ԱՄԵՆԱՓՈՔՐԻԿԸ՝ ԱՄԵՆԱՄԵԾ ՍԻՐՏՈՎ

Գրիգորն ու Արմէնը ընտանիքի մը երկու զաւակներն էին: Գրիգորը՝ եօթ տարեկան, իսկ Արմէնը՝ տասներկու: Գրիգորը միշտ կը փափաքէր մեծ եղբօր հետ ժամանակ անցընել, խաղալ անոր հետ, բայց Արմէնը յաճախ կը խուսափէր, միշտ պատճառաբանելով, թէ Գրիգորը տակաւին փոքր է: Ճիշդ է, որ երբեմն երբեմն կը խաղար իր եղբօր հետ, բայց այդքանը Գրիգորին համար բաւարար չէր, որովհետեւ ան շա՜տ անհանդարտ ու եռանդով լեցուն երեխայ մըն էր: 

Շաբաթ օր մը, յետմիջօրէին, ընտանիքով քաղաքի այգիներէն մէկուն մէջ կը զբօսնէին: Արմէնը դպրոցի քանի մը ընկերներուն հանդիպելով՝ սկսաւ անոնց հետ խաղալ: Գրիգորը ուզեց միանալ իրենց, սակայն, Արմէնը թոյլ չտուաւ, ըսելով իրեն, թէ տակաւին փոքր ես: 

Գրիգորը նեղուած մէկ կողմ քաշուեցաւ: Չուզեց երթալ եւ ծնողներուն ըսել, որոնք քիչ մը այն կողմ՝ նստարանի մը վրայ նստած կը զրուցէին: Ծառի մը տակ նստաւ ու սկսաւ իր չորս կողմը դիտել: Խոտերուն մէջէն անցնող միջատներուն, մրջիւններուն կը հետեւէր ուշադրութեամբ: Յանկարծ, թռչունի մը ճռուողիւնը լսելով անմիջապէս ծառին կը նայէր՝ տենսելու համար, թէ ո՞ր մէկ թռչունն էր ճռուողողը: 

Այդ ընթացքին, Գրիգոր նկատեց, թէ քիչ մը անդին՝ մի քանի ծառ այն կողմ, իրեն հասակակից աղջնակ մը նստած էր ու կու լար: Անմիջապէս ոտքի կանգնեցաւ եւ շտապեց դէպի այդ աղջնակը: Անոր մօտ հասնելով նստաւ անոր կողքին, բռնեց ձեռքը: 

Սկիզբը աղջնակը փորձեց ազատել իր ձեռքը, սակայն, Գրիգոր միւս ձեռքն ալ բռնեց: Աղջնակը նկատելով Գրիգորի խաղաղ դէմքն ու հանգիստ ժպիտը, ձգեց ձեռքերը անոր ձեռքերուն մէջ: 

Գրիգոր հարցուց աղջնակին.

-Ինչո՞ւ կու լաս: Քեզի՞ ալ թոյլ չեն տուած, որ խաղաս: 

Աղջնակը գլուխով ժխտական պատասխան տուաւ: 

-Անօթի՞ ես: 

Դարձեալ պատասխանը ժխտական էր: 

-Հապա ինչո՞ւ կու լաս:

Ձայն չկար դարձալ:

-Կրնա՞յ ըլլալ, որ մուկը լեզուդ կերեր է: 

Աղջնակին դէմքին թեթեւ ժպիտ մը յայտնուեցաւ եւ մեղմ ձայնով ու հեծկլտալով, ըսաւ. 

-Չէէէ: 

-Հապա ինչո՞ւ կու լաս:

-Մայրիկս կսրոնցուցի:

Գրիգոր աղջնակին ձեռքը ա՛լ աւելի ամուր բռնեց եւ հարցուց. 

-Մայրիկդ ո՞ւր է,ինչպէ՞ս կորսնցուցիր: 

-Միասին այգի եկանք: Ես վազվզելով կը խաղայի եւ յանկարծ նկատեցի, որ մայրիկս չկայ: 

Աղջնակը, որ պահ մը դադրած էր լալէ, դարձեալ սկսաւ լալ: 

-Մի՛ լար: Հանգստացիր: Հիմա մայրիկս ու հայրիկս կը կանչեմ եւ կը սկսինք փնտռել մայրիկդ: Դուն այստեղ նստած մնայ, չհեռանաս այստեղէն: 

Գրիգոր վազեց դէպի իր ծնոքին մօտ: Անոնց պատմեց եղելութիւնը: Գրիգորին ծնողքը անոր հետ միասին եկան աղջնակին մօտ, որ տակաւին կու լար: Գրիգորին մայրիկը գրկեց աղջնակը, շոյեց գլուխը եւ ըսաւ. 

-Մի՛ լար, սիրունիկ աղջնակ: Հանգստացիր: Հիմա կը գտնենք մայրիկիդ: 

-Իրա՞ւ պիտի գտնենք:

-Այո՛, պիտի գտնենք: Բայց դուն հիմա հանգստացիր եւ ըսէ, թէ այգիի ո՞ր մուտքէն մտաք այգի: 

Աղջնակը Գրիգորին մօր ձեռքը բռնած սկսաւ քայլել դէպի այյգիին երրորդ մուտքը: 

Այգիին այդ հատուածին մէջ չգտան աղջնակին մայրը: Գրիգորին հայրիկը առաջարկեց երթալ այգիի գլխաւոր մուտք կամ պահակակէտ: Այդպէս ալ ըրին, նախ գացին պահակակէտ, եղելութիւնը յայտնելէ ետք, պահակակէտին աշխատակիցները անմիջապէս կապուեցան այգիի մուտքերու պահակներուն, ինչպէս նաեւ գլխաւոր մուտքի պահակներուն հետ: Այն պահակը, որ հեռախօսով կը խօսէր միւսներուն հետ, երրորդ տեղը զանգած ժամանակ սկսաւ ժպտալ: Հեռախօսը դնելով մօտեցաւ Գրիգորենց եւ յայտնեց, թէ գլխաւոր մուտքին մօտ կին մը տեղեցկացուցած է, թէ իր աղջնակը կորսնցուցած է: 

Գրիգորը աղջնակին ձեռքը բռնելով նայեցաւ անոր ու ըսաւ. 

-Չըսի՞ քեզի, որ պիտի գտնենք մայրիկդ: Շտապենք դէպի գլխաւոր մուտք: 

Բոլորը միասին ընթացան դէպի այգիի գլխաւոր մուտք: 

Աղջկան մայրիկը, որ իմացած էր, թէ իր աղջնակը գտնուած էր, առանց սպասելու սկսած էր վազել դէպի այն պահակակէտը, ուրկէ բարի լուրը ստացած էր: Ան Շուշանի՜կ, Շուշանի՜կ պոռալով կը շտապէր դէպի այն մարդոց խումբը, որ դէպի գլխաւոր մուտք կը յառաջանային: Շուշանը տեսնելով իր մայրիկը ու լսելով անոր ձայնը՝ Գրիգորին ձեռքը ձգելով վազեց դէպի իր մայրիկը: Մայր ու աղջիկ գիրկընդխառնուեցան: Երկուքն ալ կու լային, բայց այս անգամ զիրար գտնելու ուրախութենէն դրդրուած: 

Շուշանիկն ու իր մայրիկը շնորհակալութիւն յայտնելով Գրիգորին եւ անոր ծնողքին ու հեռացան։ 

Արմէն, որ վերջին պահուն հասած էր եւ չէր հասկցած եղելութիւնը, Գրիգորին դառնալով յանդիմանական շեշտով, ըսաւ անոր. 

-Քանի անգամ պիտի ըսենք քեզի, որ հանրային վայրերու մէջ խելօք մնաս… 

-Արմէ՛ն, Գրիգորը ո՛չինչ ըրած է: Արմէնի հայրն էր: 

Տունդարձի ճամբուն վրայ Գրիգորին մայրիկը եղելութիւնը պատմեց Արմէնին: Գրիգոր, ամբողջ ճամբու ընթացքին լուռ էր: Արմէնը լսելէ ետք եղելութիւնը կարմրեցաւ, բայց իր մեծամտութիւնը թոյլ չտուաւ իրեն ոչինչ ըսել: Գրիգորը նոյն լռութեամբ եւ հանդարտութեամբ պատուհանէն դուրս կը նայէր, ներքնապէս ուրախ, որ յաջողած էր օտար աղջնակի մը օգնել: 

Իրիկունը, Գրիգորը իր հօր ու մօր հետ կը զրուցէր օրուայ եղելութեան մասին: Հայրն ու մայրը կը հարցնէին անոր, թէ ի՞նչ բանը մղած էր զինք, որ նախ իրենց դիմէր: Այս խօսակցութեան ընթացքին, Արմէնը հանդարտ քայլերով մօտեցաւ իրենց: 

-Գրիգոր, աղբարիկ: Արմէնն է: 

-Ըսէ՛ Արմէն, ի՞նչ կայ: 

-Մասնաւոր բան չէ, Գրիգոր: Պարզապէս կ՚ուզեմ նախ ներողութիւն խնդրել քեզմէ, յետոյ խոստովանիլ, թէ լսելէ ետք այսօրուան կատարած արարքիդ մասին, ներքնապէս այնքան ուրախ եմ, որ իմ փոքրիկ աղբարիկս այսքան քաջ է: 

-Այսինքն ասկէ ետք պիտի խաղա՞ս ինծի հետ: Երբ ընկերներով ըլլաք պիտի արտօնէ՞ք, որ ձեզի հետ խաղամ…

Բոլորն ալ խնդացին:

Գրիգորին ու Արմէնին հայրիկը գրկեց զանոնք եւ բացատրեց.

-Շատ յաճախ կը կարծենք, թէ մեզմէ փոքրերը դեռ անկարող են մեծերու պէս մտածելու կամ գործելու։ Բայց մարդուն մեծութիւնը տարիքով կամ հասակով չի՛ չափուիր, այլ՝ իր սիրտով ու արարքներով։ Այսօր, Գրիգորը ապացուցեց, որ նոյնիսկ ամենափոքրիկը կրնայ մեծ սիրտ ունենալ եւ ուրիշին համար մեծ բարիք մը գործել։

Արմէնը նայեցաւ փոքր եղբօր աչքերուն եւ այս անգամ անկեղծ ժպիտով մը ըսաւ.

-Դուն իրապէս ամենափոքրիկն ես, բայց այսօր ամենամեծ սիրտը դուն ունեցար։

Գրիգոր ուրախութեամբ փաթթուեցաւ եղբօր վիզին։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2026