ԴԱՐՁԵԱԼ ՀԻՆ ԵՒ ՆՈՐ ՀԱԼԷՊԻ ՈՒ ՀԱԼԷՊԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Հալէպը՝ բացի հայութեան համար հիմնական կեդրոններէն մին ըլլալէ, նաեւ ինքնին իւրայատուկ քաղաք մըն է եւ ինչպէս բոլոր քաղաքները, ունի իր մեծ ու փոքր մշակութային երանգաւորումներն ու ճիւղաւորումերը: Որեւէ քաղաքաբնակ երբ երկար ապրած է այդ քաղաքին մէջ եւ ինչքան ալ ունենայ անհատական, ազգային, դաւանական, հասարակական, կրօնական, համաշխարհային․․․ կամայ թէ ակամայ ինքնութիւններ, տեղ մը այդ քաղաքին շրջագծային ու մարմնաոգեղէն ներկայացուցչութեան մէջ կը մտնէ: Քաղաքի մը շրջագիծը, դէմքը, կերպարը, ժամանակն ու ոգին եւ առօրէական ապրուստային այսպէս կոչուած առաքելութիւնը՝ ինչպէ՞ս կը ծլարձակի, դժուար է միակողմանի պատասխան մը տալ: Այդ մէկը հազար ու մէկ պատճառ ունի. նոյն այդ հաւաքական կերպարի մէջ ըլլալն ու ինքնաբերաբար մտնելը (մանաւանդ երրորդ կողմի, դիտորդի կամ ընկալողի մը համար)՝ հաւանաբար ընկերաբանական մեծ նիւթ է:
Ես Հալէպ մը կը ներկայացնեմ ու Հալէպ մը կայ իմ մէջս, ինչքան ալ ապրիմ Երեւան, Տուպայ կամ Լոս Անճելըս, այդ Հալէպը կամ ուրիշ քաղաքի ներկայացումը ո՛չ թէ արուեստաբանական կամ ստեղծագործական գործոյթ է, որքան զգացմունքային ու զգայնական զեղում, տեղի խորհուրդ ու մարդկային հաւաքականութեան մը կառուցուածքի ընդունում։ Այդ մէկը որքան ալ վանուի կամ ընդունուի, մաքրուի կամ աղաւաղուի, լիանայ կամ չքանայ…
Հալէպի ընկերային մշակոյթը իւրայատուկ է եւ տարբեր, իսկ լաւ ու հպարտալի կողմը այդ մէկուն, ինչպէս միշտ յիշած ենք, հայ ժողովուրդի ալ մեծ ներդրումն է անոր կազմութեան մէջ:
Քաղաքի մը կոչնակ ու պատկանեալ ըլլալու ընդհանրական հասկացողութիւն մը կայ, որ նոյն միջազգային մետիայի, ընկերաբանութեան, տեղաբանութեան ու մշակութային ընկալմամբ մարդկային դասակարգումներու արդիւնք կրնայ համարուիլ: Նիւեորքցին տարբեր է ամերիկեան միւս քաղաքաբնակներէն, ինչպէս փարիզցին՝ միւս ֆրանսաբնակներէն ու շարունակաբար աշխարհի բոլոր մեծ քաղաքներու քաղաքացիները: Կրնանք յաւակնիլ ըսելու քիչ մը զիլ ձեւով, թէ Հալէպը կ՚առանձնանայ Սուրիոյ այլ քաղաքներէն․ իր հաւաքական, մշակութային ու շատ մը մակերեսներով: Արդարեւ, հայութեան յայտնուիլն ալ այնտեղ, չըսելու համար խճճուած, չհամադրուած կամ աններդաշնակ իրավիճակ մը ցոյց կու տայ, սակայն, պարզապէս կը յառաջացնէ այն տպաւորութիւնը, որ աւելի սուրիական է կարծես Հալէպը նոյն հայութեամբ:
Մարդկային կերպարները անթիւ են ու անհամար եւ մարդու յաւերժական փնտռտուքներէն է նաեւ կերպարայինը: Մարդ ո՛ւր որ երթայ մշակոյթ տանելու-բերելու, առնելու-տալու կողքին, կ՚ուզէ կերպար ապրիլ, ներառել եւ ստեղծել: Երբ ըլլամ Նիւ Եորք, Մոնթրէալ, Տուպայ կամ ուրիշ քաղաքներ, ուր քալելով անհասցէ ու Հալէպի արմատները յիշելով՝ մէջս ինքնութեան ու տեղայնութեան մեծ հրաբուխներ կը պայթին տակաւին: Հալէպը կեանքիս մեծ մասը խլած էր, իր ամէն խարխափումներով, արեւելացումներով ու երազներով, թնդութեամբ ու բարութեամբ…
Երբ արդէն երիտասարդ ես ու կը լքես քաղաք մը, ուր ծնած ես, ի կամս ինչքան երկար կամ կարճ ապրած են հոն, ինքնաբերաբար բաղդատականներու գերազանցութիւնը ինքզինք կը մեխէ մէջդ ու դուն ինքնին կը դառնաս տեսակ մը յարաբերակցութիւնը: Իսկ յարաբերակցական ընկալումի վատն ու լաւը, դառնութիւնն ու քաղցրութիւնը տեղերու-քաղաքներու այլազանութիւններ կու տան: Հալէպը քաղաք մըն է, ուր մանկութիւն մը կայ հայկական, ուր կայ պատանեկութիւն մը, որ արեւմտականացումը թռչող կարպետեան կարգով կանչող էր ու մէկ-մէկ շրջագայեցնող, ուր հայկականութիւնը առաքելական բայց տառապեալ, պայծառ բայց տարտամ սլացք էր: Հալէպի մէջ կար այն կացութիւն, որ բոլորը բոլորին գիտեն, նոյնիսկ եթէ բնակչութիւնը չորս կամ հինգ միլիոն է, իսկ հայութիւնը միւս բոլոր փոքրամասնութիւններուն հետ մղուած էր բնականօրէն աւելի զիրար գիտնալու-զգալու մէկ առ մէկ, տեղ մը նոյնիսկ ՏՆԱ-ով, ինչ որ գերջերմութիւն մը կու տար հարցերուն, որքան ալ անհատութեան ու առանձնայատկութեան իրաւունքները ոտնակոխուած համարուէին: Եւ կարծես պէտք է ըսել, որ յատկապէս հեռուէն դիտելով՝ այդ մէկը մարդկային ապրելակերպի գողտրիկ ու տաքուկ հրայրք մը կու տայ:
Հալէպը ինքնին ներփակուածութեան ու ներփակեցնելու ձգտում մը ունի. այդ մէկը պատմական ալ կը թուի յաճախ, նաեւ եկած օտարականացումներու մտավախութիւններէն ու կոկուածութեան մը ձգտումէն, որոնք կարծես աշխարհագրութիւն չեն կերտեր, ինչքան տեղայնութիւն:
Երբ կ՚ացնէի հին ու նոր Հալէպի թաղերով՝ մէկ մէկ դէմքեր կը ծագէին իրենց անուններով, ածականներով ու կոչումներով: Ամէն մէկը ունէր գծուածութիւն մը, ինչ որ կարծես հաւաքապէս ինք յետկոչմամբ գծած էր, իսկ այդ մէկը կը սլանար հոն տեղածինօրէն ու գոհ: Այդ գերգոհութեան ջերմութիւնն է, որ կարծես տիեզերականօրէն ալ փնտռելի է:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
•շարունակելի…