ԱՆՎԵՐՋ ՃԳՆԱԺԱՄԻ ՄԷՋ
Իրաքի ընդհանուր վիճակը այդքան ալ մխիթարական չէ՝ մինչ քաղաքական լարուածութիւնը կը մնայ առկայ։ Երկիր մը, որ կը համարուի նաւթարդիւնաբերութեան ակումբի հիմնական խաղացողներէն մին, կը շարունակէ դիմագրաւել տնտեսական, քաղաքական, նաեւ ապահովական լուրջ մարտահրաւէրներ։
Եթէ արեւմտեան աշխարհին համար Սատտամ Հիւսէյին կը համարուէր երրորդ աշխարհի ամենէն վտանգաւոր բռնակալներէն մին, ապա յստակ է արդէն, որ անոր վարչակարգի տապալումէն (2003թ.), ձերբակալումէն, դատավարութենէն եւ մահապատիժի ենթարկուելէն ետք ալ Իրաքը չունեցաւ հանգիստ օր։ Տարբեր պայմաններու եւ իրավիճակներու բերումով իրաքցի ժողովուրդը ապրեցաւ դառնաղէտ ժամանակներ։
Նախ՝ յետսատտամեան խառն ժամանակները, ապա ներքին պայքարը՝ ամերիկեան ուժերու ներկայութեան դէմ, որուն յաջորդեց ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութիւն) ծննդոցի օրերը Իրաքի հողերուն վրայ ու այդ ծնունդէն սկիզբ առած ներքին ճակատումները, ապա ԻՇԻՊ-ի արտածումը դէպի շրջակայ երկիրներ՝ մանաւանդ Սուրիա։
Խորքին մէջ ծանր, մահաբեր եւ վտանգաւոր ալիքի մը վրայ էր, որ ԻՇԻՊ-ը փորձեց իր տեղը գտնել արաբական աշխարհին մէջ, տարածելով մահ ու աւեր, իսկ ամենակարեւորը՝ ստեղծելով ու կերտելով անհեռանկար եւ աղօտ ապագայի մը համապատկերը։
Այս բոլորը հարկ է հաշուի առնել, հասկնալու համար, թէ ինչպիսի գետին մը պատրաստուեցաւ վիրաւոր Իրաքի մէջ, երբ անոր մենատէրը տապալեցաւ, որուն հետեւանքով ալ աճեցաւ ու զարգացաւ արմատական մահմետականներու համակարգը։
Այս բարդ համայնապատկերին վրայ նկատառելի է, անշուշտ, որ ամերիկացիք, որոնց համար Իրաքի մէջ ժողովըր-դավարութիւնը գերնպատակ մըն էր, գործեցին ահռելի սխալներ։ Այդ սխալներէն անդին յաջողեցան արար աշխարհին ցոյց տալ իրենց կայսերապաշտութեան սեւ երեսակը. բան մը, որուն հետեւանքով ալ Իրաք կը շարունակէ ապրիլ ու տառապիլ մեծ ու փոքր խնդիրներով, մեծ ու փոքր կորուստներով եւ ի վերջոյ մեծ ու փոքր անորոշութիւններով։
Հիմա ի՞նչ կը կատարուի Իրաքի մէջ՝ կաշառակերութեան դէմ արշա՞ւ, թէ նոր փոթորիկ։ Իրաքի մէջ սկսած կաշառակերութեան դէմ լայնածաւալ արշաւը առաջին հայեացքով կը թուի ըլլալ նոր էջի մը սկիզբը։ Արդարեւ, վերջերս երկրի նորընտիր վարչապետ Ալի ալ-Զայիտիի հրահանգով ձերբակալուեցան տասնեակ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, երեսփոխաններ, զինուորական շրջանակներու ներկայացուցիչներ եւ քաղաքական դէմքեր, որոնց անունները կապուած են պետական միջոցներու չարաշահման, պաշտօնական դիրքի շահագործման եւ յատկապէս նաւթային ոլորտի կասկածելի գործարքներու հետ։
