ՊՍԱԿ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ

7. Ի՞նչ է կուսակրօնութիւնը: 8. Քանի՞ կերպ է: 9. Կուսակրօնութեան ի՞նչ ճամբայ բռնել պէտք է: 10. Այդ ուխտը ընողներուն ներելի՞ է ետքէն ամուսնանալ:

7. Հինէն ի վեր բազմաթիւ կուսակրօններ կային. Եղիան եւ Յովհաննէս Մկրտիչն ալ կուսակրօն էին: Աննա մարգարէն իր ամուսինը մեռնելէն ետք ութսուն տարի տաճարը սպասեց այրի վիճակով, որ կուսակրօնութեան ուխտ ըսել է: Նոյնպէս առաքեալներուն օրով շատեր կային (տե՛ս Ա. Տմ 5.10-11): 

Յովհաննէս Մկրտիչ մարգարէներուն լրումը եւ առաքեալներուն սկիզբը կուսակրօնութեան մէջ տեսնուեցաւ, ուստի, կուսակրօնութիւնը Աստուածային ուխտ մըն է, մասնաւորապէս այս ուխտը Քրիստոս ալ կը գովէ, բայց դժուարին կը դասէ. «Ով կրնայ տանիլ՝ թող տանի» (տե՛ս Մտ 19.12)։ Հետեւաբար, թէ՛ ամուսնութիւնը եւ թէ կուսակրօնութիւնը երկուքն ալ Աստուծոյ առջեւ հաճելի են, բայց անոնց մէջ եղած էական կէտերը պահպանելը Պօղոսէն կրնանք սորվիլ. «Լաւ է ամուսնանալ, քան թէ բորբոքել». երկրորդ կերպը. «Կ՚ուզեմ ամէն մարդ ինծի պէս ըլլայ» (տե՛ս Ա. Կր 7.6). «Ամուսնացողը լաւ կ՚ընէ, չամուսնացողը աւելի լաւ կ՚ընէ» (նոյն, 38): Ամուսնացողը այն ատեն լաւ կ՚ընէ, երբ Աստուծոյ ժողովուրդ պատրաստելու եւ Աստուծոյ համար ապրելու նպատակով, իր ունեցած զաւակը Աւազանէն ծնած որպէս Աստուծոյ ժողովուրդ կը ճանչնայ եւ ո՛չ թէ ցանկութեան արդիւնք. տակաւին, իր տան հաճելի երեւնալէն առաջ Աստուծոյ հաճելի երեւնալ կը ջանայ. ասոր մէջ ալ օրէ օր, տարուէ տարի դժուարութեան մտնելուն համար, Պօղոս չամուսանցողը նախապատիւ կը դասէ: 

8. Կուսակրօնութիւնը երկու կերպ է՝ միայնակեաց եւ ընկերական. միայնակեցութիւնը՝ Եղիայի, Յովհաննէսի եւ Աննայի պէս անապատներու ու վանքերու մէջ կ՚ըլլայ, ճգնաւորական կեանքով եւ անշքեղ հագուստներով (Մտ 3.4: Ղկ 2.36). իսկ այս կերպը Աստուածային հրաւէր մըն է՝ մանաւանդ ընկերականին չափ չէ, որովհետեւ օրինաց եւ մարգարէից լրումը Սէր է. այն ալ ընկերական վիճակի մէջ կ՚ըլլայ: Եղիա եւ Յովհաննէս ինչքան որ անապատական էին, դարձեալ ընկերական վիճակի մէջ յարաբերութիւն ունէին: Նաեւ Քրիստոսէն վերջն ալ միայնակեաց ճգնաւորներ գտնուեցան անապատներուն մէջ, որոնք թէեւ մեծաւ մասամբ ընկերական վիճակի ալ քիչ շատ յիշատակութիւն ձգեցին, բայց իրենց ըրածը կերպով մը զԱստուած փնտռել էր, քան թէ սիրել (զԱստուած գտնելէն առաջ սիրելը դիւրին է ըսած ենք)։ Ասոր հետ մէկտեղ, մենք զանոնք դարձեալ կը գովենք, որ աշխարհային հալածանքէն եթէ քիչ մը քաշուէին, թերեւս իրենց նպատակին չհասնէին: 

Ընկերական վիճակի մէջ եղած կուսակրօնութիւնը, եկեղեցականներուն յատուկ է, որոնք, թէ՛ քաղաքական եւ թէ ընտանեկան յարաբերութեան պարտք ունին, ինչպէս Պօղոսը եւ միւս առաքեալներէն շատերը: 

Քաղաքական վիճակի մէջ գտնուող կուսակրօններու այնչափ հագուստի անշքեղութիւն չի վայելեր, քանի որ սաստելու, խրատելու, յանդիմանելու իշխանութիւն ունին (Տիտ 2.15). այս գործողութիւններուն մէջ առաքինական վեհանձնութիւնն ալ անհրաժեշտ է, հետեւաբար, այս վերջիններունը սքանչելի է եւ դժուար. «Ով կրնայ տանիլ՝ թող տանի»

9. Արեան բորբոքումէն եւ պոռնկութեան ախտէն յառաջացած ցաւին «այս տեսակը առանց պահքի ու աղօթքի չ՚ելլեր» կ՚ըսէ (Մտ 17.20), որովհետեւ կ՚երեւի, թէ տեսակ մը որոշ ախտ է, անոր դեղն ալ պահեցողութիւնն է, որ աւելի կուսակրօններուն կը պատկանի. արեան բորբոքում տուող կերակուրներէն խորշիլ, Դանիէլի նման ընդեղէն ուտել (Դն 1.8, 12), ինչպէս որ Աննա մարգարէն ալ այդ կեանքով կ՚ապրէր. «Ութսուն տարի գիշեր եւ ցերեկ պահեց», կ՚ըսէ աւետարանիչը. ո՛չ թէ ութսուն տարի ծոմ պահեց, որովհետեւ անկարելի է, Քրիստոս ալ քառասուն օր պահեց, այլ՝ արեան բորբոքում տուող միսէն եւ իւղէն քաշուեցաւ: Մինչեւ երեկոյ ծոմ պահել ու երեկոյեան մսեղէն ուտելը արեան բորբոքումը չ՚արգիլեր:

Այս կէտը կուսակրօն եկեղեցականները պէտք է աւելի յարգեն. նախ, քանի որ իրենց անձերը Աստուծոյ ուխտած են, այնպէս որ մարդու մը ստացուածքը իրն է, բայց անձը իրը չէ. Աստուծոյ պատկերն է. «Կայսրինը կայսրին տուէք եւ Աստուծոյ եղածը Աստուծոյ»: Իրը եղածէն տասանորդ, ազգային ընկերութեան եւ եկեղեցւոյ ու դպրոցի տուրք խոստացող ու չտուողները պատժուեցան, ինչպէս որ Անանիան ու Սափիրան. հապա Աստուծոյ եղածը Աստուծոյ տալ ուխտող ու չտուողները ի՞նչ պիտի ըլլան: 

10. Առաջին դարուն մէջ եկեղեցւոյ հովանաւորութեան տակ բազմաթիւ ուխտ ընող այրիներ ու որբեւայրիներ կային. անոնց մէջէն տարիքնին քիչ եղողները չդիմացան, ամուսնանալ ուզեցին, բայց Պօղոս անոնց իսկ չըսաւ՝ «լաւ է ամուսնանալ», մինչդեռ աշխարհական էին, հապա կիրքը շարժելով յանդիմանական պատասխանով մը. «Դեռահասակ որբեւայրիները մերժէ՛, Քրիստոսի դէմ կենալով հեշտասիրութեան անձնատուր կ՚ըլլան, ամունանալ կ՚ուզեն, առաջին հաւատքնին մէկ կողմ ձգեցին» (Ա. Տմ 5.11), եթէ ուխտած չըլլային, ամունանալով իրենց հաւատքը ձգած չէին ըլլար։ Հետեւաբար, «լաւ է ամուսնանալ», ըսած խօսքը ուխտելէն առաջ է, ուխտելէն վերջն ալ աշխարհական դեռահասակներու ուխտին պարագային կը նայուի, բայց ձեռնադրուելէն վերջ բորբոքի իսկ պիտի չկրնայ ամուսնանալ, ինչպէս Պօղոս ինքն ալ ջանաց յաղթել ու չամուսնացաւ. «Ուրիշ օրէնք մը կը տեսնեմ անդամներուս մէջ… ո՞վ զիս պիտի ազատէ այս մարմինէն…» (Հռ 7.23), այսինքն՝ հոգիին հակառակ մարմինի ցանկութենէն (նոյն 6.19: Գղ 5.17)1:

«Կրօնագիտութիւն կամ ուսումն Քրիստոնէական հաւատոյ»

Կ. Պոլիս, 1885

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 32

Վաղարշապատ


1Առաջին դարերուն մէջ ամէն բան վէճի տակ էր. ամէն ազգէ նոր նոր քրիստոնեայ եղողներ կային, ամէն մէկը զատ զատ գաղափարներ ունէին. ուխտով չամուսնանալը աղէկ ըլլալը գիտցան. իսկ ոմանք ալ նախապաշարուելով ամուսնացող եկեղեցականներուն ձեռքէն Հաղորդութիւն չէին առներ. ոմանք ալ կին ունեցողին բնաւ եկեղեցական պաշտօն չի կրնար վարել համոզուելով, կամայ եւ ակամայ իրենց կիները սկսան ձգել. Յովհան Ոսկեբերան, Գրիգոր Նազիանզացի եւ այլ եկեղեցւոյ վարդապետներ այս գաղափարներուն դէմ գրած են: Ոմանք այդ վկայութիւնները առնելով խեղճ ռամիկները կը գայթակղեցնեն (Այնուատէթ պապ. ԺԶ.). իսկ եկեղեցին ինչպէս որ Աւետարանը անկէ ասկէ գտնելով վաւերացուց եւ մեզի հասցուց, այդպէս ալ նախընթաց գաղափարներէն Սուրբգրոց համաձայն եղածները վաւերացնելով հաստատած է: Իսկ գայթակղեցնողները քանի մը ռամիկներ գայթակղեցնելէ անդին չեն կրցած անցնիլ:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2026