Ժան Վալժանը, մարդ էր, տղամարդ մը, որ սիրոյ, նախանձի, առանձնութեան բոլոր ճնշումներուն տակ ընտրեց Քոզէթին սիրած տղուն օգնել, անոր ալ կեանքը փրկել: 

Կրօնաւորին մէկ բարի արարքով քանի՞ կեանքեր փրկուեցան: 

Մեզ աւելի՛ մարդ դարձնող միշտ նոյն, դժուար ընտրութի՛ւնն է բարիքը, այսօր կը հասկնամ եւ կը նկատեմ, որ հեզասահ չ՚ընթանար այսպիսիներուն ճամբան եւ կարծես մտադրաբար, կեանքը աւելի խրթին քննութիւններով կը փորձէ «դէպի բարիք դարձողները». ինչո՞ւ… 

Մէյ մը սխալողը, անպայման պէտք է սխալի՞: 

Արտաքինով Ժան Վալժանին նմանող, իր պայմաններուն համապատասխանող մարդ մը ձերբակալուելէն վերջ, չէ՞ր կրնար հանգստանալ լրի՛ւ նոր ու բարեկեցիկ կեանք մը ապրող պր. Մատլէնը՝ իրակա՛ն Ժան Վալժանը: Բացառիկ առիթ մը չէ՞ր այս դէպքը, անցեալին հետ բոլոր կապերը խզելու, իր իսկ թաղած Ժան Վալժանին շղթաներէն ձերբազատուելու, բայց… 

Անմեղ մարդո՞ւ մը հաշւոյն:

Դարձեալ բարին ընտրեց եւ ի զուր դատապարտուած մարդն ալ ազատեց մեր հերոսը: 

Գրականագէտ մը չեմ ես, բարեկամներ, «Թշուառներ»ուն պէս վէպ մը վերլուծելու, նոյնիսկ վերապատմելու, անոր անկրկնելի գրողին կարողութիւնները, ստեղծած կերպարները, անոնց իրաւացիութիւնը, խորութիւնը, ընթերցողին վրայ ունեցած ազդեցութիւնը գնահատելու յաւակնութիւն մը չունիմ, չե՛մ կրնար ունենալ, բայց… 

Ինչո՞ւ Ժան Վալժանը, եթէ հարցնէք, կրնամ պատասխանել. 

Զաւակ մը եւ այլոց զաւակներ դաստիարակելու, բացարձակ բարին, չարը, զրպարտուած բարին ու քօղարկուած չարը բացայայտելու ճանապարհին, չեմ կրնար մանկութենէս մէջս փորուած տիպարներուն չդիմել, զանոնք չվերակենդանացնել, գիր ու գրականութենէն հեռու մեր զաւակներուն չհրամցնել, չհարցնել ու մտածել չտալ. 

Ինչո՞ւ սխալած մարդ մը յաւերժ սահմանել իր ամենավատ ըրածով: 

Եթէ մեր ներողամտութեամբ, ողորմութեան մեր մէ՛կ արարքով կրնանք մարդուն մէջի բարիքը արթնցնել, քանի-քանի՞ հոգի չարութեան դատապարտած ենք, առանց փոխուելու առիթը ընծայելու…

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Գահիրէ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 24, 2026