Պաղտատի կառավարական «Կանաչ գօտի»ն, որ կը համարուի Իրաքի իշխանութեան եւ պետական զգայուն կառոյցներու կեդրոնը, վերջերս փակուեցաւ յատուկ ուժերու կողմէ։ Իրաքի աղբիւրներու համաձայն, հակաահաբեկչական ծառայութեան ուժերը՝ հրասայլերով եւ զինուորական մեքենաներով տեղակայուած են գօտիի մուտքերուն եւ պետական շէնքերու շրջակայքին՝ սահմանափակելով պաշտօնեաներու եւ քաղաքացիներու տեղաշարժը։ Ըստ հաղորդումներու՝ լարուածութիւն եւ սահմանափակ բախումներ տեղի ունեցան՝ հակաահաբեկչական ծառայութեան ուժերու եւ կառավարական պալատի չորրորդ գումարտակի միջեւ։ Այս տեղեկութիւնները տակաւին պաշտօնապէս չեն հաստատուած, սակայն, յստակ է, որ Պաղտատի դէպքերը հատած են սովորական ապահովական գործողութեան սահմանները։ Գործողութեան գլխաւոր թիրախը, ըստ Իրաքի եւ միջազգային աղբիւրներու, երկրի նաւթային ոլորտը ղեկավարող վերնախաւն է։ Իրաքը աշխարհի նաւթով հարուստ երկիրներէն մին է, իսկ նաւթարդիւնաբերութիւնը երկրի եկամուտի հիմնական աղբիւրը։
Սատտամ Հիւսէյինի վարչակարգի անկումէն ետք այս ոլորտը՝ մանաւանդ դարձած է կաշառակերութեան մեծ ցանցերու, կուսակցական ազդեցութեան եւ պետական միջոցներու փոշիացման գլխաւոր դաշտերէն մին։ Իսկ վերջին քննութիւնները կը վերաբերին՝ միլիառաւոր տոլարներու հասնող կասկածելի գործարքներու եւ պետական գումարներու չարաշահման։ Ձերբակալուածներու շարքին կը նշուին պաշտօնատարներ, պատգամաւորներու հետ կապուած անձեր, ապահովական ծառայողներ եւ ազդեցիկ քաղաքական դէմքեր։ Կը խօսուի նաեւ նաւթային ոլորտի բարձրաստիճան պատասխանատուներու ներգրաւուածութեան մասին։
Սակայն, Իրաքի հարցը միայն քանի մը կաշառակեր պաշտօնեայի ձերբակալութիւնը չէ։ Խնդիրը աւելի խոր է։
2003-էն ի վեր Իրաքի մէջ ձեւաւոր-ւած քաղաքական համակարգը հիմնուած է համայնքային եւ կուսակցական բաժնեկցութեան վրայ։ Այդ համակարգին մէջ նախարարութիւնները յաճախ դիտուած են իբրեւ այս կամ այն կուսակցութեան, խմբաւորման կամ ազդեցիկ ուժի բաժին։ Այսինքն՝ պետական կառոյցները շատ անգամ ծառայած են ո՛չ թէ հանրային շահին, այլ ազդեցութիւն, դրամ եւ հովանաւորութիւն ապահովելու նպատակին։ Իբր այդ, ներկայ ձերբակալութիւնները կարեւոր են, սակայն, բաւարար չեն։ Անոնք կրնան ցոյց տալ, որ Ալի ալ-Զայիտի կը փորձէ ուժեղ ղեկավարի կերպար ներկայանալ, վստահութիւն ներշնչել թէ՛ իրաքցիներուն, թէ՛ արտաքին գործընկերներուն, յատկապէս Ուաշինկթընին։ Սակայն, եթէ պայքարը չհասնի համակարգի արմատներուն, նոյն մեքենան վաղը կրնայ նոր անուններով շարունակել իր հին գործելակերպը։
Ուշագրաւ է նաեւ սոյն գործողութիւններու ժամանակաւորումը։ Վերջին ամիսներուն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները Իրաքի եւ Սուրիոյ նկատմամբ իր մօտեցումին մէջ շեշտ կը դնէ կայունութեան, պետական ինքնիշխանութեան, ներքին անվտանգութեան եւ տարածաշրջանային բնականոնացման վրայ։ Թէեւ Պաղտատի գործողութիւնը ներքին բնոյթ ունի եւ իրականացուած է Իրաքի հակաահաբեկչական ծառայութեան կողմէ, սակայն, բազմաթիւ շրջանակներ կը կարծեն, թէ այսպիսի լայնածաւալ քայլ մը դժուար պիտի ըլլար իրականացնել առանց ամերիկեան հովանիի, համաձայնութեան կամ առնուազն քաղաքական կանաչ լոյսի։
Այս ենթադրութիւնները պաշտօնապէս հաստատուած չեն, սակայն, Պաղտատի մէջ կը զգացուի քաղաքական լուրջ լարուածութիւն։ Ըստ մեկնաբաններու, նոյնիսկ կը խօսուի «յեղաշրջման հոտով» զարգացումներու՝ նկատի ունենալով «Կանաչ գօտի»ի փակումը, յատուկ ուժերու տեղակայումը եւ իշխանական շրջանակներներէ ներս յառաջացած խուճապը։ Կարգ մը քաղաքական գործիչներ փորձած են երկրէն հեռանալ կամ հեռու մնալ ձերբակալութիւններու ալիքէն։
Իրաքի մէջ կաշառակերութիւնը կապուած է նաեւ զինեալ խմբաւորումներու, կուսակցական ցանցերու եւ արտաքին ազդեցութիւններու։ Իրանի հետ սերտ կապ ունեցող որոշ զինեալ ուժեր տարիներ շարունակ խոր ներկայութիւն ունեցած են ո՛չ միայն ապահովական դաշտին, այլ նաեւ տնտեսութեան, պետական պայմանագիրներու եւ նախարարութիւններու մէջ։ Ահա, թէ ինչո՛ւ հակակաշառակերական պայքարը Իրաքի մէջ միայն գանձատրական խնդիր մը չէ։ Այդ մէկը պետութեան իշխանութեան, ինքնիշխանութեան եւ զէնքի մենաշնորհին առընչուած հարց մըն է։
Վարչապետ Ալի ալ-Զայիտիի համար գլխաւոր փորձութիւնը հիմա այն է, թէ պիտի համարձակի՞ պայքարը շարունակել մինչեւ վերջ, թէ այս արշաւը պիտի մնայ միայն ուժի ցուցադրութեան սահմաններէն ներս։ Իրաքի մէջ կարելի չէ իրական փոփոխութիւն կատարել՝ առանց դպչելու այն ուժերուն, որոնք տարիներ շարունակ օգտուած են պետական համակարգէն եւ երբեմն ալ ունեցած են վճռորոշ դեր՝ վարչապետներու իշխանութեան գալուն կապակցութեամբ։
Կայ նաեւ ուրիշ մտահոգութիւն մը։ Եթէ ձերբակալութիւնները ընկալուին իբրեւ ընտրովի արդարադատութիւն կամ քաղաքական մրցակիցներու դէմ ուղղուած հաշուեյարդար, ապա այսօրուան հակակաշառակերական արշաւը վաղը կրնայ վերածուիլ ներքաղաքական նոր ճգնաժամի։ Իրաքի անցեալ փորձը ցոյց տուած է, որ կաշառակերութեան դէմ պայքարը՝ երբ կ՚իրականացուի միայն մէկ կողմի դէմ, կրնայ խորացնել համայնքային եւ քաղաքական բաժանումները։
Այնուամենայնիւ, այս փուլը կարելի չէ անտեսել։ Սատտամ Հիւսէյինի անկումէն ետք Իրաքի մէջ նման ծաւալի գործողութիւն հազուադէպ է։ Անիկա կրնայ սկիզբ դնել իրական մաքրագործումի մը, եթէ շարունակուի օրէնքի, դատական անկախութեան եւ պետական թափանցիկութեան հիման վրայ։ Բայց եւ այնպէս, կրնայ նաեւ մնալ քաղաքական բեմադրութիւն մը, եթէ սահմանափակուի քանի մը աղմկոտ ձերբակալութիւններով։
Այլ խօսքով՝ Իրաքի մէջ տեղի կ՚ունենայ սկիզբ մը, ո՛չ թէ լուծում։ Ձերբակալութիւնները կրնան աղմուկ բարձրացնել, բայց, Իրաքի իրական վերականգնումը կը պահանջէ աւելին՝ անկախ դատական համակարգ, պետական հաշուետուութիւն, դրամական հոսքերու խիստ վերահսկում, նաւթային եկամուտներու թափանցիկ կառավարում եւ պետութեան ամբողջական իշխանութիւն՝ իր հողին, իր դրամին եւ իր զէնքին վրայ։
Այսօրուան հիմնական հարցը հետեւեալն է. Ալի ալ-Զայիտիի իշխանութիւնը պիտի կարենա՞յ կոտրել այն համակարգը, որ զինք իշխանութեան հասցուց, թէ համակարգը դարձեալ պիտի կլանէ այս նոր փորձը եւ շարունակէ իր հին ընթացքը։ Երկրի ժողովուրդը արդէն շատ անգամներ լսած է բարեփոխումի խոստումներ։ Այս անգամ փորձաքարը պարզ է. ձերբակալութիւններէն անդին պետութիւնը պիտի փոխուի՞, թէ ոչ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան