61 ՏԵՂԻ ՀԱՄԱՐ ՀԱՇՈՒԱՐԿՆԵՐ
Իսրայէլի ընտրութիւնները (27 հոկտեմբեր) անգամ մը եւս բացայայտեցին երկրի քաղաքական համակարգին մէջ առկայ փակուղին։ Վարչապետ Պենիամին Նեթանյահուի ճամբարը պահպանեց իր դիրքերը, սակայն, անհրաժեշտ մեծամասնութիւնը ապահովելու անկարողութիւնը եւ արաբական ցանկերուն արձանագրած յաջողութիւնը նոր իրավիճակ մը ստեղծեցին։ Այժմ հարցը միայն այն չէ, թէ ո՛վ պիտի կազմէ յաջորդ կառավարութիւնը, այլեւ՝ թէ քաղաքական ուժերը որքանո՞վ պատրաստ են ընդունելու արաբ քաղաքացիներուն վճռորոշ դերակատարութիւնը։
Իսրայէլի ընտրութիւններուն նախնական արդիւնքները վճռական պատասխան չտուին։ Նեթանյահուի գլխաւորած ճամբարը պահպանեց իր դիրքերը, ընդդիմադիր ուժերը չկրցան ապահովել անհրաժեշտ մեծամասնութիւնը, իսկ արաբական ցանկերը դարձան խորհրդարանական նոր հաւասարակշռութեան առանցքային գործօնը։
Նախնական հաշուարկներով՝ Նեթանյահուի ճամբարը ապահոված է 53 աթոռ, Փոփոխութեան ճամբարը՝ 48, իսկ արաբական ցանկերը՝ 19։ Այս թիւերը թէեւ վերջնական հաստատման ենթակայ են, սակայն, կը նշանակեն, որ կողմերէն ո՛չ մէկը առանձին կրնայ ապահովել կառավարութիւն կազմելու համար անհրաժեշտ 61 աթոռները։
Յամենայնդէպս, այս ընտրութիւններուն նշանակութիւնը միայն խորհրդարանական թիւերուն մէջ չէ։ Անոնք կը բարձրացնեն նաեւ աւելի խոր հարցումներ՝ Իսրայէլի քաղաքական առաջնահերթութիւններուն, արաբ քաղաքացիներուն մասնակցութեան եւ իշխանութեան շուրջ ձեւաւոր-ւող համաձայնութիւններուն մասին։
Նեթանյահուի քաղաքական դիմադրողականութիւնը, անշուշտ, անկարելի է անտեսել։ Իր դէմ ուղղուած քննադատութիւնները վերջին տարիներուն բազմապատկուած են։ Անոր կառավարութիւնը ծանր քննադատութեան ենթարկուած է 2023 թուականի հոկտեմբերի 7-ի յարձակումները կանխելու անկարողութեան համար։ Երկիրը ապրած է անվտանգային խոր ճգնաժամ մը, ներքին քաղաքական բախումներ եւ դատական համակարգի փոփոխութիւններուն շուրջ սուր տարակարծութիւններ։ Բանակին մէջ ուղղափառ հրեաներու զօրակոչի հարցն ալ դարձած է կառավարութեան ներքին հակասութիւններուն գլխաւոր պատճառներէն մէկը։
Հակառակ այս բոլորին՝ Նեթանյահու չկորսնցուց իր քաղաքական յենարանը։ «Լիքուտ»ի 26 աթոռ ապահովելը եւ իր ճամբարին՝ ընդդիմադիր ուժերէն աւելի մեծ թիւ մը արձանագրելը կը փաստեն, որ ան տակաւին կը վայելէ ընտրազանգուածի զգալի հատուածի մը աջակցութիւնը։
Ինչպէ՞ս բացատրել այս երեւոյթը։ Ինչպէ՞ս քաղաքական գործիչ մը, որուն անունը կապուած է այսքան ծանր ձախողումներու եւ հակասութիւններու հետ, կը շարունակէ մնալ քաղաքական մրցապայքարի կեդրոնը։
Պատասխանը միայն Նեթանյահուի ընտրական մեքենային կամ քաղաքական մարտավարութեան մէջ չէ։ Ան ունի աջակողմեան հաստատուն ընտրազանգուած մը, որուն համար ազգային ինքնութիւնը, անվտանգային հարցերը եւ պաղեստինցիներուն դէմ կեցուածքը յաճախ աւելի առաջնահերթ են՝ քան կառավարութեան գործունէութեան այլ ոլորտներու մէջ արձանագրուած ձախողումները։
Այս ընտրողներուն մէկ մասը Նեթանյահուն կը նկատէ իր գաղափարական համոզումներուն ներկայացուցիչը։ Անոնց համար անոր հեռացումը իշխանութենէն ինքնին լուծում մը չէ, եթէ ընդդիմութիւնը չկարենայ առաջարկել համոզիչ եւ վստահելի այլընտրանք մը։
Այստեղ է, որ կը հասկցուի Նեթանյահուի քաղաքական դիմադրողականութիւնը։ Առաջնորդի մը ձախողումները ինքնաբերաբար չեն վերածուիր ընտրական պարտութեան, երբ անոր հակառակորդները չեն յաջողիր հանրութեան համապատասխան հատուածներուն վստահութիւնը շահիլ։ Սակայն, արդիւնքը պէտք չէ մեկնաբանել՝ իբրեւ անվերապահ յաղթանակ։ Իշխող «Լիքուտ» կուսակցութիւնը 2022 թուականի 32 աթոռներէն իջած է 26-ի, իսկ Նեթանյահուի ճամբարը կը մնայ անհրաժեշտ մեծամասնութենէն հեռու։ Ան տակաւին չէ պարտուած, բայց, նաեւ չէ ապահոված իշխանութիւնը պահելու համար անհրաժեշտ քաղաքական պայմանները։
Արաբական ցանկերը նոր կշիռի մը տէր դարձած են. բան մը, որուն հետ անպայման պէտք է առերեսուիլ։ Իսրայէլի ընտրութիւններուն ամենէն ուշագրաւ երեւոյթներէն մէկը արաբական ցանկերուն արձանագրած յաջողութիւնն է։ Նախնական արդիւնքներով՝ անոնք ապահոված են 19 աթոռ՝ դառնալով իշխանութեան կազմութեան շուրջ ընթացող հաշուարկներու կարեւորագոյն գործօններէն մէկը։
Նախնական գնահատումներով՝ արաբական հասարակութեան մասնակցութիւնը հասած է շուրջ 80 տոկոսի՝ մինչ երկրի ընդհանուր մասնակցութիւնը նշուած է 77.7 տոկոս։ Եթէ վերջնական արդիւնքները հաստատեն այս թիւերը, ապա սա պիտի նշանակէ, որ արաբ քաղաքացիներուն մասնակցութիւնը գերազանցած է ընդհանուր միջինը։
Այս պատկերը պէտք է դիտարկել լոյսին տակ այն պայմաններուն, որոնց մէջ կ՚ապրին պաղեստինեան ծագումով Իսրայէլի քաղաքացիները։ Վերջին տարիներուն անոնք դիմագրաւած են յանցագործութեան եւ բռնութեան սրացում, քաղաքական խտրականութեան վերաբերեալ մտահոգութիւններ եւ իրենց ինքնութեան շուրջ աճող լարուածութիւն։
2023 թուականի հոկտեմբերի 7-էն ետք, այս լարուածութիւնը աւելի խորացած է։ Պաղեստինցիներուն նկատմամբ համերաշխութեան արտայայտութիւնները եւ քաղաքական դիրքորոշումները յաճախ բախած են սահմանափակումներու եւ ճնշումներու։ Այս մթնոլորտին մէջ արաբական հասարակութեան ընտրական մասնակցութիւնը միայն կուսակցութիւններու քարոզարշաւին արդիւնքը չէ։ Ան նաեւ քաղաքական ներկայութիւնը հաստատելու եւ մեկուսացման փորձերուն հակադրուելու միջոց մըն է։ Երբ հասարակութեան մը քաղաքական ձայնը սահմանափակելու միտումներ կը յառաջանան, ապա ընտրական մասնակցութիւնը կրնայ վերածուիլ քաղաքացիական իրաւունքներու վերահաստատման։
Այնուամենայնիւ, մասնակցութեան աճը պէտք չէ ինքնաբերաբար համընդհանուր քաղաքական համախմբումի մը նշանը նկատել։ Ընտրական յաջողութիւնը չի վերացներ արաբական քաղաքական ուժերուն միջեւ առկայ տարբերութիւնները եւ չ՚երաշխաւորեր, որ անոնք պիտի կարենան իրենց թուային կշիռը վերածել իրական ազդեցութեան։ 19 աթոռը, սակայն, նոր իրավիճակ կը ստեղծէ։ Երբ Նեթանյահուի ճամբարը ունի 53 աթոռ, իսկ Փոփոխութեան ճամբարը (բանակի սպայակոյտի նախկին պետ՝ Կատի Այզենքոթի առաջնորդութեամբ)՝ 48 աթոռ, արաբական ցանկերուն աջակցութիւնը կրնայ վճռորոշ դառնալ կառավարութեան կազմութեան կամ անոր գոյատեւման հարցին մէջ։
Հետեւաբար, Իսրայէլի քաղաքական համակարգին առջեւ նոր հարցում մը կը դրուի. կարելի՞ է արաբ քաղաքացիներուն ձայները հաշուարկել ընտրութիւններու ընթացքին, բայց, անտեսել զանոնք, երբ խօսքը իշխանութեան բաժնեկցութեան եւ որոշումներու կայացման կը վերաբերի։
Փոփոխութեան ճամբարն ալ քաղաքական հակասութիւններու առջեւ է։ Նեթանյահուի հակառակորդները ընտրապայքարի ընթացքին իրենց գլխաւոր նպատակը դարձուցած էին անոր իշխանութեան վերջ տալը։ Սակայն, այժմ անոնք կը կանգնին աւելի բարդ հարցի մը առջեւ. պատրա՞ստ են գործակցելու արաբական ցանկերուն հետ, նոյնիսկ եթէ այդ գործակցութիւնը սահմանափակուի փոքրամասնութեան կառավարութեան մը արտաքին աջակցութեամբ։
Իսրայէլի Քնեսեթի անդամ արաբ պատգամաւոր Ահմէտ Թիպի յայտնած է նման կառավարութեան մը աջակցելու կարելիութեան մասին։ Բայց, քաղաքական յայտարարութենէն մինչեւ իրական համաձայնութիւն երկարող ճամբայ մը կայ։
Նաֆթալի Պենեթի, Աւիկտոր Լիպերմանի եւ Կատի Այզենքոթի նման գործիչներուն համար արաբական կուսակցութիւններու աջակցութեամբ կառավարութիւն կազմելը կրնայ նշանակել տարիներ շարունակ պահպանուած դիրքորոշումներու վերանայում։ Անոնք պէտք է որոշեն՝ արդեօք Նեթանյահուն իշխանութենէն հեռացնելու նպատակը բաւարար հիմք կը ներկայացնէ արաբական կուսակցութիւններուն խորհրդարանական աջակցութիւնը ընդունելու համար։
Այստեղ կարեւոր է տարբերել արաբական կուսակցութիւններուն կառավարութեան անդամակցութիւնը եւ կառավարութեան արտաքին աջակցութիւն տալը։ Փոքրամասնութեան կառավարութիւն մը կրնայ խորհրդարանին մէջ անհրաժեշտ ձայները ստանալ՝ առանց արաբական կուսակցութիւնները գործադիր իշխանութեան մաս դարձնելու։
Այս տարբերութիւնը կրնայ քաղաքական ելքի մը դուռ բանալ, բայց, չի վերացներ հիմնական հակասութիւնը։ Փոփոխութեան ճամբարը պէտք է իր ընտրազանգուածին բացատրէ, թէ ինչո՞ւ իշխանափոխութեան համար անհրաժեշտ կը նկատէ արաբական ձայներուն ապաւինիլ։ Միւս կողմէ, արաբական կուսակցութիւններն ալ պէտք է որոշեն, թէ ի՛նչ պայմաններով պատրաստ են աջակցելու կառավարութեան մը, որուն քաղաքական ուղղութիւնը կրնայ չհամապատասխանել իրենց ընտրողներու ակնկալիքներուն։
Ուրեմն, արաբական 19 աթոռները Փոփոխութեան ճամբարին համար հնարաւորութիւն են, բայց, ոչ-պատրաստի կառավարութիւն։ Թիւերը դուռը կը բանան, սակայն, այդ դռնէն ներս անցնելու համար անհրաժեշտ են քաղաքական կամք, վստահութիւն եւ յստակ պայմանաւորուածութիւն։
Ուրեմն, ո՞վ պիտի ղեկավարէ Իսրայէլը։ Նախնական արդիւնքները չեն երաշխաւորեր ո՛չ Նեթանյահուի իշխանութեան շարունակութիւնը, ո՛չ ալ ընդդիմութեան կողմէ այլընտրանքային կառավարութեան մը կազմութիւնը։ Հնարաւոր են փոքրամասնութեան կառավարութիւն, ազգային միասնութեան կառավարութեան շուրջ բանակցութիւններ կամ նոր ընտրութիւններ։ Սակայն, արդիւնքներուն մէկ հետեւանքը արդէն տեսանելի է. այլեւս կարելի չէ իշխանութեան հարցը լուծել միայն հրեայ քաղաքական ուժերուն միջեւ համաձայնութիւններ փնտռելով՝ առանց նկատի առնելու արաբական ներկայացուցչութեան կշիռը։
Արաբ պատգամաւորներուն թիւի աճը կրնայ ընդլայնել նաեւ անոնց ազդեցութիւնը Քնեսեթի յանձնաժողովներուն եւ օրինաստեղծ աշխատանքին մէջ։ Անոնց դերակատարութիւնը պարտադիր չէ սահմանափակուի միայն կառավարութեան կազմութեան շուրջ բանակցութիւններով։ Անոնք կրնան ազդել խորհրդարանական վերահսկողութեան եւ օրէնսդրական գործընթացներուն վրայ։ Բայց, հնարաւորութիւնը պէտք չէ շփոթել իրականութեան հետ։ Աթոռներու բազմացումը ինքնաբերաբար չի նշանակեր քաղաքական հաւասարութիւն եւ չ՚երաշխաւորեր, որ արաբ քաղաքացիները գործադիր իշխանութեան մէջ է ունենան համարժէք ազդեցութիւն։
Միւս հաւանականութիւնը Պենեթի եւ Այզենքոթի մասնակցութեամբ ազգային միասնութեան կառավարութեան մը կազմութիւնն է՝ Նեթանյահուի հետ։ Այս պարագային ընդդիմութեան կառուցուածքը եւ արաբ պատգամաւորներուն դերակատարութիւնը կրնան փոխուիլ։ Սակայն, այսպիսի տարբերակներ տակաւին ենթադրական են եւ կախեալ՝ վերջնական արդիւնքներէն ու քաղաքական բանակցութիւններէն։
Նեթանյահուի չաւարտած յաղթանակը եւ արաբական ձայնին վճռորոշ դերը դարձած են առանցքային գործօններ։ Նեթանյահու թէեւ չէ պարտուած, բայց, յստակ յաղթանակ մը չէ տարած, որպէսզի կարենայ վստահութեամբ շարունակել իր իշխանութիւնը։ Ան պահպանած է իր քաղաքական կորիզը, սակայն, անհրաժեշտ մեծամասնութիւնը ապահովելու համար կը կարօտի նոր համաձայնութիւններու։
Արաբական ցանկերն ալ արձանագրած են կարեւոր յաջողութիւն մը, որուն իրական արժէքը պիտի որոշուի յառաջիկայ քաղաքական զարգացումներով։ Եթէ անոնք կարենան իրենց խորհրդարանական կշիռը վերածել քաղաքական եւ հաստատութենական ազդեցութեան, ապա ընտրական արդիւնքը պիտի ունենայ աւելի խոր նշանակութիւն՝ քան աթոռներու պարզ աճը։
Հիմնական հարցը կը մնայ նոյնը. Իսրայէլի քաղաքական ուժերը պատրա՞ստ են ընդունելու, որ արաբ քաղաքացիներուն ձայները միայն ընտրութիւններուն օրը պէտք չեն, այլ կրնան վճռորոշ ըլլալ նաեւ իշխանութեան ձեւաւորման եւ երկրի ապագային վերաբերեալ որոշումներուն մէջ։
Պատասխանը պիտի տրուի ո՛չ թէ քարոզարշաւի յայտարարութիւններով, այլ քաղաքական որոշումներով, որոնք պիտի բացայայտեն, թէ արաբական ներկայացուցչութեան յաջողութիւնը պիտի վերածուի՞ իրական ազդեցութեան, թէ դարձեալ պիտի մնայ խորհրդարանական թիւերու սահմաններուն մէջ։
Այս ընտրութիւնները, ի վերջոյ, կը բացայայտեն, որ Նեթանյահուի դէմ պայքարը միայն անձի մը իշխանութեան դէմ պայքար չէ։ Ան նաեւ փորձաքար մըն է Իսրայէլի քաղաքական համակարգին համար՝ պարզելու, թէ որքանո՞վ ան պատրաստ է ընդունելու իր իսկ քաղաքացիներուն քաղաքական ձայնը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան